Կարապետ Պասմաճեան

Հայ դեղագործ

Կարապետ Պասմաճեան (1864[1][2], Կոստանդնուպոլիս[1][2] - 17 Մայիս 1942(1942-05-17)[1], Փարիզ[1][2]), հայ դեղագործ, բժշկութեան պատմաբան, բառարանագիր։

Կարապետ Պասմաճեան
Ծնած է 1864[1][2]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս[1][2]
Մահացած է 17 Մայիս 1942(1942-05-17)[1]
Մահուան վայր Փարիզ[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն դեղագործ, բժշկութեան պատմաբան, բառարանագիր, գրագէտ, դրամագէտ
Աշխատավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Բանասէր[1]
Բուժանք
Հայ Բոյժ
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր
Անդամութիւն Ասիական Ընկերութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցում։ 1880-ին ընդունուած է Պոլսոյ բժշկական վարժարանը, հետեւած՝ դեղագործութեան։ Աւարտած է Փարիզի համալսարանի պատմաբանասիրական բաժինը։ Միաժամանակ զբաղած է արեւաելեան ժողովուրդներու լեզուներու, պատմութեան եւ բանասիրութեան ուսումնասիրութեամբ։ Ճամփորդած է Արեւելքի երկրները եւ ուսումնասիրած այդ երկրներու ժողովուրդներու լեզուներն ու սովորութիւնները։ Վերադառնալով Կ.Պոլիս՝ ցանկացած է հաստատուիլ այնտեղ։ Կ. Պոլսոյ մէջ, քաղաքական շարժառիթով, ձերբակալուած է եւ բանտարկուած։ Որոշ ժամանակ անցած, ազատ արձակուած է եւ տեղափոխուած Փարիզ, ուր ալ վերջնականապէս հաստատուած է։

1890-ականներու սկզբներէն, վերջնականապէս նուիրուած է բանասիրական աշխատանքի։ Այնուհետեւ, մինչեւ խոր ծերութիւն, զբաղուած է հայ ժողովուրդի պատմութեամբ, գրելով յիսունէն աւելի աշխատութիւն՝ հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն։ 1893-ին լոյս տեսած է անոր առաջին գիտական աշխատութիւնը, նուիրուած ասուրա-բաբելական բեւեռագիր արձանագրութիւններու վերծանման։ Անոր յաջորդած է նոր հետազօտութիւններ, բոլորն ալ նուիրուած՝ բեւեռագիր արձանագրութիւններուն։ Նոյն տարիներէն սկսեալ, աշխատակցած է հայագիտական հանդէսներուն («Բազմավէպ», «Բիւրակն», «Անահիտ» եւ այլն)։ 1899-ի Փարիզի մէջ հիմնադրած է «Բանասէր» հնագիտական եւ պատմական հանդէսը, որ շարունակուած է մինչեւ 1908-ը։ «Բանասէր»ի էջերուն մէջ տպագրուած են անոր եւ այլ պատմաբաններու արեւելագիտական, յատկապէս հայագիտական հետազօտութիւնները։ 1901-ին հայերէն եւ ֆրանսերէն աշխատութիւններ գրած է «Զուարթնոց»ի ճարտարապետական ոճի առանձնայատկութիւններուն եւ Զուարթնոցի մէջ յայտնաբերած բեւեռագիր արձանագրութիւններուն մասին։ 1899-1907 թթ. Փարիզի մէջ հրատարակած է «Բանասէր» պատմագիտական, հնախօսական եւ գրականագիտական հանդէսը, որուն էջերուն մէջ՝ հայ բժշկութեան ու Հայաստանի պատմութեան վերաբերեալ յօդուածներ տպագրած է։ Ուսումնասիրած է Ամիրտովլաթ Ամասիացիին «Անգիտաց անպէտը» եւ կատարած՝ անոր գլուխներու լատիներէն եւ ֆրանսերէն թարգմանութիւնները։ Այնուհետեւ Կ. Պոլսոյ, Փարիզի, Վենետիկի, Վիեննայի եւ այլ քաղաքներու մէջ հրատարակած է նոր գիրքեր։ Նկատելի աշխատանք տարած է հայ հին մատենագրութեան բնագիրներու գիտական հրատարակութեան բնագաւառին մէջ։ 1927 թուականին Վիեննայի մէջ լոյս ընծայած է Ամիրտովլաթ Ամասիացիին «Անգիտաց անպէտ» բժշկական արժէքաւոր աշխատութիւնը։

Ըլլալով դեղագործ եւ բանասէր՝ մեծ գործ կատարած է դեղամիջոցներու եւ հիւանդութիւններու՝ արաբական ու հայկական անուանումները, վերծանելու եւ լատիներէնի ու ֆրանսերէնի թարգմանելու աշխատանքին մէջ։ Անգնահատելի դեր կատարած է եւրոպական պետական ու մասնաւոր գրադարաններու մէջ պահուող հայկական բժշկական մատենագրութեան բնագիրներու նկարագրութեան աշխատանքին մէջ։

Կարապետ Բասմաջյանն առաջին անգամ մեկ գրքով տուած է հայ դրամագիտութեան պատմութեան ուրվագիծը։ Հեղինակ է հայ բժշկութեան պատմութեան հարցերին վերաբերող բազմաթիվ հոդվածների, որոնք հրատարակուած են ֆրանսիական պարբերականներում։ Զբաղուած է նաեւ հայկական բժշկական եզրականութեան հարցերով։

Կարապետ Պասմաճեան, եղած է Փարիզի Հայ բժիշկներու ընկերութեան անդամ, Ֆրանսական բժշկա-պատմաբաններու ընկերութեան ցկեանս անդամ։ Պարգեւատրուած է Ֆրանսայի հանրային կրթութեան գործիչի ոսկէ պատուանշանով։

Առանձին գիրքերով լոյս տեսած երկերէն յիշատակութեան արժանի են նաեւ «Իսկական Պատմութիւն Հայոց» (Կ. Պոլիս, 1914, 1927), «Առձեռն Բառարան Հայ Աշխարհիկ Լեզուի», «Հայկական Ընդհանուր Դրամագիտութիւն» (Վենետիկ, 1936) եւ այլն։ Անոր երկերուն մանրամասն մատենագիտութիւնը՝ Մ. Պոտուրեանի «Հայ Հանրագիտակում» է[3]։

Մահացած է 1942 թուականին, Փարիզ։

Աշխատութիւններ Խմբագրել

  • Պասմաճեան Յ. Կարապետ, Լեւոն Ե․ Լուսինեան. Վերջին թագաւոր Հայոց, Փարիզ, 1908։
  • Իսկական պատմութիւն հայոց, մաս 1, 2, Կ. Պոլիս, 1914, 1927։
  • Առձեռն բառարան հայերէն աշխարհիկ լեզուէ ֆրանսերէն (համահեղ.), 1915։ Կ՛նդգրկէ 42 000 բառայօդուած։
  • Հայերէն արձանագրութիւնք Անւոյ, Բագնայրի եւ Մարմաշինու (ֆրանս. թարգմ. հանդերձ), Փարիզ, 1931։
  • Հայկական ընդհանուր դրամագիտութիւն եւ Հայաստանի վերաբերեալ դրամներ, 1936։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Վարդանեան Սթելլա, Հայաստանի բժշկութեան պատմութիւն, Երեւան, 2000։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Ով ով է։ Հայեր։ Կենսագրական հանրագիտարան, հ. 1, Երեւան, 2005։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում եւ Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկւած հայ բժիշկներ, Երեւան։