Կանաչ Թանգարան
Կանաչ թանգարան, թանգարան, որ իր գործողութիւններու, ծրագրման եւ ենթակառուցուածքներու միջոցով կը միաւորէ կայունութեան գաղափարները: Շատ կանաչ թանգարաններ կ՚օգտագործեն իրենց հաւաքածոները` ցուցահանդէսներ, իրադարձութիւններ, դասընթացներ եւ այլ ծրագրեր կազմակերպելու համար` հանրութեան շրջակայ միջավայրի վերաբերեալ կրթութիւն ապահովելու նապատակով:
Կանաչ թանգարանները կը փորձեն մարդոց օգնել աւելի գիտակից դառնալ իրենց աշխարհի, անոր սահմանափակումներու հանդէպ եւ գիտակցիլ, թէ իրենց գործողութիւնները ինչպէս կ՚ազդեն անոր վրայ։ Նպատակն է դրական փոփոխութիւն ստեղծել` մարդոց քաջալերելով իրենց առօրեայ կեանքին մէջ կայունութեան ընտրութիւն կատարել: Անոնք կեւօգտագործեն իրենց դիրքը իբրեւ համայնքային կեդրոնական ուսումնարաններ` մշակութային համակեցութիւն ստեղծելու համար:
Սահմանումներ
ԽմբագրելԹանգարան
ԽմբագրելԹանգարանները «եզակի ներդրում կ՚ունենան հասարակութեան կեանքին մէջ` հաւաքելով, պահպանելով եւ ներկայացնելով այս աշխարհի առարկաները»՝ ըստ Թանգարաններու ամերիկեան դաշինքի բարոյագիտութեան կանոնադրութեան: Կան բազմաթիւ թանգարաններ, որոնք մասնագիտացուած են տարբեր դաշտերու մէջ, ինչպէս, օրինակ, մարդաբանութիւն, արուեստ, պատմութիւն, բնագիտութիւն, գիտութիւն: Կարելի է ունենալ այնպիսի կենդանի հաւաքածոներ, ինչպիսին են հանրային ձկնարանները, բուսաբանական այգիները, բնութեան կեդրոնները եւ կենդանաբանական այգիները, կամ ալ ոչ հաւաքածոները, ինչպէս, օրինակ, platenarium-ներ եւ մանկական թանգարաններ[1]:
Թանգարանները բնական ժառանգութեան եւ մշակութային ժառանգութեան սպասարկողներն են` պահպանելով մարդկութեան համար կարեւոր առարկաներ համայնքային եւ համաշխարհային մակարդակով: Թանգարանները կը հաղորդեն եւ կ՚ապահեն գիտելիք: Անոնք կը ծառայեն հասարակութեան ու սովորաբար ունին ոչ առեւտրային օրինական կարգավիճակ:
Կանաչ
ԽմբագրելԿանաչ թանգարաններու համատեքստին մէջ կանաչ բառը կը նշանակէ շրջակայ միջավայրի պահպանման ուղղուած փորձ: «Կանաչ» եւ «համակցուող» բառերը յաճախ կ՚օգտագործուին իբրեւ ուրիշներ փոխարինող: Այնուամէնայնիւ, ըստ Պրոֆի եւ Ուայլի, «կանաչն» ու «կայունը» ունին միանգամայն տարբեր սահմանումներ: «Կանաչը կը վերաբերի այն արտադրանքին ու վարքին, որոնք բնապահպանական առումով առողջ են..., մինչդեռ «կայուն» բառով կը բնութագրուի այն փորձը, որ հիմնուած է վերականգնուող եւ վերաօգտագործուող նիւթերու եւ այնպիսի գործընթացներու վրայ, որոնք կանաչ են կամ շրջակայ միջավայրի համար անվնաս»[2]: «Կայունութեան» մէկ այլ յաճախ մէջբերուող սահմանումը, որ կ՚օգտագործուի տարբեր համատեքստերու մէջ եւ սահմանուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 1987-ին, հետեւեալն է. «Զարգացում, որ կը բաւարարէ ներկայի կարիքները` առանց կասկածի տակ դնելու յաջորդ սերունդներու` իրենց կարիքները բաւարարելու կարողութիւնը»[3]:
Կայունութիւնը կ՚արտացոլէ բարդ համակարգ, ուր տարրերը սերտօրէն կապուած են եւ գոյութիւն չունին իրարմէ մէկուսացուած: Կայունութեան համակարգը կ՚ազդէ եւ ազդեցութիւն կը կրէ անոր անդամներու անհատական ու հաւաքական վարքէն: Կայութիւնը կ՚ընդունէ «մարդու ազդեդութիւնը շրջակայ միջավայրին վրայ» եւ կը ձգտի մեղմացնել բացասական ազդեցութիւնը[4]:
Կայունութեան մշակոյթ
ԽմբագրելԿանաչ մշակոյթները կը տարածեն կայունութեան մշակոյթը: Մշակոյթը կը ձեւաւորէ եւ կը պահէ մարդկութեան խորագոյն արժէքները, վերաբերմունքը եւ գործողութիւնները: Կայունութիւնը կը խնդրէ մարդոց յարմարուիլ մշակութային մակարդակին` փոխելով իրենց հաւատն ու վարքը: Թանգարանները եզակի դեր ունին կայունութեան մշակոյթ հաստատելու եւ զարգացնելու գործին մէջ։ «Իբրեւ մշակոյթի պահպանողներ` թանգարանները անհամեմատելի ուժ ու պատասխանատուութիւն ունին` մենք մեզ, մեր մոլորակն ու մեր մշակութային աղբիւրները պահպանելու մեթոդներ ստեղծելու, ուսուցանելու գործին մէջ»[5]:
Պատմութիւն
ԽմբագրելԿանաչ թանգարանները համեմատաբար նոր երեւոյթ են: Թանգարաններու շրջանին մէջ շրջակայ միջավայրի կայունութեան վերաբերեալ քննարկումները սկսած են 1990-ականներուն եւ կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Այսօր կանաչ թանգարանները մեծ ուշադրութեան կ՚արժանանան ակադէմիաներու եւ լրատուամիջոցներու կողմէ: Որոշ գիտնականներ կը հաւատան, որ կայունութեան վրայ շեշտադրումը միջոց է թանգարաններու համար` համապատասխան ըլլալ 21-րդ դարուն: Այնուամէնայնիւ, շատ յայտնի թանգարաններ կայունութեան փորձ չունին[7]:
Կանաչ թանգարաններու շարժումը սկսած է գիտութեան եւ մանկական թանգարաններուն մէջ։ Գիտութեան թանգարանները կը համարէին, որ բնութեան պաշտպանութիւնն ու կրթութիւնը հեշտօրէն կրնան տեղաւորուիլ իրենց առաքելութեան ու ծրագրերուն մէջ։ Մանկական թանգարանները համոզուած են, որ կանաչ տիզայնը կրնայ առողջ միջավայր ստեղծել անոնց փոքրիկ այցելուներուն համար: Կայունութեան թեման թանգարաններու կողմէ քննարկուող դառնալէ ետք կենդանաբանական այգիներն ու ձկնարանները հասկցած են կայունութեան մասին կրթութեան գործին մէջ իրենց առանցքային դերն ու առաքելութիւնը[8]: Վերջերս Կենդանաբանական այգիներու ու ձկնարաններու մէջ ընկերակցութիւնը իր լիազօրութիւններուն մէջ աւելցուցած է նաեւ բնապահպանութիւնը[9]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ American Alliance of Museums Retrieved 20 April 2008
- ↑ Brophy, Wylie Sarah S., Elizabeth (2008)։ The Green Museum: A Primer on Environmental Practice։ Lanham, MD: AltaMira Press։ էջ 8։ ISBN 978-0-7591-1164-6
- ↑ "Report of the World Commission on environment and development. General Assembly Resolution 42/187, December 11, 1987," United Nations Retrieved 21 May 2007.
- ↑ Worts, D. (2006). Fostering a culture of sustainability. Museums & social issues, vol.1, no. 2, Fall 2006, pp. 151-172
- ↑ Brophy, S. & Wylie, E. (2006). It’s easy being green: Museums and the green movement. Museum News, September/October 2006, pp. 38-45
- ↑ California (magazine of the University of California Alumni Association), Sept/Oct 2008, cover and pp. 52-53
- ↑ Sutter, G. C. (2006). Thinking like a system: Are museums up to the challenge? Museums & social issues, vol.1, no. 2, Fall 2006, pp. 203-218
- ↑ Wylie, E. & Brophy, S.S. (2008). The greener good: The enviro-active museum. Museum, January/February 2008
- ↑ Association of Zoos and Aquariums. Retrieved 20 April 2008