Հայկական կնիքներ

Պատմական Հայաստանի մէջ կնիքներ, յայտնաբերուած են ՔԱ. 4էն 3-րդ հազարմեակներուն՝ արեւմտեան շրջաններուն մէջ, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին հնագոյն դրսեւորումները կը պատկանին ՔԱ 3-էն 2-րդ հազարամեակներուն։

Հին կնիքներ Մեքսիքայէն եւ Էքուատորէն

Ընդհանուր Խմբագրել

Կնիքներու ծագումը կապուած է Հին Արեւելքի քաղաքակրթութեան պատմութեան հետ։ Յենելով հնագիտական նորագոյն տուեալներու վրայ՝ կարելի է փաստել, որ առաջին կնիքները կիրառուած են ՔԱ 8-էն 7-րդ հազարամեակներուն։

Եգիպտոսի եւ Ուրարտուի մէջ կնիքները ծառայած են իբրեւ վկայագրի հարազատութեան վաւերացման նշան։ Առաջին կնիքները ունեցած են գլանի ձեւ՝ պատկերներով եւ արձանագրութիւններով. զայն գլորած են հում կաւէ պատրաստուած սալիկներու վրայ՝ փաստաթուղթի բովանդակութիւնը դրօշմելու նպատակով։

Միջին դարերուն, Եւրոպայի մէջ եւ շարք մը այլ տեղեր օգտագործուած է կախովի կնիք. իսկ 14-15-րդ դարերէն սկսեալ կախովի կնիքներիուն կը փոխարեն մոմի վրայ դրօշմուած կնիքները, ինչպէս նաեւ ներկանիւթերու միջոցով դրօշմուողները։ Այնուամենայնիւ, կախովի կնիքները մինչեւ 20-րդ դար կ՛օգտագործուէին՝ յատկապէս Վատիկանի մէջ։

Հայաստանը՝ կեդրոն Խմբագրել

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ Հարաւային Կովկասի մէջ եղած են կնիքներու ընդօրինակման քանի մը կեդրոններ՝ գլխաւորաբար Հայաստանի մէջ։ Պատմական Հայաստանի մէջ կնիքներ յայտնաբերուած են ՔԱ. 4էն 3-րդ հազարմեակներուն՝ արեւմտեան շրջաններուն մէջ, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին հնագոյն դրսեւորումները կը պատկանին ՔԱ 3-էն 2-րդ հազարամեակներուն։

Տեսակներ Խմբագրել

Հայաստանի հնավայրերէն յայտնաբերուած են քարէ կոնաձեւ, սկաւառակաձեւ, գլանաձեւ փոքր կնիքներ եւ անոնց դրօշմուածքներով առարկաներ։ Ուրարտական շրջանի կնիքները յաճախ զարդարուած եղած են թեւաւոր աստուածներու, անգղի, օձի, երկգլխանի կենդանիներու, սրբազան ծառերու, լուսնի, խաչի եւ այլ պատկերներով։ Վանի թագաւորութեան մէջ արքայական եւ աստուածային իշխանութեան խորհրդանիշը արեւի սկաւառակն էր, որ առկայ է բազմաթիւ կնիքներու վրայ։ Այդ շրջանի կնիքները կը պատկերէին մեհենագիրեր, որոնց հիմնական մասը վերծանուած չէ։

Վանի թագաւորները կնիքներով կը դրօշմէին այն կաւէ սալիկները, որոնց վրայ ուղերձներ, հրովարտակներ կամ համաձայնագիրներ կը գրուէին,։ Ուրարտական խեցեղէններու վրայ կան կնիքներու դրօշմներ, որոնք կը վկայեն տուեալ խեցեղէնին պատկանիլը խեցեգործական այսինչ կամ այնինչ արհեստանոցին։ Իւրաքանչիւր պետական կազմաւորում կը փորձէր իւրայատուկ կնիք ստեղծել։ այդպիսիք ստեղծած են Վանի տիրակալները, որոնք իրենց կնիքներուն շինել տուած են կոնի ձեւով։ Անոնց դրօշմուող մակերեսին վրայ կայ փորագիր տեսարան՝ կապուած Վանի առասպելաբանութեան հետ։

Ստեփանոս Օրբէլեան պատմիչը կը հաղորդէ, որ Սիւնեաց իշխաններու կնիքները կը կոչուէին վարազագլոր, քանի որ անոնց վրայ վարազի պատկեր կար, որ ուժի եւ իշխանութեան խորհրդանիշն էր։

Խումբեր Խմբագրել

Հին ուրարտական կնիքները կարելի է խմբաւորել մեհենագիրերու ուսումնասիրութեան տեսանկիւնէն։ Առաջին խումբը կրօնական բովանդակութիւն ունին։ Անոնք կը գտնուին կնիքի յատակի կողմը եւ հիմնականին մէջ կը կրեն մէկ պատկեր՝ կենդանական կամ դիցաբանական։ Անոնք կամ տուեալ աստծոյ պաշտամունքի պատկերացումներուն հետ կապուած են, կամ ունեցած են զինանշանային բնոյթի պատկերներ։ Երկրորդ խումբի կնիքներուն վրայ կան պատկերներ եւ անոնց հետ նաեւ պատկերագիրեր։ Երրորդ խումբը կը պարունակէ բաւական փոխկապակցուած գրութիւններ։ Ասոնք՝ երեք-չորս պատկերագիր նշան ունեցող կնիքներն են, որոնք յստակ անուններ կը բովանդակեն։

Տարբեր գործառոյթներ Խմբագրել

Հնագոյն շրջաններուն կնիքները կը կրէին պերճանքի առարկաներու հետ՝ Հուլունքաշարէն կամ վզնոցէն կախուած։ Այդ կնիք-դրօշմիչներով կը դաջէին այս կամ այն ցեղի կամ տոհմի ներկայացուցիչներու մարմիններուն բաց մասերը՝ տուեալ խումբի պատկանելիութիւնը ցոյց տալու համար։ Այսինքն՝ նախնական կնիքները պատկանելիութիւն ցոյց տուող առարկաներ էին։ Այս կնիքներուն փոխաբերական իմաստով միայն կարելի է կնիք ըսել։ աւելի ճիշտ՝ անոնք դրօշմիչներ էին կամ թաթու։ Հայաստանի մէջ եղած են, եւ մինչեւ հիմա ալ կը պահպանուին 5-րդ հազարամեակէն մնացած նման դրօշմիչներու կտորներ։ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ կնիքներ պատրաստած են գլխաւորաբար զանազան տեսակի քարերէ։ Շատ քիչ են պրոնզէ, կաւէ կամ կենդանիի ոսկորէ պատրաստուած կնիքներ։

Հնագոյն կնիքներու միջոցով կարելի է պատկերացում կազմել հին ժողովուրդներու կենցաղին, պաշտամունքին, կրօնին, զբաղումներուն, կենդանական աշխարհին, առեւտրական, տնտեսական եւ մշակութային կապերուն մասին։

Առընչութիւններ Խմբագրել

Շատ հետաքրքրական են Հրազդանի, Լճաշենի եւ Արթիկի դամբարաններէն յայտնաբերուած Միտանի երկրի ծագում ունեցող կնիքները, որոնք կը վկայեն ՔԱ 15-էն 14-րդ դարերուն այդ երկրին հետ Հայաստանի մէջ բնակող ցեղերու առեւտրական եւ մշակութային կապերուն մասին։ Այս դամբարաններէն գտնուած են նաեւ եգիպտական կնիքներ, որոնք կը փաստեն հայ– եգիպտական առընչութիւնները հնագոյն դարերուն։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել