Կրետէի հայերը․ Ժ. դարէն հայեր ապրած են Կրետէ։  Կրետէ(Յունաստան). կը գտնուի Միջերկրական Ծովուն արեւելեան կողմը եւ Էգէական Ծովուն հարաւը։ ԻԱ. դարուն, կղզիին մայրաքաղաքին մէջ՝ Իրաքլիօ, քանի մը տասնեակ հայեր կ՛ապրին ու մնացեալ մեծ քաղաքներուն մէջ ապրող հայերուն թիւը մէկ ձեռքի մատներուն վրայ կը հաշուի։ Հայ համայնքներու հետքերուն փաստը այժմ կայ միայն անուանակոչումներով այն բոլոր վայրերուն, ուր հայերը բնակած ու գործած են։

Կրետէ․ Իրաքլօնէն քանի մը քմ․ անդին գտնուող հին հայկական գիւղաքաղաքին մուտքի ցուցատախտակը՝ Արմենի, նկար՝ 1989

Պատմական Խմբագրել

Հայերուն ներկայութիւնը Կրետէ, հազար տարուան պատմութիւն ունի։ Բիւզանդիոնի կայսր՝ Նիքիֆորոս Ֆոքաս, երբ Կրետէն կ՛ազատագրէ Սարաքինի արաբներէն, անոր բանակին մէջ ծառայող մեծ թիւով հայ զինուորներուն կ՛արտօնէ կղզին հաստատուիլ իրենց ընտանիքներով եւ կամ ալ ամուսնանալ տեղացի աղջիկներու հետ։ Կը ստեղծուին հայկական թաղամասեր, որոնց անուանումը կը վերաբերէ հայ զինուորներուն ծագումին՝ Խանիայի հայեր, Ռեթիմնոյի հայեր, Սիթիայի հայեր, Արմենոխորիօ (Αρμενοχωριό=Հայկական գիւղը), Արմենոփեթրա (Αρμενόπετρα =Հայկական քարը), Արմենոս, եւայլն։ Ժամանակի ընթացքին, պատմական հոլովոյթներուն զուգահեռ, կը յաջորդեն Փոքր Ասիայէն եւ Հայաստանէն հայերու տեղափոխումներ, որոնք կը վերագրուին մեծ մասամբ հայերու բերած նպաստը կղզիին տնտեսութեան։

 
Իրաքլիօ․ քարտէս 1618 թուականի

1363 մինչեւ 20-րդ դար Խմբագրել

Վենետիկեան գերիշխանութեան շրջանին (1217-1669), Իրաքլիոյի մէջ (հին անունով Խանտաքա Χάνδακα կամ նաեւ՝ Քանտիա Κάντια) գտնուած Վենետիկեան Ծերակոյտի արձանագրութիւնները, կը փաստեն թէ Սեւ Ծովու եւ Միջին Արեւելքի շրջաններէն հայեր, չդիմանալով Մոնկոլներուն եւ օսմանցիներուն ճնշումներուն, Վենետիկեան Ծերակոյտէն Կրետէ հաստատուելու արտօնութիւն կը խնդրեն։ 1363 թուականին, 2 000 հայեր կը հաստատուին Իրաքլոնի ԺԲ. դարու Այիոս Եորղոս Տորեանեցի (Ս․ Գէորգ) եկեղեցուոյ շուրջը․ այս իսկ պատճառով թաղամասը կը կոչուի «Հայերուն թաղամասը»՝ (Սինիքիա թոն Արմենիոն συνοικία των Αρμενίων

1414 Վենետիկեան Ծերակոյտին որոշումով եւ Կրետէի Կառավարութեան արտօնութեամբ, Տրապիզոնի շրջանէն 80 հայ ընտանիքներ Կրետէ կը հաստատուին։

Վենետիկի Հանրապետութեան տկարացումով, Օսմանեան բանակները գլխաւորութեամբ Քիոփրուլի Ֆազի Ահմեթ փաշային, երկարատեւ կռիւներէ ետք եւ Իրաքլիօ քաղաքին 10 տարուան պաշարումէն ետք (1648-1669) կղզին կը գրաւեն 1669-ին։ Թուրք փաշան հետը բերած էր նաեւ, կոյուղիներու կառուցման համար հայ վարպետներ, որոնք կը մասնակցին քաղաքին վերակառուցման եւ մեծ թիւով շէնքերու ճակատափոխութեան աշխատանքներուն՝ մզկիթներ, բաղնիքներ եւ բանակավայրեր։ Իսկ օսմանցի հայ վաճառական՝ Աբրօ Άμιτρο անունով, Այիոս Եորղոս Տորեանեցի եկեղեցին կը գնէ եւ քաղաքին հայերուն կը նուիրէ եւ անոնք կ՛անուանափոխեն զայն, տալով Սուրբ Յովհաննու Կարապետ անունը։

Խանիա քաղաքին մէջ հայերու ներկայութիւնը կը վկայեն չորս դամբանասիւներ հայկական արձանագրութիւններով, որոնք կը պատէին քաղաքի գերեզմանատան առաքեալ Ղուկասի (Լուքաս՝ յունարէնով) անունով մատուրին մուտքին գտնուող գերեզմանները։ Ժամանակի ընթացքին անոնք վնասներ կրած են, սակայն մատուրի վերանորոգումով եւ Յունաստանի Հնագիտական Սպասարկութեան ընդմիջումով, այժմ կը գտնուին Խանիայի թանգարանը։

Ժամանակի ընթացքին, Կրետէի գաղութը կը նոսրանայ․ տեղացիներու հետ ձուլում, հեռացում ու մեկնում ուրիշ տեղեր եւ կամ անժառանգ մահկանացուն կնքողներ։

 
Իրաքլիօ․ Առիւծներուն հրապարակը

1896 թուականին Պատմական Հայաստանի գլխաւոր քաղաքներուն մէջ հայութեան դէմ համատարած հալածանքներէն Իրաքլոնի հայութիւնն ալ զերծ չի մնար (փաստացի նկար R.Behaeddin Photogr.

Ժամանակակից շրջան Խմբագրել

Ի․ դարասկիզբին, Իրաքլիոյին մէջ կը բնակին քանի մը հայ ընտանիքներ, որոնք կը զբաղին ընդհանրապէս կերպասեղէնի եւ սուրճի վաճառականութեամբ։

Փոքր Ասիոյ Աղէտէն ետք՝ 1922, մօտաւորապէս 2 000 հայեր Կրետէ կ՛ապաստանին։ Անոնք կը հաստատուին Խանիա (27 ընտանիք), Ռեթիմնօ (46 ընտանիք), Սիթիա (24 ընտանիք) եւ Իրաքլիօ (230 ընտանիք)։ Վերջինին մէջ կը կազմուի Թաղային Խորհուրդը, որուն առաջնահերթութիւնը կ՛ըլլայ հայ գաղթականներուն տեղաւորումը։ Կը հիմնուին «Իաքլիոնի Հայ Մարզիկներու Միութիւն» մարզական միութիւնը (1924, առաջինը Իրաքլիոնի մէջ) իր ոտնագնդակի խումբով՝ նկար հոս եւ եկեղեցուոյ շրջափակին մէջ դպրոց մը։ Դպրոցը (մանկապարտէզ եւ նախակրթարան) կը գործէ մինչեւ Բ․ Համաշխարհային Պատերազմը։ Կ՛ունենայ վեր ի վարոյ 200 աշակերտներ, որոնք կը սորվին հայերէն եւ յունարէն լեզուները։

Մինչեւ 1947 Կրետէի հայերուն թիւը 700 է։

1947-ի Խորհրդային Հայաստան ներգաղթին եւ անոր յաջորդող տարիներուն արտագաղթին (Ամերիկա եւ Եւրոպա) ու ներգաղթին դէպի Յունաստանի հայաշատ կեդրոններ( յատկապէս Աթէնք), պատճառով համայնքներուն թիւը կը նոսրանայ։ Բացի Իրաքլիօ քաղաքէն, մնացեալ քաղաքներուն մէջ գրեթէ հայ չի մնար։

1960-ական թուականներուն Իրաքլիոնի հայերը 97 հոգի կը հաշուեն։ Իսկ Ռեթիմնօ քաղաքին հայերը ՝45 հոգի, ունեցած են անջատ եռանդամ թաղային Խորհուրդ որ ուղղակի կապուած է Աթէնքի Հայկական Առաջնորդարանին։

Իրաքլիոնի քանի մը տասնեակ հայերը տնտեսապէս լաւ վիճակի մէջ են եւ կը փորձեն պահել իրենց ինքնութիւնը․ համախմբուած են Սուրբ Կարապետ եկեղեցուոյ շուրջ։

1991 թուականէն ետք, ժամանակաւոր կերպով Կրետէ կ՛ապաստանին Հ․Հ․ տնտեսական գաղթականներ։ Անոնցմէ շատեր հայրենիք վերադարձած են, ուրիշներ ալ տեղափոխուած են Յունաստանի զանազան շրջաններ եւ կամ արեւմուտքի ուրիշ երկիրներ։

Իրաքլիոնի Ս․ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին Խմբագրել

 
Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի․ Իրաքլիօ

Հայերը Այիոս Եորղոս Տորեանեցի եկեղեցին իրենց սեփականութիւնը դառնալէ ետք, կ՛անուանափոխեն ու կը շնորհեն Սուրբ Յովհաննու Կարապետ անունը։ Իրաքլիօ քաղաքին երեք եկեղեցիներէն մէկն է որ քրիստոնեաներուն կը տրուի։ Մինչեւ այսօր, եկեղեցին կը գործէ։ Եկեղեցին փոքր է եւ եռադաս։ Ժամանակի ընթացքին յաճախ վերանորոգուած է։ Այժմ իր հին վիճակէն կը պահպանուի միայն հարաւային մուտքը, իսկ 1981 թուականին կը կառուցուի հայկական ոճով զանգակատունը (հին փայտաշէն կառուցումին արեւմտեան կողմը)։

Եկեղեցուոյ շրջափակին մէջ կը գտնուին 1669 - 1854 թուականներէն լաւ վիճակի մնացած 30 դամբանասիւներ։ Անոնք քարաշէն են եւ կրած արձանագրութիւնները հայերէնով են, իսկ շատերուն աւելցուած են՝ յունարէն կամ թրքերէն ալ․ կը յիշատակեն հոգեւորականներու, դպրապետներու եւ աշխարհաիկներու անուներ, որոնք համայնքի խորհուրդին մաս կը կազմէին եւ հոն թաղուած են օսմանեան տիրապետութեան ընթացքին։

Եկեղեցուոյ հիւսիս-արեւմտեան անկիւնը կառուցուած է 1915 Ցեղասպանութեան զոհերը յիշատակող պարզ յուշարձան մը։

Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին կապուած է՝ Կոստանդնուպոլսոյ Հայկական Պատրիարքութեան։

Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցուոյ 350-ամեակ Խմբագրել

2019 կը տօնակատարուի մեծ շուքով եկեղեցուոյ 350-ամեակը, գործակցութեամբ Կրետէի Արքեպիսկոպոսարանին եւ Կրետէի Շրջանային Միաւորումին։ Կիրակի 5 Մայիսին, Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի հանդիսապետութեամբ՝ հովուապետական այցով Կրետէ ժամանած, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին (նկարը հոս):

[1][2][3][4][5][6] [7] [8]

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Կրետէ

Քոքինիոյ հայկական գաղութը

Սելանիկի հայկական գաղութը

Փաթրայի հայերը

Քերքիրայի հայերը

Քեֆալոնիայի հայերը

Նաֆփլիոնի հայերը

Սիրոս

Աղբիւրներ Խմբագրել

Ամենուն Տարեգիրքը 1960, Կարօ Գէորգեան

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել