Խորխէ Ռանտօ թանգարանը

Խորխէ Ռանտօ թանգարանը, Արտայայտչականութեան (Expressionism) նուիրուած առաջին թանգարանը Սպանիոյ մէջ, որ նուիրուած է նկարիչ Խորխէ Ռանտոյին (Jorge Rando), ուր կը պահպանուին անոր նկարները, ինչպէս նաեւ տեղի կ'ունենան տեղացի եւ օտար նկարիչներու ցուցահանդէսներ։

Խորխէ Ռանտօ թանգարանը
Տեսակ թանգարան
Երկիր  Սպանիա
Տեղագրութիւն Մալակա
Վայր Մալակա
Հասցէ Calle Cruz del Molinillo 12
Հիմնադրուած է 2014
36°43′36″N 4°25′26″W / 36.726786°N 4.423791°W / 36.726786; -4.423791
Կայքէջ museojorgerando.org/inde…
Քարտէս
Քարտէս

Թանգարանը պաշտօնապէս բացուած է 28 Մայիս 2014-ին[1][2]։

Թանգարանը

Խմբագրել

Թանգարանին առաքելութիւնն է Խորխէ Ռանտոյին ստեղծագործութիւնները ուսումնասիրել եւ տարածել, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրել արտայայտչականութիւնը։

Արտայայտչականութիւնը (Էքսփրեսիոնիզմ) գեղարուեստական շարժում մըն է ժամանակակից Արեւմտեան մշակոյթին մէջ, ԺԹ. դարէն մինչեւ մեր օրերը, որ կը ներառէ գեղանկարչութիւնը, քանդակագործութիւնը, ճարտարապետութիւնը, փիլիսոփայութիւնը, գրականութիւնը, շարժապատկերը եւ երաժշտութիւնը։

 

Թանգարանը կ'արտացոլացնէ Խորխէ Ռանտոյին արուեստը՝ ստեղծելով անոր մտորումներու մշակութային փիլիսոփայութիւնը։

 
Խորխէ Ռանտոյի թանգարանին թիւ 4 սրահը

Մուտքը, թանգարանէն ներս շրջապտոյտը, ինչպէս նաեւ միջոցառումները անվճար են։

Խորխէ Ռանտօ թանգարանը կը գտնուի Մերսետարիաս Վանքին (Las Mercedarias) մէջ, Մալակա, Քրուզ Տել Մոլինիլօ փողոցին մէջ։ Շէնքը կառուցուած է ճարտարապետ Տոն Մանուէլ Ռիվըր Վալենթինի մտայղացումով։ Ներքին բակին մէջ կայ մանտարինի 140 տարեկան ծառ մը, զոր տնկած է վանքին հիմնադիրը։

Վանքին մէկ մասը թանգարանի վերածելու համար աշխատանքները սկսած են 2011-ին, Մալակայի քաղաքապետարանին հաշւոյն եւ աւարտած են 2014-ի գարնան ճարտարապետ Տոն Խօսէ Անթոնիօ Կոնզալէս Վարգազի կողմէ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել