Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն

(Վերայղուած է ՀՄԸՄ-էն)

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Կազմակերպություն

Հ.Մ.Ը.Մ սկաուտական քայլերգ, հեղինակ՝ Տիգրան Չիտունի

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, կռճատուած ձեւը ՀՄԸՄ (արեւելահայերէն՝ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միություն, անգլերէն՝ Armenian General Gymnastic Union կամ Homenetmen, կռճատուած ձեւը՝ HMEM), , 1918-ին հիմնուած Պոլսոյ մէջ, նշանաբանն է «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր», իբր հայկական մարզական եւ սկաուտական սփիւռքահայ կազմակերպութիւն՝ կը գործէ աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ։

Հիմնադրում Խմբագրել

ՀՄԸՄ-ի հիմնադրումը սերտօրէն կապուած է 19-րդ դարուն՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ծայր առած մարմնամարզական շարժման հետ։ Դեռ մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին կը գործէին բազմաթիւ մարզական ակումբներ եւ հաստատութիւններ։ Անոնցմէ էին Կոստանդնուպոլսոյ եւ անոր շրջակայքը հիմնուած Սկիւտարի, Սանթրալի, Գում Գափուի, Բերայի, Սամաթիայի, Գատըգիւղի ակումբները։

«Մարմնամարզ» թերթի ոգիով մեծցած երիտասարդներու խումբ մը հիմնեց ՀՄԸՄ-ը տեսնելով Պոլիս հաւաքուած հայ գաղթականներն ու որբերը, որոնք սկսած էին հաւաքուիլ եկեղեցիներու եւ որբանոցներու մէջ։ Պէտք էր օգնութեան հասնիլ իրենց, մասնաւորաբար հոգ տանիլ իրենց մարմնական առողջութեան։ Անհրաժեշտ էր այդ պատանիները պատրաստել ապագայ հայ մարդ ըլլաու՝ առողջ եւ ամուր նկարագրով։ ՀՄԸՄ կը գործէ Հայաստանի ինչպէս նաեւ տասնեակ հայ գաղթօջախներու մէջ։

ԱՄՆ-ի մէջ Խմբագրել

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան, (ՀՄԸՄ) ԱՍՆ-ի մասնաճիւղեր, 1918 թուականին Կ. Պոլիսին մէջ ծնունդ առած ՀՄԸՄ-ի առաջին մասնաճիւղը ԱՍՆ-ի մէջ հիմնուած է 1921 թուականին, Նիու Եորքի մէջ Մ. Խուբեսերեանի, Օ. Քեմանճեանի, Յ. Գարապեկեանի նախաձեռնութեամբ։ Նպատակը հայ պատանիներու եւ աղջիկներու ֆիզիքապէս առողջ դաստիարակութիւնն է, անոնց հայրենասիրութեան ոգով տոկորելը։ Կազմակերպութիւնը կը ծաւալէ մարզական, սքաուատական, ընկերային գործունէութիւն։ 1968 թուականին սկսած են կազմակերպուիլ Գալիֆոռնիայի մասնաճիւղերը։ Գործած են ՀՍՌՄ Գալիֆոռնիայի եւ Արեւելեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնները։ Կազմակերպուած են միջմասնաճիւղային, համագաղութային ամենամեայ մարզական միջոցառումներ (նաւասարդեան խաղեր), Հայաստանի եւ Գալիֆոռնիայի ՀՄԸՄ մասնաճիւղերու սկաուատական բանակումներ։

Մասնաճիւղեր կը գործեն Լոս Անճելեսի, Ֆրեզնոյի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Փասատինայի, Կլենտէյլի, Օրէնճ Քաունթիի, Սան Տիէկոյի, Սան Ֆեռնանտոյի, Պոսնոյի, Նիու Եորքի, Նիու Ճըրզիի, Տիթրոյթի, Ֆիլատելֆիոյ, Պեյսայտի, Փրովիտընսի, Ուաշինկթոնի, Հարաւային Ֆլորիտայի, Ալբնիյի մէջ։ Գրեթե բոլոր մասնաճիւղերը ունին ճատրակի, ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, թենիսի, քոնկֆու-քարադէյի, թեթեւ աթլեդիքայի, դաշտային խաղերու խմբակներ։ Հրատարակած է «Լրատու» (1986, Լոս Անճելըս), «Կոչնակ» (1980-1982, Կլենտէյլ) պարբերականները, «Ասպարէզ» օրաթերթի «Հայասա» յաւելուածը։

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Կաղապար:Հայկական սփյուռք