Կլթիկը ակամայ, անակնկալ եւ ցնցիչ ձայն մըն է, զոր մարդիկ կ՚արտադրեն որոշ առիթներով եւ պատճառներով։ Ան կը պատահի երբ ստոծանին (diaphragm) անակնկալօրէն շարունակական պրկումներ կ՚ունենայ եւ միատեղ կը պատահի ձայնալարերու կծկումն ու խռչափողի խցանումը. այս բոլորը կը յառաջացնեն յատկանշական ձայն մը, որ կը կոչուի կլթիկ (hiccup, hiccough, singultus)։ Ստոծանիի պրկումները հետեւանքն են ստոծանիի ջիղին գրգռութեան, որ կը պատահի տարբեր պատճառներով։

Կլթիկը կը պատահի շատերու մօտ, բայց աւելի յաճախ՝ տղամարդոց մօտ։ Ան ընդհանրապէս անցողակի է եւ կը տեւէ քանի մը վայրկեան, բակայն կրնայ նաեւ տեւել օրեր եւ շաբաթներ ու դառնալ յոգնեցուցիչ։

Կարճատեւ եւ անցողակի կլթիկը շատ տեսնուած երեւոյթ է. այս պարագային ստոծանիի ջիղը կը գրգռուի՝

  1. Ստամոքսը արագօրէն եւ մեծ ծաւալով կերակուրներով լեցնելով եւ ընդլայնելով,
  2. Ալքոլի գործածութեամբ,
  3. Շատ տաք ու գրգռիչ կերակուրներ ուտելով,
  4. Անյայտ պատճառներով։

Երկարատեւ կլթիկը շատ քիչ տեսնուած երեւոյթ է. այս պարագային ստոծանիի ջիղը կը գրգռուի՝

Ա. Ստոծանիի շուրջը գտնուող զանազան օրկաններու անբնական եւ հիւանդագին աշխատանքով. ասոնցմէ կարելի է յիշել՝

  1. Սրտի հիւանդութիւններ,
  2. Թոքատապ եւ թոքերու այլ հիւանդութիւններ,
  3. Ստամոքսի մնայուն ընդլայնում եւ հիւանդութիւններ,
  4. Ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւն (gastro-esophageal reflux),
  5. Որկորային հիւանդութիւններ,
  6. Շարոյրի բորբոքում,
  7. Լեղատապ եւ լեղուցի քարեր,
  8. Որովայնային վիրաբուժական գործողութիւններ.

Բ). Ալքոլամոլութեամբ.

Գ). Ուղեղի որոշ կեդրոններու հրահանգներով, որոնք կը յառաջանան ուղեղային զանազան հիւանդութիւններով.

Կարճատեւ կլթիկը յատուկ դարմանումի միջոցառում մը չունի։ Զանազան նախնական եւ տնային միջոցառումներ կրնան օգտակար ըլլալ. ասոնցմէ կարելի է յիշել հետեւեալները՝

  1. Խորունկ ներշնչել, կենալ մի քանի երկվայրկեան եւ յետոյ արտաշնչել,
  2. Արտաշնչել տոպրակի մը մէջ եւ ապա ներշնչել տոպրակին մէջ եղած օդը։ Վերոնշեալ երկու միջոցառումները կրկնել քանի մը անգամ,
  3. Չոր հաց ուտել եւ կամ մանր սառի կտորներ կլլել,
  4. Լեզուն դուրս քաշել եւ այդպէս կենալ քանի մը վայրկեան,
  5. Կոկորդը գրգռել։

Երկարատեւ կլթիկի պարագային բժիշկը, հանգելէ ետք հիմնական ախտաճանաչումին, կը կատարէ համապատասխան դարմանում։ Հիմնական ախտապատճառի չբացայայտուելու պարագային, կարելի կ՚ըլլայ հակակշռել կլթիկը՝ թմրեցնելով ստոծանիին ջիղը կամ գործածելով հակափսխունքի դեղեր։ Հազուադէպ պարագաներու, բժիշկը կը պարտաւորուի արտահանել (suction) ստամոքսի պարունակութիւնը՝ հակաշռելու համար յոգնեցուցիչ կլթիկը։[1]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Կլթիկ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2008-12-12։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-09 

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Բժիշկին Բ. Խօսքը, Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Անթիլիաս, 2011