Հարբուխը (common cold) վերի շնչառական համակարգի ժահրային ընդհանրացած վարակ (infection) մըն է, որ ընդհանրապէս կը վերջանայ առանց որոշ բարդութեան մը։ Ան կը պատահի ընդհանրապէս գարնան եւ աշնան, սակայն կրնայ տեսնուիլ նաեւ ձմրան։ Ան ծանօթ է բժշկութեան կողմէ 1872 թուականին: Ժամանակ մը կրիփը ծանօթ էր influenza անունով, եւ 16-րդ դարէն սկսեալ պարբերաբար վերածուած է համաճարակի եւ պատճառ հանդիսացած հազարաւոր կեանքերու փճացման: Հարբուխի ժահրը կը հարուածէ առանց խտրութեան՝ մանուկը, երիտասարդը եւ տարեցը։ Հարբուխը փոխանցիկ վարակ մըն է եւ անոր փոխանցումը անհատէ անհատ կը պատահի անմիջական հպումով եւ դպչելով, ինչպէս նաեւ օդի միջոցաւ։ Մարդիկ ընդհանրապէս կ'ապագինին 7 օրուայ ընթացքին[1]: Կարգ մը պարագաներու հիւանդութիւնը կը տեւէ 3 շաբաթ[2]:

Կրիփ եւ Հարբուխ
ՀՄԴ-9 460
ՀՄԴ-10 J00
MedlinePlus 000678
MeSHID D003139

Հարբուխի ախտանշանները

Խմբագրել
 

Հարբուխի ախտանշանները կը սկսին վարակումէն 24-72 ժամ ետք։ Առաջին ախտանշաններն են՝ կոկորդի ցաւ եւ քերուըտուք, քիթի հոսք, փռնգտուք, քիթի խցում եւ շնչասպառութիւն, ինչպէս նաեւ մարմնական ընդհանուր յոգնածութիւն ու կոտրտուք, որոնք կը պատահին առանց ջերմի։ Առաջին քիթի հոսքը մաքուր, բարակ, ջրանման եւ թափանցիկ խլնաթաղանթային հիւթ մըն է. յաջորդող օրերուն ան կը ստանայ լպրծուն, հաստ եւ կիսաթափանց երեւոյթ մը. շատ քիչ պարագաներուն այս հոսքը թարախի կը վերածուի ջերմի բարձրացումին հետ միատեղ։ Վարակումէն 3-4 օր ետք կը յայտնուի չոր եւ մեղմ հազը։ Ախտանշանները կը մնան մօտաւորապէս 7-10 օրեր[1], սակայն հազը կրնայ շարունակուիլ մինչեւ երկու շաբաթ։ Մնայուն ցնցղատապ, սրտի հիւանդութիւններ եւ տկար դիմադրողականութիւն ունեցողներու մօտ, ինչպէս նաեւ շաքարախտաւորներու եւ տարեցներու մօտ հարբուխը կ՚երկարի եւ բարդութիւններ կրնան պատահիլ։ Հարբուխը կը վերջանայ ընդհանրապէս առանց բարդութիւններու. հազուադէպօրէն կը զարգանայ դէմքի խոռոչներու եւ միջին ականջի բորբոքում։

Հարբուխի ախտաճանաչումը դիւրին է. անոր ախտանշանները յստակ են եւ բժիշկը յատուկ տարրալուծարանային քննութիւններու չի դիմեր։

Հարբուխէ տառապող անհատը հետեւելու է դարմանումի հետեւեալ միջոցառումներուն՝ 1-2 օր տունը հանգիստ ընել, առատ հեղուկ խմել, լաւ սնանիլ եւ բարձր ջերմի պարագային գործածել հակաջերմ դեղեր։ Հարբուխի դէմ յատուկ դեղեր չկան. քիթի հակախցիչ, հակաարիւնազեղիչ (decongestants) եւ պարզ հակագերզգայնութեան (anti-allergic) դեղեր ժամանակաւոր հանգստութիւն կու տան, սակայն զգուշանալու ենք «cortisone»ի գործածութենէ։ Մանուկներու, տարեցներու եւ շագանագեղձի ծաւալում ունեցողներու պարագային քիթի հակախցիչ եւ հակաարիւնազեղիչ դեղերը գործածուելու են միայն անհրաժեշտութեան պարագային։ Կարգ մը տնային նախնական դարմանումի միջոցառումներ կը կատարուին, որոնք որոշ օգտակարութիւն չունին. հակարակ որ «C» կենսանիւթը շատերու կողմէ յաճախակիօրէն կը գործածուի, անոր օգուտը չէ փաստուած։ Հակամիքրոպային դեղեր նմանապէս օգուտ մը չունին, սակայն անոնք յանձնարարելի են թոքերու մնայուն հիւանդութենէ տառապող եւ հարբուխէ վարակուող հիւանդներուն։ Հարբուխը կանխարգիլելու համար պատուաստ (vaccine) չկայ, սակայն հարբուխ ունեցող մը կրնայ արգելք հանդիսանալ ուրիշի մը վարակումին՝ պարզապէս փռնգտալու միջոցին թաշկինակ գործածելով եւ յաճախակիօրէն լուալով եւ կամ հականեխելով իր ձեռքերը։

 

Անչափահասներու հարբուխի պարագային, ծնողք մանկաբոյժի դիմելու են, երբ իրենց զաւակը ունենայ հետեւեալ ախտանշանները՝ ականջի ցաւ, 72 ժամէ աւելի տեւողութեամբ բարձր ջերմ, երկարատեւ քնատութիւն, մարմնական տարածուն կարմրութիւն, սուր շնչարգելութիւն, մեզի նուազում, երկարատեւ հազ եւ փսխունք։

Կրիփը (influenza) դարձեալ ժահրային վարակ մըն է, որ կը պատահի ամէն տարիքի եւ ընդհանրապէս ձմրան եւ աշնան։ Ան կը փոխանցուի անհատէ անհատ անմիջական պարզ հպումով եւ դպչելով, օդի միջոցաւ եւ հիւանդին գործածած առարկաներուն դպնալով։ Ան կրնայ համաճարակի վերածուիլ շատ արագ։

Կրիփի ախտանշանները որոշ չափով կը նմանին հարբուխի ախտանշաններուն, որոնք կը մնան 7-14 օրեր։ Կոկորդի քերուըտուքի եւ ցաւի, քիթի խցումի, գլխացաւի, հազի, մարմնական ընդհանուր յոգնածութեան, կոտրտուքի եւ ցաւի հետ միատեղ՝ վարակուողը կ՚ունենայ բարձր ջերմ, դող, քրտինք, եւ ակնազօդաբորբ (conjunctivitis), իսկ բարձր ջերմը կը մնայ 3-4 օրեր։ Այս ախտանշանները կ՚սկսին վարակումէն 2-4 օրեր ետք. կրիփը կ՚սկսի անակնկալ ջերմով եւ դողով. հազը կ՚ըլլայ չոր կամ խուխով եւ յոգնեցուցիչ. գլխացաւին հետ կը պատահի լոյսի անհանդուրժողականութիւն եւ աչքի ցաւ։

Բժիշկին համար կրիփի ախտաճանաչումը ընդհանրապէս բացայայտ է. ախտանշանները յստակ ըլլալով ան յաւելեալ քննութիւններու չի դիմեր։ Սակայն որոշ պարագաներուն, բարդութիւններու երեւումով բժիշկը ստիպողաբար կը դիմէ յատուկ տարրալուծարանային քննութուններու եւ թոքերու X ճառագայթային շողանկարահանումներու։

Կրիփին բարդութիւնները

Խմբագրել

Հազուադէպօրէն անհակակշռուած կրիփը կ՚ունենայ բարդութիւններ. այս բարդութիւններուն կարեւորագոյններն են՝ ուղեղատապ (encephalitis), սրտամկանատապ (myocarditis) եւ թոքատապը (pneumonia), որուն հետեւանքով հիւանդը կ՚ունենայ բարձր-երկարատեւ ջերմ, շնչահեղձութիւն, ձայնաւոր շնչառութիւն, թարախային եւ կամ արիւնախառն խուխ-հազ։

Կրիփին դարմանումը

Խմբագրել
 
Կրիփի պատուաստը

Բարդութիւններէ զերծ կրիփէ վարակուած հիւանդին դարմանումը կ՚ըլլայ հետեւեալ միջոցառումներով՝ 2-3 օրեր տունը հանգիստ ընելով, առատ հեղուկ խմելով ինչպէս նաեւ հակաջերմ, ցաւաբեկ եւ քիթի հակախցիչ ու հակաարիւնազեղիչ դեղեր գործածելով։ Յանձնարարելի է մանուկներուն «aspirin» չտալ։ Բարդութիւններու գոյութեան պարագային, հիւանդը կ՚ենթարկուի հիւանդանոցային խնամքի. հոն հակամիքրոպային դեղերու, ինչպէս նաեւ այլ տեսակի դեղերու գործածութիւնը կը դառնայ պարտաւորիչ։

Կարելի է որոշ չափով կանխարգիլել կրիփը, գործածելով յատուկ պատուաստ մը։ Այս պատուաստը պարտաւորիչ է մանուկներուն, տարեցներուն (65 տարիքէ վեր) եւ այն անհատներուն, որոնք կը տառապին շաքարախտէ, խլիրդէ եւ սրտի ու թոքերու մնայուն հիւանդութիւններէ. ան պարտաւորիչ է նաեւ բոլոր անոնց, որոնք վերոնշեալ խմբաւորումի անհատներուն հետ կ՚ապրին։ Հակակրիփ պատուաստը մանուկներուն կը տրուի ամէն տարի երկու անգամ՝ մէկ ամսուայ տարբերութեամբ, իսկ մնացեալներուն կը տրուի ամէն տարի անգամ մը։

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Eccles R (November 2005)։ «Understanding the symptoms of the common cold and influenza»։ Lancet Infect Dis 5 (11): 718–25։ PMID 16253889։ doi:10.1016/S1473-3099(05)70270-X 
  2. «The common cold»։ Lancet 361 (9351): 51–9։ January 2003։ PMID 12517470։ doi:10.1016/S0140-6736(03)12162-9 

Աղբիւրներ

Խմբագրել