Կարպիս Գազանճեան

Կարպիս Գազանճեան (1930 Պէյրութ, Լիբանան - 22 Փետրուար 2019, Նիւ Ճըրզի), Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի եւ յատկապէս Նիւ Ճըրզիի ծանօթ տիպարներէն էր: Եղած է Պէյրութի «Արամազդ» տպարանի ու հրատարակչատան հիմնադիրը: Ուսուցիչ երեք տարի պաշտօնավարած է Էշրէֆիէ Ազգային Վարժարանէն ներս: Վարչական տնօրէն Նիւ Ճըրզիի Յովնանեան վարժարանին։ Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզի շրջանի հայկական ռատիոժամի աշխատակից:

Կարպիս Գազանճեան
Ծնած է 1930
Մահուան վայր Նիւ Ճըրզիի
Կարողութիւն Պէյրութ «Արամազդ» տպարանի ու հրատարակչատան հիմնադիրը
Մասնագիտութիւն «Էքոլ Թէքնիք տը Քոմերս»ի առեւտրական բաժինը
Աշխատավայր Ուսուցիչ՝ Պէյրութի Էշրէֆիէ Ազգային Վարժարանի: Վարչական տնօրէն՝ Յովնանեան Վարժարանի, Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզի շրջանի հայկական ռատիոժամի աշխատակից
Ամուսին Արշալոյս

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Կարպիս Գազանճեան ծնած է Պէյրութ 1930-ին։ Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցուցած է Պուրճ Համուտի թաղամասերէն Կիւլէպաշի մէջ, որ մեծամասնութեամբ ուրֆացիներով բնակուած էր։ Գազանճեան յաճախած է Նոր Սիսի «Լուսինեան» Ազգային Վարժարանը։ Շրջան մը հաստատուած Հարաւային Լիբանանի Սայտա քաղաքը, ան Պէյրութ վերադառնալէ ետք, յաճախած է եւ աւարտած՝ Համազգային «Նշան Փալանճեան» ճեմարանը, աշակերտելով Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի, Կարօ Սասունիի, Գառնիկ Գիւզալեանի նման հսկաներու։

Ապա մէկ տարի Հայկազեան Քոլէճ այցելածի ֆրէշմէնը եւ երկու տարի առեւտրական մասնագիտութիւնը աւարտելով, Պէյրութի «Էքոլ Թէքնիք տը Քոմերսը»։ Որպէս ուսուցիչ երեք տարի պաշտօնավարած է Էշրէֆիէ Ազգային Վարժարանէն ներս։

«Արամազդ» տպարանն ու հրատարակչատունը Խմբագրել

1957-ին, եղբօրը Մանուէլին հետ հիմնած է «Արամազդ» տպարանն ու հրատարակչատունը, ուրկէ լոյս կը տեսնեն եւ կը հրատարակուին բազմաթիւ գրական եւ մանկական պատկերազարդ գիրքեր։ 1959ին «Արամազդ» հրատարակչատունը կը նախաձեռնէ «Նոր Կեանք» պատկերազարդ շաբաթաթերթին հրատարակութեան, որ ցարդ կը շարունակուի[1]։

Պէյրութի Ամերիկեան Դեսպանատան տեղեկատու բաժին Խմբագրել

1963¬1973-ին պաշտօնավարած է Պէյրութի Ամերիկեան Դեսպանատան տեղեկատու բաժնին մէջ, Հայ լրագրողի հանգամանքով, ուր բացի տեղեկատուական եւ լրագրական աշխատանքներէն օգտակար եղած է հայերու եւ ամերիկացիներու կապերու ամրապնդումին։ Այդ հանգամանքով, ան գործած է նաեւ որպէս «Ամերիկայի Ձայն»ի հայկական բաժնի թղթակից մինչեւ 1975 թուականը, արձագանգելով Լիբանանի հայ կեանքին։ Այդ պաշտօնի գծով որպէս միակ հայ լրագրողը հրաւիրուած է Ամերիկա եւ անատատեսի թղթակցութիւններ կը գրէ եւ կը հաղորդէ «Ափօլօ 11»-ի լուսնային պատմական առաջին արշաւի հանգրուաններուն մասին, Ֆլորիտայի Քենետի Հրուանդանէն եւ Հիուսթընի Ճանսըն Անջրպետային կեդրոնէն։

Տեղափոխում Միացեալ Նահանգներ Խմբագրել

1975-ին Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք, առեւտրական նախաձեռնութիւններուն զուգահեռ կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել հայ մամուլին եւ հայ կեանքին։ Շրջան մը պաշտօնավարելէ ետք, Նիւ Ճըրզիի Յովնանեան Վարժարանէն ներս որպէս վարչական տնօրէն, ապա կը մասնակցի հոգաբարձու եւ տնօրէն խորհուրդներուն։

«Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի ներկայացուցիչ եւ թղլթակից Խմբագրել

1986-էն մինչեւ 1993 գործած է որպէս Քալիֆորնիոյ «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի ներկայացուցիչ եւ թղթակից։ Միեւնոյն ժամանակ կը պահէ շաբաթական էջ մը նուիրուած Հայաստանի լուրերուն։ Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժը, Արցախեան շարժումը, անկախութիւնը, Ղարաբաղի պատերազմը եւ յարակից բոլոր անցուդարձերը արձագանգ գտած են շաբաթական այդ էջերուն մէջ։ Այդ միջոցին, Գազանճեան երեք անգամ այցելած է Հայաստան, 1985ին Յովնանեան Վարժարանի խումբը գլխաւորելով 1992ին, հրաւէրովը Արտաքին Գործոց նախարար Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի. 1993¬ին որպէս հրաւիրեալ «Նոր Հայաստան» օրաթերթին։

Հայկական Ռատիոժամի աշխատակից Խմբագրել

Գազանճեան կանոնաւոր կերպով աշխատակցած է Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզի շրջանի միակ հայկական ռատիոժամին եւ ամէն շաբաթ Հայաստանեան եւ գաղութային լուրերով գրաւած է հետաքրքրութիւնը շրջանի աւելի քան հարիւր հազար հայութեան։

«Անկախութիւն» երկշաբաթաթերթին աշխատակից Խմբագրել

Նաեւ, յօդուածներով եւ թղթակցութիւններով, ան աշխատակցեցաւ Նիւ Ճըրզիի մէջ հրատարակուող «Անկախութիւն» երկշաբաթաթերթին, նաեւ որպէս պատւոյ թղթակից՝ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին։ Իր անուան տակ հիմնուած «Հայկական Լուրերու եւ մամլոյ Ծառայութիւններու» սպասարկութիւնր պարբերաբար, Նիւ Եորքի մէջ պատահած կարեւոր լուրերու թղթակցութիւնները կը հաղորդէ ամերիկահայ մամուլին։

Աթլանթայի Միջազգային Ողիմպիական խաղեր Խմբագրել

1996ի Աթլանթայի Միջազգային Ողիմպիական խաղերուն մաս կազմեց «Թիմ Արմէնիա» խմբակին, մեծագոյն Նիւ Եորքի շրջանին մէջ կազմակերպելով դրամահաւաք Հայաստանի Ազգային Խումբին որպէս զօրակցութիւն եւ ապա որպէս ընդունուած լրագրող ներկայ եղաւ խաղերուն եւ հաղորդումներ կատարեց ոչ միայն ամերիկահայ, այլ նաեւ սփիւռքահայ մամուլին։

Խմբագրութիւններ Խմբագրել

Զօրավար Արամ Գարամանուկեանի կեանքն ու գործը / Յասմիկ Գարամանուկեան ; Խմբագիր՝ Կարպիս Գազանճեան.Ֆորթ Լի, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ., 1998 [2]

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տարիները։ Շաբաթական թղթակցութիւններու հաւաքածոյ / Կարպիս Գազանճեան [2]

Կարպիս Գազանճեան մահացաւ Ուրբաթ, 22 Փետրուար 2019-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել