Կաղանդի կոճղ կարկանդակ
Կաղանդի կոճղ կարկանդակ (La bûche de Noël), աւանդական Ս. Ծննդեան կարկանդակ՝ կոճղի տեսքով։ Տարածուած է Ֆրանսայի մէջ։ Կարկանդակին սովորական պատրաստութիւնը յառաջացած է ԺԹ. դարու Ս. Ծննդեան խորհուրդէն[1]։ Աւելին, այս աւանդոյթը կը վերագրուի Միջնադարուն[2]: Կարկանդակը յաճախ կը մատուցուի մէկ ծայրը կտրուած կոճղի տեսքով։ Կեղեւը կը պատրաստուի վրան պատառաքաղով գիծեր քաշելով, իսկ վրան շաքարի փոշի ցանելով։ Կարկանդակին այլ զարդարանքներէն կրնան ըլլալ ծառի ճիւղեր, Կաղանդ պապուկներ, թարմ հատապտուղներ եւ սունկեր։ Աւանդաբար, այս կարկանդակը կը պատուի կարագով եւ կը զարդարուի եղեւնիի տերեւներով:
Աւանդութիւն
ԽմբագրելԻբրեւ կրակի ծէս, Միջնադարուն այս իրադարձութիւնը կը նշէր ձմեռնային արեւադարձին գալուստը։ Իւրաքանչիւր ընտանիք կ'այրէր փայտի մեծ կտորներ՝ տունը տաքցնելու համար: Երբ անոնք փայտին հսկայ գերանը կտրելով տուն կը բերէին, մեծ կրակի մը շուրջ կը հաւաքուէին տանտէրերը, ծնողները, ընտանիքները, հարազատները ծառաներն ու դրացիները[3]։
24 Դեկտեմբերի երեկոյեան, վառարանին մէջ մեծ գերան մը կ'այրէին, որ շատ դանդաղ կը սպառէր, նախընտրաբար՝ Ս. Ծննդեան յաջորդող տասներկու օրերուն ընթացքին[4]: Ընդհանրապէս կ'ընտրէին պտղատու ծառի մը բունը, որ կ'երաշխաւորէր յաջորդ տարուան լաւ բերքը: Գերանը կ'օրհնէին արմաւենիի կամ դափնիի ճիւղերով։ Այրելու ընթացքին գերանը կարգ մը շրջաններու մէջ գինիով կը ջրէին, որպէսզի լաւ բերք ապահովէր, կամ աղով, որպէսզի կախարդներէն պաշտպանուէին։ Յաճախ մոխիրը տունը կը պահէին՝ կայծակէն պաշտպանուելու համար։
ԺԲ. դարուն այս աւանդութիւնը կ'ընդունուի կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ: Սակայն այս ծէսին քրիստոնէական բնոյթ հաղորդելու համար, գերանները այրելէ առաջ կրօնականներու կողմէ սուրբ ջուրով կը սրսկուէին: Այնուհետև կրակը պէտք էր կանոնաւոր կերպով սնանէր, բայց առաջին հերթին անիկա պէտք էր անընդհատ այրէր 24 Դեկտեմբերի իրիկունէն մինչեւ աստուածայայտնութիւն։ Ըստ աւանդութեան՝ գերանը լուսաւորելու համար պատասխանատու էին ընտանիքին երիտասարդ աղջիկները՝ օգտագործելով նախորդ Ս. Ծննդեան գերաններու խարոյկին մնացորդները։
Աւելի ուշ, գերանները կը զարդարէին մամուռով եւ իբրեւ այս հին սովորութեան յիշեցում, անոնցմով կը զարդարէին Ս. Ծննդեան ճաշասեղանները: Այն ատեն է, որ Փուաթու Շարանթ (Poitou-Charentes) շրջանէն ֆրանսացի հրուշակագործ մը կ'որոշէ գերանը փոխարինել անուշեղէնով: 1945-ին անիկա կը սկսի հրամցուիլ այսօրուան իր տեսքով: