Հայ Քոյրերու Վարժարան

Հայ քոյրերու վարժարան, սեփական դպրոց Ֆիլատելֆիոյ մէջ՝ նախակրթարանէն մինչեւ 8-րդ դասարան։

Պատմութիւն Խմբագրել

1967 թ. հիմնադրած են Արուսեակ Սաջոնեան (մինչեւ 1969-ը՝ տնօրէն), Հռիփսիմէ Չիֆթելեան, Վալենտին Ջենենեան կաթոլիկ քոյրերը։ 1969-էն տնօրէնն է քոյր Լուիզա Քասարջեանը։

Ուսուցման հիմնական լեզուն անգլերէնն է, կը դասաւանդուին հայերէն, ֆրանսերէն, պատմութիւն, երաժշտութիւն եւ այլ առարկաներ։

1998-ին վարժարանը ունէր մօտ 200 աշակերտ։

Կը հրատարակուի «Արծուիկ» թերթիկը (տարին 4 համար) եւ «Արծուիկ» խորագրով տարեգիրքը։

Վարժարանի հովանաւորն է Անարատ հղութեան հայ քոյրերու միաբանութիւնը։

Հայ քոյրերու վարժարաններ կը գործեն նաեւ Լոս Անճելըսի եւ Պոսթընի մէջ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։