Հայրենիք
Հայրենիք, իւրաքանչիւր ժողովուրդ գոյատեւելու եւ բնականոն կեանքով ապրելու համար պէտք է ունենայ իր ազատ եւ անկախ Հայրենիքը։
Հայրենիքը ժողովուրդի մը պատմական ապրելատարածքն է։ Հայրենիքի գաղափարի ակունքները սկիզբ կ՛առնեն դարերու խորքէն եւ ունին պատմաէթնիկական բնոյթ[1]։
Սակայն ամէն մէկ տարածք դեռ Հայրենիք չէ։ Հողը Հայրենիք կը դառնայ դարերու ընթացքին՝
- երբ կը պատուուի ժողովուրդի պատմամշակութային, ազգագրական, ճարտարապետական յուշարձաններով, նախնիներու գերեզմաններով.
- երբ ան կը սրբագործուի թշնամիներու դէմ մղուած պատերազմներու ընթացքին տարած յաղթանակներով եւ հերոսներու թափած արիւնով.
- երբ կը ձեւաւորուին ազգային բնաւորութեան գիծերը, ազգային նկարագիրը, աւանդութիւնները, բարքերը, տարազը, լեզուական առանձնայատկութիւնները եւ ազգային ինքնագիտակցութիւնը.
- երբ այդ հողը ժողովուրդի պատմական յիշողութեան մէջ կը մտնէ ֆոլկլորային՝ ազատագրական առասպելներով, էպոսով, երգերով, հեքիաթներով ու հոգեպէս հարազատ կը դառնայ.
- երբ ժողովուրդը կը դառնայ հոգեւոր ամբողջութիւն.
- երբ «հող» հասկացութիւնը կը վերածուի «տուն» հասկացութեան, իսկ «տուն» հասկացութիւնն ալ «Երկիր» ու «Հայրենիք» հասկացութիւններու եւ կը մտնեն ցեղի արեան ու «գենի» մէջ որպէս անոր գոյատեւման հիմնական պայման[2]։
Հայրենիք կոչուող ապրելատարածքին մէջ իւրաքանչիւր ժողովուրդ անպայման պէտք է ունենայ ազատ, անկախ պետականութիւն, որովհետեւ միայն ան ի վիճակի է ապահովելու ժողովուրդի գոյատեւման եւ բազմակողմանի զարգացումին հնարաւորութիւնը։ Ազատ Հայրենիքն ու անկախ պետականութիւնը այն հզօր գործօններն են, որոնք կ՛ապահովեն ժողովուրդի բնականոն զարգացումը։
Այդ է պատճառը, որ պայքարը Հայրենիքի ու անկախ պետականութեան համար կը վերածուի գոյատեւման, կենաց ու մահուան կռիւի։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-11-09-ին։ արտագրուած է՝ 2019-04-18
- ↑ http://www.aztagdaily.com/archives/351912