Հայ Հին եւ Միջնադարեան Թատրոն

Հայ հին եւ միջնադարեան թատրոն

Հին ժամանակաշրջան

Խմբագրել

Ուշ հելլենիզմի դարաշրջանի ժամանակ (Ք.Ա. I դար), երբ յոյն դասական թատրոնը արդէն անցեալ էր, իսկ հանրապետական Հռոմի մէջ քաղաքական ողբերգութիւնը կը մօտենար իր մայրամուտին, փոքրասիացի յոյն թափառական դերասաններու խումբերու հետ անթիք թատերական աւանդոյթը մուտք կը գործէ Հայաստան։ Ըստ Պլուտարքոսի՝ Տիգրան ԲՏիգրանակերտ մայրաքաղաքի մէջ կառուցած է թատրոն (Ք.Ա. 69), որուն համար փոքրասիական քաղաքներէն գերեվարած է յոյն դերասաններ։ Նոյն թուականին Տիգրանակերտը գրաւած Լուկոլլոսը ներկայացումներ կը կազմակերպէ այդ թատրոնին մէջ։ Տիգրան Բ-ի ստեղծած թատերական աւանդոյթը Արտաշատի մէջ շարունակած է անոր որդին՝ Արտաւազդը, որ գրած է ողբերգութիւններ (յունարէն)։ Պլուտարքոսը կը յիշատակէ դրուագ մը Եվրիպիտեսի «Բաքոսուհիներ» ողբերգութեան ներկայացումէն, որ կազմակերպուած էր հայոց արքունիքին մէջ (Ք.Ա. 53)՝ հռոմէացի զօրավար Մարկոս Կրասոսի լեկեէններու դեմ հայ-պարսկական զօրքի յաղթանակի առիթով։ Պարթեւ զինուորները Արտաշատ բերած են սպաննուած Կրասոսի գլուխը եւ ներկայացման պահուն նետած սրահի կեդրոնը։ Յոյն դերասան Յասոն Տրալիանոսը վերցուցած է Կրասոսի գլուխը եւ արտասանած. «Ետ կը բերենք լեռներէն մատաղ բաղեղն իր բունով՝ յաջողակ որս մը»։ Արքան պարգեւատրած է Կրասոսը սպաննողին՝ Պոմաքսաթրեսին եւ Յասոնին։ Ըստ Պլուտարքոսի՝ Արտաւագդի պալատին մէջ «խաղցուած են բազմաթիւ յունարէն բիէսներ»։ Այս փաստը կը վկայէ, որ ուշ հելլենիզմի դարաշրջանին յունական դասական թատրոնի վերջին բռնկումները տեղի ունեցած են Առաջաւոր Ասիայի մէջ։ Հայաստանը նոյնպէս այդ մշակոյթի վերջին ապաստաններէն էր։ Թատերարուեստի հնադարէն ժառանգած ձեւերը գոյատեւած են նաեւ միջին դարերու ժամանակ (IV-XVII դարեր)։

Միջնադարեան ժամանակաշրջան

Խմբագրել

Միջնադարեան թատրոնի հիմնական տեսակներն են ժողովրդական պարերգային տրաման (թատերարուեստի հնագոյն եւ ժողովրդական տիպը) եւ աշխարհիկ փրոֆեսիոնալ թատրոնը (հայկական կրկէսային արփը միջնադարուն), Հին Հռոմէն եկող եւ քրիստոնէական Ասորիքի ու Բիւզանդիոնի միջոցով Հայաստան ներթափանցած միմոսը եւ դպրոցը, ճարտասանութիւնն ու առասպելավարժութիւնը՝ դրամատիկական եւ բեմական խաղի որոշ տարրերով։ Միջնադարուն ստեղծուած է թատերական միջավայր՝ կենցաղային պայմաններու մէջ ու կայուն ձեւերով, բարքերու ծիսականութիւն եւ թատերական զուարճալիքներ, թափառող գուսաններ եւ այլն, միւս կողմէ՝ եկեղեցական թատերակարգ՝ պատարագով, ժամերգութեամբ եւ լիթուրգիական (պատարագային) տրամայով։ Եկեղեցական միջավայրը ուշ միջնադարուն (XIV դարէն) Եւրոպայի մէջ ստեղծած էր իր թատրոնն ու տրամատուրկիան։ Հայ իրականութեան մէջ աւելի ուշ վերածնած է դպրոց, բեմասացութիւնը՝ որպէս թատրոնի եւ տրամայի իւրայատուկ տեսակ (XVII դար)։ Հայկական կանուխ միջնադարեան միմոսական թատրոնի մասին կը յիշատակուի հայ մատենագրութեան մէջ, անոր հեռաւոր արձագանգները կան աշխարհիկ բանաստեղծութեան մէջ։ V-XVII դարերուն անընդմէջ գոյութիւն ունեցած է նաեւ աշխարհիկ թատրոնը։ Վաղ միջնադարուն, աշխարհիկ փրոֆեսիոնալ թատրոնէն անկախ, հայ եկեղեցին ստեղծած է իր թատերակարգը՝ տիպաբանօրէն նման խորհրդապաշտական(միսթերիալ) տրամային։ Պատարագի ժամանակ տեղի կ'ունենայ երգային եւ խօսքային երկխօսութիւն պատարագիչի ու երգչախումբի միջեւ, ուր ամէն ինչ թատերային է, սակայն անոր հիմնական նպատակը ունկնդիրներու կրօնի, զգացումնքներուն վրայ ազդելն է։ Թատրոնին համեմատաբար աւելի մօտ է լիթուրգիական տրաման՝ Ծննդեան եւ Զատկական փուլերով («Դանէլիա», «Յիմար եւ իմաստուն զոյգեր», «Ոտնլուայ», «Վերջին դատաստան» եւ այլն)։ Որոշ նիւթերու բեմական կանոնացումը տեղի ունեցած է IV դարուն՝ ասորական եկեղեցիի մէջ։ Լիթուրգիական տրամայի կանոնն աստիճանաբար իւրացուած է արեւելեան (նաեւ հայկական), IX-XIII դարերու ժամանակ արմատաւորուած արեւմտաեւրոպական եկեղեցիներուն մէջ եւ դարձած միստերիալ թատրոնի հիմքը։ Հայ իրականութեան մեջ, ի տարբերութիւն արեւմուտքի, այս երեւոյթը պահպանուած է աւանդական տեսքով. կանոնացուած թեքսթը եւ արտաքին գործողութեան տեսքը գրեթէ չեն խախտուած։ Հայ միջնադարեան թատրոնի շրջափուլը պատմականօրէն աւարտած է XVII դարու վերջը։ 1668 թուականին Լիվովի հայ կաթողիկէ դպրոցին մէջ գրած եւ բեմադրած են «Մահ Կեսարու», «Առակք Սողոմովնի» եւ այլ կրօնաբարոյախօսական կտորներ, պահպանուած է միայն «Հռիփսիմէն», որ վարք-վկայաբանութիւն է, որպէս ժանր՝ միրաքլ (կրօնաբարոյախօսական բովանդակութեամբ չափածոյ տրամա)։ Վենետիկի Մխիթարեան դպրոցի թատրոնին մէջ 1774 թուականէն մինչեւ 1860-ական թուականները նոյնպես թարգմանուած, գրուած եւ բեմադրուած են XIX դարու երկրորդ կիսուն բեմադրուած Յակոբ Կարէնեանի «Շուշանիկ», Թովմաս Թերզեանի «Սանդուխտ» ողբերգութիւնները։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։