Հայկական Հարսանիք

Հայկական Հարսանիք, Վաղ հեթանոսական շրջաններէն հասած հարսանեկան աւանդութիւններ:

Արտաշէսի եւ Սաթենիկի հարսանիքը Խմբագրել

Մեզի յայտնի ամենահին հայկական հարսանիքներէն՝ Արտաշէս թագաւորի եւ Սաթենիկի հարսանիքի մասին է: Այսպէս գովերգած են հայ գուսանները. «Ոսկի անձրեւ կը տեղար Արտաշէսի փեսայութեան պահուն, մարգրիտ կը տեղար Սաթենիկի հարսնութեան պահուն»:

Հայկական հարսանիքներ՝ ժամանակի ընթացքին Խմբագրել

Պատմութեան ընթացքին, քրիստոնէութիւնը փոխարինելով հեթանոսութեան, հայոց համար սկսաւ նոր ժամանակաշրջան: Սակայն հայը կառչած մնաց իր աւանդութիւններուն ու ինչպէս հին ատեն, այնպէս ալ այսօր, հայը կը սիրէ իր զաւակը ամուսնացնել շքեղ հարսանիքներ կազմակերպելով:

Հայոց հին գաւառներուն մէջ, հարսանիքը շատ մեծ իրադարձութիւն էր, տղայ կամ աղջիկ ամուսնացնող ընտանիքը ամբողջ տարին կը պատրաստուէր այդ արարողութեան. Գարնան կամ ամրան կ'աշխատէին բերքն ու բարիքը կ'ամբարէին, որպէսզի աշնան կամ ձմրան փառաւոր շուքով հարսանիք կատարէին:

Իւրաքանչիւր գաւառ ունեցած է իրեն բնորոշ հարսանեկան աւանդութիւնները, որոնց մեծ մասը փոխանցուցած է այսօրւան, միւս մասն ալ ձեւափոխուելով, նորօրեայ շունչ ու ճաշակ ստանալով հասած է մեզի: Այստեղ փակագիծներ բանալով պէտք է նշել սակայն, որ հայկական ծիսակարգային համալիրը եթէ մէկ կողմէ խափանուած է 1915-ի Եղեռնի հետեւանքով, արեւմտահայ հատուածի համար, ապա մէկ ուրիշ տարբերակը տեղի ունեցած է Արեւելահայաստանի մէջ, խորհրդային վարչակարգի կործանարար ազդեցութեան ներքոյ: Երկու պարագաներուն ալ խախտելով ու ոչնչացնելով ազգային երանգ կրող բոլոր ծիսական աւանդութիւնները, յանգեցնելով մշակութային եղեռնի:

Հիմա որ թեւակոխած ենք բոլոր նշուած խանգարող հանգամանքները, արժէ որ մեր ժողովուրդը կրկին հաղորդակից դառնայ հայու մաքրամաքուր ոգիին, խորհուրդին, մանաւանդ երբ մերօրեայ օտարոտի սովորութիւնները կը վտանգեն մեր ազգային դիմագիծը. Թէպէտեւ տրամաբանօրէն կարելի չէ վերադառնալ հին դարերու բնօրինակին, եւ ապրիլ մեր նախնիներուն պէս, բայց եւ այնպէս պէ'տք է իմաստաւորել իւրաքանչիւր ծէսն ու արարողւթիւնը, ներշնչանք ունենալով մեր նախնիներու խորհուրդներն ու ոգեղէնութիւնը:

Վերադառնալով հայկական աւանդական հարսանիքին որ գաւառները ունէին իրենց իւրայատուկ աւանդութիւնները: Սովորութիւն էր փոքր տարիքէն աղջիկները վարժեցնել տնային աշխատանք, ձեռագործ ասեղնագործ, կար ու ձեւ, խմոր հունցել, հաց թխել, եւ այլն, եւ կ'անցնէին իրենց օժիտի պատրաստութեան. Իտկ տղաքը անհրաժեշտ էր, որ արհեստ մը ունենային:

Հին ժամանակ միշտ չէր որ տղան կ'ընտրէր իր հարսնցուն, շատ յաճախ այդ մէկը կ'ընէր իր մայրը: Որոշ շրջաններու մէջ ալ գոյութիւն ունէր մէկ այլ իւրայատուկ եւ տարօրինակ սովորութիւն մը՝ «օրօրոցային խազը». Այս միջոցով՝ կ'որոշուէր միեւնոյն ժամանակ ծնած տղան եւ աղջիկը իրարու հետ ապակելը, իրենց ծնողներուն կողմէ: Հարսանիքէն առաջ կը սկսէր աւանդական «աղջիկտեսը», ապա «խնամախօսութիւնը», «խօսքկապը» ու «նշանադրութիւնը», ապա «հարսնտեսը», ուր կը դրսեւորուէր հարսընցուին շնորհքները:

Հայերը ունեցած են նաեւ «փեսատեսի» սովորութիւնը, աղջկան հարազատներու կողմէ այցելութիւն փեսացուի տուն՝ ստուգելու համար փեսային ունեցուածքն ու կարողութիւնը: Եղած է նաեւ ուրիշ ծէս մը, որուն ընթացքին երկու կողմերը որոշած են հարսանիքի հաւանական օրը եւ մնացեալ մանրամասնութիւնները, որ կոչուած է «հղէ կտրել»:

Գալով հարսանեկան տարազներուն՝ եղած են իւրայատուկ եւ գեղեցիկ, յաճախ ոչ ճերմակ այլ՝ գունաւոր, ուր գերակշռած է կարմիր գոյնը՝ ի նշան պտղաբերութեան եւ յարատեւութեան: Կարեւըր բաղադրիչներն էին յատկապէս գօտին եւ քօղը: Ամբողջովին ասեղնագործուած ու ձեռքով կարուած հարսանեկան տարազը կը պատրաստուէր փեսացուին ազգականներուն կողմէ եւ կը կոչուէր «պոյչափէքի» ծէս: Այս գործին կը մասնակցէին յատկապէս ամուրի աղջիկները՝ իրենց բախտն ալ բացուելու անկնկալութեամբ: Տղու կողմի պարտականութիւնն էր նաեւ անահովել հարսի քօղն ու կարմիր կօշիկները:

Պէտք է նշել, որ հին հայաշխարհի հարսանիքները կը տեւէին եօթը օր, յատկապէս հարուստ ընտանիքներուն մօտ՝ եօթը օր ու գիշեր խրախճանքով եւ ուրախ արարողութիւններով կը նշէին այս իրադարձութիւնը:

Մինչեւ հարսանիք, կարգ մը հետաքրքրաշարժ սովորութիւններ Խմբագրել

  • Սգաւոր ազգականներէ հարսանիքի թոյլտուութիւն կը խնդրուէր:
  • Հարսանիքի նախօրեակին գժտուած ազգականներու հիտ կը հաշտուէին, որպէսզի հարսանեկան ուրախութիւնը լիարժէք ըլլար: -Հարսանիքէն երկու օր առաջ փեսային տան մէջ տեղի կ'ունենար հարսանեկան հաց թխելու արարողութիւնը՝ կանայք յատուկ երգերով եւ բարեմաղթութիւններով ուղեկցուած կը թխէին այդ հացը, որ կը կոչուէր «հացթուխ», «գաթաթուխ», «ալրամաղէք», «տաշտադրէք», տարբեր գաւառներ, տարբեր անուններով, իտկ եզ մորթելու արարողութիւնը՝ «եզմորթէք» -Նոյն օրը պաշտօնապէս կը տեղեկացուէր հարազատներուն՝ հարսանիքի օրը:
  • Փեսացուն քանի մը ընկերներով կ'այցելէր գերեզմանատուն, հին ու նոր ննջեցեալներու հոգիներուն արքայութիւն մաղթելու:

Փեսային տունը Խմբագրել

Փեսային տան մէջ յատուկ խնճոյքով կ'ընտրուէր ամուրի երիտասարդներու խումբ մը, զոր կը գլխաւորէր «ազապպաշին» միշտ մնալու համար փեսայի կողքին. Այս ընտրութեան ծէսը կը կը կոչւէր «ազպանստում»: -Հարսանիքէն առաջ երիտասարդ աղջիկներն ու տղաքը իրենց մատներուն հինա կը քսէին, որ կը կոչուէր «հինում»:Վերեւ նշուածները կը վկայեն հայու աւանդապաշտութեան, մեծերը յարգելու գեղեցիկ սովորութեանց մասին:

  • Փեսայի տան մէջ յատուկ խնճոյքով կ'ընտրուէր ամուրի երիտասարդներու խումբ մը, զոր կը գլխաւորէր «ազապպաշին» միշտ մնալու համար փեսայի կողքին. Այս ընտրութեան ծէսը կը կը կոչւէր «ազպանստում»:
  • Հարսանիքէն առաջ երիտասարդ աղջիկներն ու տղաքը իրենց մատներուն հինա կը քսէին, որ կը կոչուէր «հինում»:
  • Փեսայի տան մէջ, մէկ օր առաջ խնճոյքի գինին համտեսելու եւ սափորներու մէջ լեցնելու արարողութիւնը, որ կը կատարուէր հարսի տղամարդ ազգականներու կողմէ կը կոչուէր «գինեթափէք»:
  • Փեսային տունը՝ փեսային հագցնելու ծէսը կը կոչուէր «թագադրում». Փեսան՝ «թագաւոր» հարսը՝ «թագուհի»: Փեսային տան բակը ընկերները կը նստեցնէին փեսան, կը սափրէին, մազերը կը կտրէին, ու կը լոգցնէին, անպայման քաւորի ներկայութեան, այս կը կոչուէր «փեսաբաղնիք», իսկ ուղեկցող ազապները քաւորը միաբերան կը բացականչէին «շնորհաւո՜ր.........» այդ պահուն էր, որ քաւորի կամ կնքահօր սուրը, որ կարեւոր խորհըրդանիշ էր հին հարսանիքներու ժամանակ, քաւորն այդ սուրը պէտք էր թաթխէր մորթուած եզան արեան մէջ պտտցնէր փեսային, յետոյ նաեւ հարսին գլխավերեւը՝ չար ուժերը փախցնելու նպատակով: Այս պահուն ամուրիները՝ «ազապ»ները կը ջանային բան մը թռցնել քաւորէն, վերադարձնելու պայմանաւ, միայն այն ատեն, երբ քաւորը դրամ խոստանար:
  • Փեսային հագուստին վրայ կապուող խաչաձեւ երկու լայն ժապաւէնները, կարմիր եւ կանաչ գոյներով, այնքան տարածւած էր, որ յաճախ տղոց կը հարցնէին «ե՞րբ կանաչ կարմիր պիտի կապես», փոխանակ հարցնելու «ե՞րբ պիտի ամուսնանաս»:

Այսպիտի ժողովրդական խաղիկ կայ.

  Մեր թագաւորն է խաչ

Խաչվառ խաչ ու մաչ Պսակն էր կարմիր Արեւն էր կանաչ... Իսկ աղջկան կ'ըսէին. Կարմիր ու կանաչ հագնիս,

Նռան հատիկ նմանիս...
- Ժողովրդական երգ
 


  • Հարսին եւ փեսային գովքը, հայկական աւանդական բանահիւսութեան մէջ կը կոչուէր «ծաղկոց»: Այս գովքի ժամանակ կը թուէին հարսի եւ փեսայի արժանիքներն ու բարեմասնութիւնները: Անմահն Կոմիտաս միայն, հարիւր ժողովրդական երգ ու խաղիկ մշակած է այս առիթով, որմէ ալ կարելի է ենթադրել, թէ որքան հարուստ եղած է հայկական հարսանեկան ծէսը, որուն հիման վրայ ստեղծուած է երգարուեստը, պարարուեստը, խաղիկներ, կենացներ, մեծարժէք խրատներ, եւայլն, որոնք սնուցած ու հարստացուցած են ժողովուրդական արուեսը:

Այսպիսի երգ՝

  Թագուորի հետ դուրս արի, Տես քեզ ինչեր են բերլ...:
- Ժողովրդական երգ
 


Հարսին տունը Խմբագրել

Այստեղ հարսանեկան տրամադրութիւնը կը սկսէր հարսին լոգցնելու արարողութեամբ, իր ընկերուհիերու ընկերակցութեամբ դարձեալ նորէն յատուկ երգերով ծաղկեցնելով այդ առիթը: Այստեղ արժանի է յիշել «հալաւօրհնէքը» երբ քահանան յատկապէս կը հրաւիրուէր հարսի, ապա փեսայի հանդերձանքը օրհնելու նպատակով: Վերջապէս կու գայ հարսանիքի օրը: Այդ առաւօտուն, փեսային տան կտուրէն զուռնան կ'ազդարարէր հարսանիքի ստիզբը, «նուագ զուռնայի»: Այսօրուան հարսանիքներու ընթացքին հարսն ու փեսան կը հանդիպին եկեղեցիին բակը, մինչդեռ հին գաւառական կարգը այլ էր: Փեսան, քաւորը, ընկերներով եւ ազգականներով կ'երթային հարսին տունը, անոր ուղեկցելով եկեղցի. Այս արարողութիւնը կը կոչուէր «հարսնառ»: Ներկայ կ'ըլլային նաեւ կնքահայր, կնքամայր, փեսախպէրը, հարսնքոյրը, պարողներու եւ մակարներու խումբով շրջապատուած, իրենց հետ տանելով նուէրներ, հարսին հագուստը, մատուցարանի վրայ զետեղւած: Հարսին տունը, քաւորի կինը, ծաղկուորներու օգնութեամբ, երգելով, հարսին կը հագցնէին ու մազերը կը հիւսէին յատուկ գովերգներով, իսկ տունէն հարսին հրաժեշտ տալու ժամանակ մխիթարական ու տխուր երգեր կը հնչեցնէին ի դէպ՝ հարսանեկան երգերու մէջ միաժամանակ կը հանդիպինք ուրախ նաեւ տխուր «լացերգ»ներու, եղած են նաեւ կատակ երգեր: Ահաւասիկ հարսանեկան խաղիկ մը.

  Մտանք տուն, իջանք ուշիկ-ուշիկ

Փեսան կը նայէր լռիկ մնջիկ» Մշու սարեր մշուշ էր Աղջկայ տունը քնքոյշ էր Հարսի քօղը նախշուն էր

Փեսի դէմքը անուշ էր...:
- Հարսանեկան Խաղիկ
 


Այսպէս, հարսին հագցնելով կը նստեցնէին վարագոյրին ետեւ: քաւորը կը կապէր հարսի գօտին ըսելով. «Աստուած ղոչ տղայ», տեղին է նշել, որ հադսանեկան գօտիները՝ գեղեցկօրէն նախազարդարուած կ'ըլլային ազգային նաշխերով, որ կը խորհրդանշէր պտղաբերութիւն, հասունութիւն: Փեսան կը մօտենար արդէն զուգուած զարդարուած հարսին, կը բարձրացնէր քօղը ու կը նայէր հարսին րէմքին: Կը պատահէր, որ փեսան հարսին դէմքը առաջին անգամ կը տենէր: Հարսը հրաժեշտ կու տար հայրական օճախին, համբուրելով թոնրի շուրթը, տան մեծերը եւ «հարսնառնելով» կ'ուղեւորուէր դէպի եկեղեցի: Հարսի ձեռքին պարտադիր պէտք էր ըլլար ասեղնագործուած դաշկինակ մը կապուած փեսային գօտիին՝ ի նշան միասնութեան, բարձր երգերով, որպէսզի չար ուժերը հեռացնէին:

Եկեղեցին, նորապսակներուն գլխավերեւը՝ քաւորը սուր ու վահան կը բռնէր «չար ուժերը» հըռացնելու մտադրութեամբ, իսկ եկեղեցիի խորանին առջեւ տեղի կ'ունենար մեզի արդէն յայտնի Ս. Պսակի արարողութիւնը, որ կը համարուի հայ առաքելական եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն մէկը. Այստեղ է արդէն, որ քահանան հարսի գլխուն կը կապէր «նարօտը», որ բրդեայ գոյնզգոյն թելերով հիւսուած պսակ էր: Ապա ժամերգութենէն յետոյ քահանան կու գար հանելու Նարօտը, թոյլատրելով անոր մտնելու հարսանեկան առագաստ: Պսակադրութենէն յետոյ հարսանառներու շքախումբը կ'երթար տղու տուն, անպայմանօրէն ուրիշ ճանապարհով: Կարգ մը շրջաններ հարսը կը նստեցնէին ձիու վրայ, աւելի ուշ՝ ձիակառգով բայց շքախումբը կ'երթար քալելով:

Այսօրուան հարսանիքները գուցէ աւելի շքեղ են, սակայն իմաստային առումով աւելի աղքատիկ են, քան հայոց աւանդական հարսանիքները:

Երբ հարսը կը մօտենար փեսայի տան շեմին, փեսայի մայրը անոնց երկուքին ուսերուն կը դնէր հայկական հացը՝ լաւաշը, ու անոնց կը կերցնէր մեղրով ընկոյզ, որ բարեբերութեան եւ ուժի նշան էր, իսկ հարսն ու փեսան կօշիկներու ուժեղ զարկերով կը կտրէին տան մուտքին դրուած պնակները՝ չարը խափանելու մտադրութեամբ: Այս երկու սովորութիւնները մինչեւ օրս ալ պահպանուած եւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Տուն մտնելէ ետք, հարսին կը նստեցնէին իրեն համար պատրաստուած յատուկ տեղը ու գիրկը կու տային տղայ նորածին երեխայ, որ նշան էր առողջ յղիութեան եւ տղայ բերելուն: Ապա հանդիսաւոր շուքով հարսին կը տանէին աւանդական հարսանեկան խնճոյքին մասնակցելու: Այս արդէն ճոխ արարողութիւն էր, որուն կը սպասէր ամբողջ գիւղը, առատ ուտելիք, երգ ու նուագ, պարով, բարեմաղթանքներով: Խնճոյքը վարելու համար կ'ընտրուէր «սեղանապէտ» կամ «թամատա», որ բազմաթիւ կենացներով կը ծաղկեցնէր ու կը քաղցրացնէր հարսանիքը: Այդ կենացներէն կարեւոր տեղ կը գրաւէր, ծնողներուն, տան աւագներուն յիշատակին համար խմուած կենացները, իսկ նորապսակներու կենացներուն ընդմէջէն, անոնց կը մաղթէին բարի բախտ, ամուր ընտանիք, առողջ երեխաներ, մեծի խօսքը լսել ու յարգել, ոտքը քարին չդպչիլ, եօթը որդիով սեղան նստիլ, մէկ բարձի վրայ ծերանալ, եւ շատ այլ կենացներ:

Կենացներու սովորութիւնը այսօ'ր ալ Հայաստանի մէջ բաւական լաւ պահպանուած է, ու զարգացած, նոյնիսկ յատուկ վճարովի թամատաներ կան կենացներ ծաղկեցնելու:

Հարս ու փեսայէն յետոյ հարսանիքի կարեւոր դերակատարները կը համարուէին քաւորն ու իր կինը. Այդ պատճառով անոնց ընտրութիւնը եղած է բարդ ու պատասխանատու եւ կատարուած է երկար բանակցութիւններու եզրայանգումով, որովհետեւ ան միշտ մնալու էր ընտանիքի քաւորը, պիտի մասնակցէր երեխայի ծնունդին մկրատմանը, ընտանիքի ուրախ եւ տխուր առիթներուն, իսկ քաւորին կինը իր հերթին պէտք է դեռատի աղջկան ծանօթացնէր ընտանեկան կեանքի մանրուքներուն ու խնդիրներուն, պահպանելու համար ընտանեկան անդորրը. Մէկ խօսքով անոնք օրինակ պէտք է հանդիսանային նորապսակ զոյգին համար ի կարգին հաշտեցնելով ու մեղմելով անոնց գժտութիւնները:

Արժանի է յիշել այսպիսի հետաքրքրաշարժ սովորութիւն մը. Հարսը հագցնելու ժամանակ հարսի եղբայրը կոչ կ'ուղղէ հաւաքուած մարդոց. «ժողովո'ւրդ, հարսի շապիկը չի մտներ հարսի գլուխէն, ի՞նչ ընենք» այդ պարագային, քաւորը յառաջանալով մէկ ոսկի կու տար, զգեստաւորումը շարունակելու համար, կամ ալ հարսին կօշիկը կը փախցնէր, եւ չէր վերադարձնէր մինչեւ քաւորը դրամ չտար:

Հարսին զգեստին կարեւոր մէկ բաղկացուցիչը կը կազմէր քաւորին նուիրած հարսանեկան ճերմակ քօղը: Հարսը՝ եթէ այդ քօղը ամուսնական գիշերուան յաջորդող առտուն հանած ըլլար իր գլուխէն, կը նշանակէ, թէ ամուսնութիւնը տեղի ունեցած էր եւ ամէն բան կարգին էր: Ասոր կը յաջորդէր մէկ ուրիշ գեղեցիկ սովորութիւն մը, երբ քաւորկինը հարսին գլխուն կ'անցընէր ուրիշ քօղ մը, որ պէտք է մնար մինչեւ առաջին երեխային ծնունդը: Այս երեւոյթը տարբեր էր գաւառէ գաւառ: Ինչպէս ըսինք քաւորին կը վերագրուէր անսովոր ուժ մը, որուն շնորհիւ ի վիճակի էր պաշտպանելու ընտանիքը բոլոր չար ուժերէն եւ ապահովելու անոր բարգաւարճումը: Հետագային, կնքահօր եւ կնքամօր իւրաքանչիւր այցը փեսային տունը, համընտանեկան իրադարձութիւն կը համարուէր, իսկ անոնց խօսքը՝ օրէնք:

Վերադառնալով հարսանեկան խնճոյքին՝ կ'անցնէր ուրախ տրամադրութեամբ, երգերու եւ պարերու ուղեկցութեամբ: Հայերը ունէին շատ մը հարսանեկան պարեր՝ «Լօրքէ», «Թամզարա», որոնք ապագային ներկայացուցած են բոլոր ուրախութիւններու ժամանակ: «Թամզարա» երգ-պարը ունեցած է տասէ աւելի տարբերակներ, տարբեր գաւառներու մէջ: Հարսանիքի ժամանակ նաեւ եղած է փեսային հօր եւ մօր միջեւ «կատակ պար» կռուի ձեւով, ուր միշտ կինն էր, որ կը յաղթէր եւ ամուսինը գետին կը փռէր: Եղած են նաեւ «Շորորա» եւ «Ցուցք»՝ ցուցադրական պարեր, խմբային պարեր, շուրջպարեր եւ մանաւանդ մենապարեր: Աւանդական հարսանիքներուն ժամանակ շատ կարեւորութիւն տրուած է հարսի պարին: Մեր երաժշտական արուեստին մէջ կը գտնուին յայտնի եղանակներ, որոնք կը կոչուին «հարսի պարեղանակ», սովորաբար պարելու ժամանակ է, որ հարսին տուած են թանկարժէք նուէրներ: Սա եղած է նախավերջին պարը, իսկ վերջինը եղած է «Մոմերու պարը», որ պարած են բոլոր երիտասարդները մեծ մեծ շրջանակ կազմելով եւ ձեռքերնին մէկական մոմ բռնած:

Հարսանեկան բուն օրուան խնճոյքը կ'աւարտէր, երբ քահանան տուն կու գար եւ փեսային խաչկապն ու հարսին Նարօտը կը հանէր, ինչպէս նաեւ փեսային սուրը՝ պատեանէն, ապա անոնց կը թոյլատրուէր մտնելու ամուսնական առագաստ: Հայկական գեղեցիկ բառ մը ունինք՝ «թագվերաց», որ կը խորհրդանշէ նարօտը եւ խաչկապը վերցնելու արարողութիւնը: Պսակէն մէկ շաբաթ ետք եղած է «գլուխ լուայ»ի արարողութիւնը: Հարսին մայրը եւ ազգական կիներ կը լուային հարսին գլուխը: Տեղի կ'ունենար նաեւ հիւրասիրութիւն, իսկ հարսը իր կողմէն փոքր նուէրներ կո տար այցելուներուն (ձեռագործ, կերպաս, եւայլն):

Եղած է նաեւ «խնամականչ». Հարսանիքէն ետք հարսին ընտանիքը կը հրաւիրուէր փեսային տունը՝ հիւրասիրութեան: Կարգ մը գաւառներուն մէջ գոյութիւն ունեցած է հարսանեկան «քառասունք»: Այս միջոցին տարեց կիներ չէին երթար գերեզմանատուն, չէին երչար թաղումներու, հարսը չար ուժերէ պաշտպանելու հոգեբանութեանբ: Իսկ հարսը քառասուն օր ետք «դարձ»ի կ'երթար հօրը տունը եւ կը մնար մէկ շաբաթ: Կար նաեւ հարսերու «չխօսական»ութիւնը: Հարսը կեսրայրին եւ տան միւս տղամարդոց հետ չէր խօսեր մինչեւ առաջին զաւակին ծնունդը:

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ Եւ անոնց հետ կապուած Աւանդութիւններ, Պէյրութ 2012, Հին հայկական սովորութիւններ։