Համակարգիչը, մեքենայ մըն է, որ կը մշակէ տուեալները, տրուած հրամաններու ցանկին համաձայն։

ՆԱՄԱ-ի «Քոլամպիա» գերհամակարգիչը:
Առաջին Ելեկտրոնական թուային, վերածրագրաւորող «ENIAC» համակարգիչը:

Համակարգիչները արտաքնապէս կը տարբերին իրարմէ։ Առաջին ելեկտրոնական համակարգիչները, որոնք ստեղծուած են IBM ընկերութեան կողմէն ԱՄՆ-ի մէջ, 1941 թուականին. մեծ սենեակի մը տարածութիւնը կը զբաղեցնէին, իսկ անոնց ելեկտրական ծախսը կը հասնէր հարիւրաւոր ժամանակակից համակարգիչներու ելեկտրական ծախսին[1]։

Այսօր համակարգիչները հիմնուած են միահաւաք շրջոյթներու վրայ եւ միլիարաւոր անգամներ արագ կը գործեն[2]։ Այժմ պարզ համակարգիչը կարելի է տեղաւորել նոյնիսկ ձեռքի ժամացոյցին մէջ եւ սնուցել ժամացուցային մարտկոցով։

Անձնական համակարգիչները ունին տարբեր ձեւեր, դարձած է «Տեղեկատու Դարի» նշանը եւ սովորաբար մարդիկ «համակարգիչ» ըսելով զայն կը պատկերացնեն։ Սակայն իրական ամէնատարածուած համակարգիչները ներդրուած համակարգիչներն են, որոնք կը կիրառուին ամէնուրեք՝ ռազմական օդանաւերէն մինչեւ խաղալիքներու մէջ։

Համակարգիչներու ունակութիւնը պահպանելու եւ կատարելու ծրագրեր կոչուող հրամաններու ցանկերը կը դարձնեն զանոնք չափազանց բազմանպատակ եւ կը տարբերին համակարգիչները հաշիւներով։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1946-ին, ENIAC-ը կը սպառէր մօտաւորապէս 174 կՎտ։ Ի համեմատութիւն՝ սովորական անձնական համակարգիչը այսօր կը սպառէ 1700 անգամ աւելի քիչ ելեկտրականութիւն, որպէս միջին 100 Վտ քիչ մը աւելի։ Ժամանակակից համակարգիչների Էներգիայի սպառում Պենսիլվանիայի համալսարանի կայքում
  2. Առաջին համակարգիչները, որոնցմէ՝ Colossus-ը եւ ENIAC-ը վայրկեանի մը ընթացքին կը կատարէին 5-էն 100 գործողութիւն։ Ժամանակակից միկրոմշակիչները կրնան մէկ վայրկեանի ընթացքին կատարել միլիարդաւոր գործողութիւններ եւ այդ գործողութիւններէն շատերը աւելի բարդ եւ աւելի օգտակար են, քան առաջին համակարգիչներու կատարած գործողութիւնները։