Կորնթոսի Ծոցը գոց եւ շատ խորունկ ծով մըն է։ Կը գտնուի Կեդրոնական Յունաստանի եւ Պելոպոնեսի միջեւ, Կորնթոսի Նեղուցին/Ջրանցքին արեւմտեան կողմը։ Կը սկսկի Յոնիական Ծովէն եւ կը հասնի մինչեւ Կորնթոսի Նեղուցը, որ զայն կը բաժնէ Սարոնիքոս Ծոցէն (Էգէական Ծով)։ Արեւմուտքէն՝ Յոնիական ծովուն եւ Ռիօ նեղուցին միջեւ մասը այժմ կը կոչուի Փաթրայի Ծոց․ երկու ծոցերուն միջեւ Ռիօ նեղուցը եւ անոր վրայ կառուցուած Ռիօ-Անդիռիօ կամուրջը (1998-2004) անոնց սահմանակէտն են։ Իսկ արեւելքէն Կորնթոսի Ջրանցքը զայն կը բաժնէ Սարոնիքոս Ծոցէն։

Կորնթոսի Ծոցը
Յունաստանի աշխահագրական քարտէս

Աշխարհագրական Դիրք Խմբագրել

Կորնթոսի Ծոցը շրջապատուած է Յունաստանի հետեւալ Շրջանային Միաւորումներէն․ հիւսիսէն՝ Էթոլօաքարնանիա Αιτωλοακαρνανία , Ֆոքիտա Φωκίδα, հիւսիս արեւելքէն՝ Վիոթիա Βοιωτία, արեւելքէն՝ Ատիկէ Αττική, հարաւ արեւելքէն Կորնթոս Κορινθία եւ հարաւ արեւմուտքէն՝ Ահայիա Αχαΐα։ Կորնթոսի Ծոցը տեւաբար երկրաշարժի ցնցումներու ենթակայ է։ Ցնցումները յաճախակի եւ զօրաւոր են։

Աթէնքի (Փիրէա), ծոցին եւ Միջերկրականի նաւահանգիստներուն համար առեւտուրի կարեւոր ծովային ճամբայ է, շնորհիւ Կորնթոսի Ջրանցքին (1882-1893)։ Իսկ ծոցին եզերեայ շրջաններուն ծովային ներքին եռուզերը աշխուժ է։

Պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ Խմբագրել

Ք․Ա․ 395-387 ծոցին շուրջ եւ Էգէական Ծովուն մէջ տեղի կ՛ունենայ Կորնթոսեան Պատերազմը, մէկ կողմէն Հին Սփարթի եւ դաշնակիցները իսկ միւս կողմէն Աթէնք, Արղոս, Կորնթոս, Թիվա եւ Պարսկաստան։

 
Կորնթոսի Ծոցը դիտուած Ծոցին հիւսիսային կեդրոնական եզերքին գտնուող Նաֆթաքթօ քաղաքէն

Միջնադարի ժամանակաշրջանին Ծոցը ծանօթ էր Լեփանտօ անունով (Նաֆփաքթօ Ναύπακτος քաղաքին այդ ժամանակի անուանում)։

1571 թուականին տեղի կ՛ունենայ Լեփանտոյի երրորդ ճակատամարտը, ուր օսմանեան նաւատորմիղը կը ջախջախուի արեւմտեան Եւրոպայի դաշնակից ուժերէն։  1772-ին կրկին օսմանեան նաւատորմիղ մը կը պարտուի այս անգամ ռուսական ուժերէն, ծոցին մուտքին։

1882, 23 Ապրիլին Կորնթոսի ջրանցքին պաշտօնական բացումը կը կատարուի։  Ջրանցքին կառուցումը կը դիւրացնէ ծովային առեւտուրը․ առեւտրական նաւերը աւելի արագ կը հասնին Ատլանտեան Ովկիանոսի, Եւրոպայի կամ Միջերկրականի աւազանի կեդրոնական եւ արեւմտեան նաւահանգիստները եւ փոխադարձ։ Մեծ բեռնատար նաւերուն ջրանցքէն անցնիլը կը կատարուի ուղեկցանաւերով։

2004, 12 Օգոստոսին Ռիօ-Անթիռիօ կամուրջին բացումը կը կատարուի։ Կամուրջը մեծ թափ կու տայ ծոցին շուրջը գտնուող շրջաններու ամէն տեսակետի զարգացման․ ներքին եւ արտաքին զբօսաշրջիկութեան, առեւտուրի, եւ այլն։

Երկրաբանութիւն Խմբագրել

Կորսնթոսի Ծոցը կազմուած է երկու երկրակազմական (Ափրիկեան եւ Եւրօ-ասիական) բաժիններուն միջեւ առաջացած ճեղքի մը ընդարձակումով եւ որ կը շարունակուի ընդարձակուիլ 15 մմթ ամէն տարի։  Ծոցին երկրաշարժային ցնցումները Եւրոպայի ամենաշխուժներէն են։

Կղզիներ, կղզեակներ Խմբագրել

 
Դլփիններ Կորնթոսի Ծոցին մէջ

Ծոցը ունի բազմաթիւ կղզի/կղզեակներ․ անոնցմք միայն մէկ հատիկը բնակուած է՝ Թրիզոնիա (երեք փոքր կղզիներ, որոնցմէ մէկը կը բնակուի)։

  • Սուրբ Աթանասիոս Άγιος Αθανάσιος
  • Սուրբ Եորղոս Άγιος Γεώργιος
  • Սուրբ Տիմիթրիոս Άγιος Δημήτριος
  • Սուրբ Իոանիս Άγιος Ιωάννης
  • Սուրբ Նիքոլաոս Άγιος Νικόλαος
  • Ալքիոնիտես կղզիներ Αλκυονίδες νήσοι
  • Ապելոս Άμπελος
  • Ափսիֆեա Αψηφιά
  • Տասքալիօ Δασκαλιό
  • Փրասուտի Πρασούδι
  • Թրիզոնիա Τριζόνια
  • Ցարուհի Τσαρούχι

[1] [2] [3] [4][5][6]

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Ռիօ-Անթիռիօ կամուրջ

Փաթրայի Ծոցը

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. Կորնթեան Պատերազմը(անգլերէն)
  2. Ռիօ-Անտիռիօին կամուրջը(յունարէն)
  3. Կորնթոսի Ջրանցքը(ֆր.)
  4. Լեփանտօին պատերազմը(անգլերէն)
  5. Թրիզոնիա․ Կորնթոսի Ծոցին միակ բնակուած կղզեակը (յունարէն)