Խոնաւ Ցամաքային Կլիմայ

Խոնաւ ցամաքային կլիմայ (արտայայտելու համար կ'օգտագործուին լատինական մեծատառ D տառը եւ փոքրատառ a կամ b տառերը), կլիմայի տեսակ Կիոպենի դասակարգման մէջ, որ աչքի կ'իյնայ օդի ջերմաստիճանի եղանակային մեծ տատանումներով, տաք ամառներով եւ ցուրտ ձմերներով[1]: Խոնաւ ցամաքային կլիմայ ունեցող տարածաշրջաններուն ամէնացուրտ ամսուան միջին ջերմաստիճանը կը կազմէ -3 ˚C, եւ առնուազն 4 ամիսներու ընթացքին օդի միջին ամսական ջերմաստիճանը կը հասնի 10˚C-էն բարձր։

Տեղումները համեմատաբար հաւասարաչափ տեղաբաշխուած են: Տեղումներու հիմնական մասը կ'ըլլայ ամռան, յաճախ ամպրոպային յորդառատ անձրեւներու ժամանակ: Ձմռան անձրեւները եւ ձիւնը հիմնական կապուած են փոթորիկներու հետ: Չնայած անոր, որ կլիման կը կոչուի «խոնաւ», իրականութեան մէջ խոնաւութեան մակարդակը այնքան ալ բարձր չէ, սակայն բաւարար է, որպէսզի այդ տարածաշրջանները չդասակարգուին որպէս «կիսաչորային» կամ «չորային»:

Խոնաւ ցամաքային կլիման բնորոշ է այն շրջաններուն, որոնք որպէս կանոն կը գտնուին հիւսիսային լայնութեան 60˚-էն հիւսիսէն, Ասիայի, Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի կեդրոնական եւ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն, եւ բնորոշ չէ Հարաւային կիսագնդին ովկիանոսներու մեծ մակերեսի պատճառով, որոնք կը մեղմացնեն կլիմայի ցամաքայնութիւնը:

Խոնաւ ցամաքային կլիմայի տեսակները Խմբագրել

 

Խոնաւ ցամաքային կլիման դասակարգումը կախուած է ամրան ամենաշոգ ամսուայ միջին ջերմաստիճանէն եւ տեղումներու քանակէն:

a - ամենատաք ամսուայ միջին ջերմաստիճանը կը գերազանցէ 22 ˚C-ը (շոգ ամառ), Dsa – չոր եղանակ ամռան (ամէնաչոր ամռան ամսուն անձրեւ կը տեղայ առաւելագոյնը 30 մմ եւ չի գերազանցեր ձմռան ամէնախոնաւ ամսուայ տեղումներու քանակի 1/3-րդը), Dwa – չոր եղանակ ձմռան (ամէնաչոր ձմռան եղանակին կը տեղան ամռան ամենախոնաւ ամսուայ անձրեւի քանակին 1/10-րդը), Dfa – յստակ դասակարգման ենթակայ չէ, b – ամէնատաք ամսուայ միջին ջերմաստիճանը կը գերազանցէ 10˚C-ը (տաք ամառ), Dsb – չոր եղանակ ամռան, Dwb – չոր եղանակ ձմռան, Dfb – յստակ դասակարգման ենթակայ չէ։

Dfb/Dwb/Dsb. Տաք ամառներ ունեցող խոնաւ ցամաքային կլիմայ Խմբագրել

 

Տարածաշրջանի կլիման կը դասակարգուի որպէս տաք ամառներ ունեցող խոնաւ ցամաքային կլիմայ այն պարագային, եթէ ամէնատաք ամսուայ ջերմաստիճանը չի գերազանցէր 22˚C-ը։ Խոնաւ ցամաքային կլիմայի այս ենթատեսակը կ'ընդգրկէ աւելի մեծ տարածք, քան տաք ամառ ունեցող ենթատեսակը: Հիւսիւսային Ամերիկայի այս կլիմայական գօտին բնորոշ է այն տարածաշրջաններուն, որոնք կը գտնուին հիւսիւսային հորիզոնական 40˚-ի եւ 50˚-ի միջեւ, որպէս կանոն, արեւմտեան ուղղահայեաց 100˚-էն դէպի արեւելք: Սակայն քանատական պրերիաներու տարածքին խոնաւ ցամաքային կլիմայի այդ ենթատեսակը կը դիտուի այն տարածքներուն, որոնք տեղակայուած են հիւսիւսային լայնութեան 50˚-էն հիւսիւս: Եւրոպայի տաք ամառներով խոնաւ ցամաքային կլիման կը տարածուի ընդհուպ մինչեւ հիւսիւսային լայնութեան 61˚-ը։ Եւրոպայի այդ ենթատեսակը բնորոշ է Սկատինավիան եւ Մերձպալթեան երկիրներուն, արեւելեան Աւստրիայի, Գերմանիոյ առանձին շրջաններուն, Լեհաստանի մեծ մասին, Չեխիոյ, Սլովաքիոյ, Ուքրանիոյ եւ հիւսիսային Ռումանիոյ:

Տաք ամառները ունեցող խոնաւ ցամաքային կլիմային բնորոշ է մեղմ ամառ, երկարատեւ ցուրտ ձմեռ եւ միջին տարեկան տեղումներու քիչ քանակութիւն՝ ի համեմատ շոգ ամառներ ունեցող տարածաշրջաններու:

Կեդրոնական Ասիոյ, հիւսիս-արեւմտեան Չինաստանի եւ հարաւային Մոնկոլիայի զգալի մասը ունին ջերմաստիճանային կանոնակարգ, որ մօտ է խոնաւ ցամաքային կլիմային, սակայն տեղումներու քիչ քանակութեան պատճառով անոնց կլիման կը դասակարգուի որպէս տափաստաններու կլիմայ (BSk) կամ անապատներու կլիմայ (BWk)։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Michal Belda, Eva Holtanová, Tomáš Halenka, and Jaroslava Kalvová (2014-02-04)։ «Climate classification revisited: from Köppen to Trewartha»։ Climate Research 59: 1–14։ doi:10.3354/cr01204