Կիլիկիոյ Տարազներ

Կիլիկիոյ տարազ, հայկական ազգային հագուստի տարատեսակ մը, որ կ'առանձնանար զարդաձեւերու, գունային համադրութեան եւ ամբողջ յօրիւնուածքի իր ռիթմիկ ու ոճական նկարագրով։

Կիլիկիոյ հարս

Կիլիկիոյ երկու սեռի զգեստաձեւերը 19-դարու սկիզբը ձեւաւորուած էին Հայկական լեռնաշխարհէն այստեղ տեղափոխուած տարբեր ազգագրական խումբերու ու հագուստներու խառնուրդէն: Այդ է պատճառը, որ անոր մէջ կը գերազանցէին Բարձր Հայքի եւ Վասպուրականի տարազաձեւերը` բնակլիմայական պայմաններէն ելնելով` թեթեւացած եւ նրբացած: Կանայք կը կրէին Վասպուրականի կնոջ գլխու յարդարանքը, առանց գլանաձեւ մասի եւ երեսը չէին ծածկեր: Մարաշի եւ այլուր կնոջ գլխու ոսկեշար շերիտը (նեղ ժապաւէն) եւ գլխաշորը կրելու ձեւը յատուկ էր Բարձր Հայքի տարազին: Տեղ-տեղ կարճ բաճկոնիկը կը կրէր Կարնոյ եւ Կեսարիոյ զգեստի ձեւերը: Զեյթունի կանանց շրջազգեստը կրկնօրինակ էր Վասպուրականի տարազատեսքը, բայց գոգնոցը զարդազուրկ էր[1]:

Պատմութիւն Խմբագրել

Կիլիկեան Հայաստանի Խաչակրաց արշաւանքներու ժամանակ 12-13-րդ դարեր հայկական տարազը ենթարկուեր է եւրոպական շարք մը երկրներու մէջ գործածուող տարազներու փոխազդեցութեանը։ Ուշ միջնադարին հայկական աւանդական տարազը մասամբ ենթարկուեր է թրքական, թաթարական, եւ քրտական նուաճողներու տարազներու ազդեցութեանը, իսկ շարք մը նահանգներու ու գաւառներու մէջ պահպանուեր են մինչեւ 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը[2]։

Կանանց զգեստներ Խմբագրել

Զէյթունի, Սիսի, Հաճընի, Ատանայում եւ Մարաշի գոյութիւն ունէր կանացի զգեստի մէկ համալիր, որ բաղկացած էր սպիտակեղենէն, վերնազգեստէն, գոտիէն, գոգնոցէն եւ գլուխի յարդարանքէն: Այն նոյն էր թէ՛ ամռանը եւ թէ՛ ձմռանը:

Շապիկը սպիտակ էր կամ ներկուած կտորէն, կը հասնէր մինչեւ սրունքները, կուրծքը երկար բացուածք ունէր: Կիլիկիոյ կնոջ հանդերձանքը գլխաւորապէս կտաւէն էր, մինչդեռ հայկական միւս գաւառներու մէջ միայն սպիտակեղէնն էր կտաւէն:

Վերնազգեստի երիզը գործուած կամ տպուած կտորի ժապաւէնով էր: Գօտին նոյնպէս կտաւէն էր, ուներ 3 մեթր երկարութիւն եւ ծայրերը ծոպաւոր ժապաւէնազարդով էր: Կանայք գօտիէն կը կախէին արույրէ շղթայով դանակ՝ առօրեայ գործածութեան համար: Ձմռանը վերնազգեստի վրայէն կը հագնէին բաճկոն: Ասոր ձեւուածքը նման էր Արեւմտեան Հայաստանի միւս գաւառներու մէջ տարածուած բաճկոններուն:

Մարաշի եւ Զէյթունի կանանց տարազներու միջեւ գոյութիւն ունէր տարբերութիւն: Մարաշի մէջ կը գործածէին բամբակեայ խոշոր հիւսուածքով քաթան, ինչպէս նաեւ կը հագնէին երփներանգ կտաւի շրջազգեստ:

Կիլիկիոյ կանանց գլխու յարդարանքին բնորոշ էր երփներանգութիւնը: Աղջիկները ունէին 2-5 հիւսած ծամ, որու ծայրերուն կը կապէին ժապաւէն: Ժապաւէնը կը զարդարուէր (ուլունք) հլուններով եւ արծաթեայ զարդերով:

Ուրմիոյ մէջ աղջիկները կը դնէին կարմիր ֆեսեր, որ կը զարդարուէր երկու եղանակով, կամ գագաթին կ'ամրացուէր արծաթեայ նախշազարդ, կամ 4-5 շարքով կ'ամրացուէր դրամներ: Վրայէն կը կապուէր քանի մը գլխաշոր:

Տղամարդկանց զգեստ Խմբագրել

Կիլիկիոյ մէջ տղամարդիկ շապիկին վրայէն կը հագնէին պարեգօտի, որ բրդեայ գծաւոր կտորէ է կամ մանուսայէ (բամբակէ կտոր), իսկ ձեւուածքով նման էր Վասպուրականի իշլիկին (Վասպուրականի Ասորիներու զգեստ) իշլիկ, միայն աւելի երկար: Կը հաւաքուէր անդրավարտիքի մէջ եւ կը կապուէր գծաւոր կտորէ կարուած լայն գօտիով: Անդրավարտիքը խոնջանով էր, գրպանով, կապոյտ մահուդէն, կողմերը կարեր չունէր: Բոլոր կարերը, փողքրը կ'ասեղնագործուէին ոսկեթելով կամ մետաքսեայ տրէզով (հագուստի զարդարան, արաբերէն՝ թիրազ): Գրպանի բերանը կ'ասեղնագործուէր:

Պարեգօտի վրայէն կը հագնէին քղամիդ, կամ չուխա, ձմռանը՝ աբա (բրդեայ կտոր) ( Սասունցիներուն ամէնէն յարգի հագուստը աբան էր): Աբայի թեւքերը հիմքը լայն էր, թեւքաբերանը հաւասար: Թեւքերի երկարութիւնը կը հասնէր մինչեւ արմուկները:

Գօտին կը պատրաստուէր Կիւրինի բրդեայ կտորէն, որուն մեջ ալ կը տեղադրուէր ատրճանակը:

Կիլիկիոյ մէջ տղամարդիկ գլխու գագաթը մազերու փունջ մը կը դնէին (ձար այսինքն կոշտ մազ): Գլխուն կը դնէին մէկէն մինչեւ 5 ֆես՝ իրարու վրայ հագնուած: Ֆեսին կը փաթաթէին տարբեր գոյնի մինչեւ 6 փաթաթան: Երիտասարդներու ֆեսի փնջիկը կը հասնէր մինչեւ ուսերը:

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Նազիկ Ավագեան Հայկական ժողովրդական տարազը. — Երևան: Հայկական ՍՍՀ ԳԱ Հրատարակչութիւն, 1983.
  • Առաքել Պատրիկ Հայկական տարազ. — Երևան: Հայկական ՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1967.

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել