Ճէյքըպ եւ Ուիլհելմ Կրիմ Եղբայրները (գերմ.՝ Brüder Grimm կամ Die Gebrüder Grimm; Ճէյքըպ (4 Յունուարի, 1785 - 20 Սեպտեմբեր, 1863) եւ Ուիլհելմ Կրիմ (24 Փետրուար, 1786 - 16 Դեկտեմբեր, 1859), գերմանացի գիտնականներ, բանասէրներ, մշակութային հետազօտողներ, լեզուաբաններ եւ հեղինակներ էին, որոնք ԺԹ. դարուն միասին հաւաքած եւ հրատարակած են աւանդական - մշակութային պատմուածքներ: Հաւաքած են գերմանական բանահիւսութեան նմուշներ եւ հրատարակած՝ «Կրիմ եղբայրներու հեքիաթներ» անունը կրող քանի մը ժողովածուներու մէջ, որոնք մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէին։ Անոնք կը համարուին ժողովրդական հեքիաթներու  առաջին եւ ամէնէն յայտնի բանահաւաքներէն, որոնք աւանդական բանաւոր հեքիաթները գրի առած եւ տարածած են, ինչպէս՝ «Կարմիր Գլխարկիկը», «Մոխրիկը», «Հենզելն ու Կրետելը», «Քնացող իշխանուհին», «Ձիւնաթոյրը» եւ այլն: Անոնց դասական հաւաքածոն՝ «Մանկական եւ կենցաղային հեքիաթներ»ը  հրատարակուած  է երկու հատորով՝ 1812-ին Եւ 1815-ին[1]:

Կրիմ Եղբայները
գերմաներէն՝ Brüder Grimm
Կրօնք Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցի
Երկեր/Գլխաւոր գործ Կրիմ Եղբայրներուն Հեքիաթները

ԺԹ. դարուն վերականգնած էր աւանդական ժողովրդական պատմութիւններու նկատմամբ հետաքրքրութիւն մը, որուն զարգացման մէջ մեծ դեր ունեցած են Կրիմ եղբայրները եւ անոնց գործընկերները, որոնք  ազգային գրականութեան եւ մշակոյթի մաքուր ձեւ մը ներկայացուցած են: Անոնց ժողովրդական հաւաքած պատմութիւնները հիմք դարձած են ժողովրդային- աւանդական պատմութիւններու ուսումնասիրութեան:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։  
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։