Հանդուրժողականութեան Միջազգային Օր

Հանդուրժողականութեան միջազգային օր (անգլերէն՝ International Day for Tolerance), 16 նոյեմբեր 1995-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ երկիրները ընդունած են հանդուրժողականութեան սկզբունքներու հռչակագիրը[1]: 1996-ին՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին առաջարկով (Ըստ 51/95 բանաձեւին)[2], Նոյեմբեր 16-ը կը նշուի որպէս Հանդուրժողականութեան միջազգային օր:

Հանդուրժողականութեան Միջազգային Օր

Հանդուրժողականութեան սկզբունքներու հռչակագիրին համաձայն՝ բոլոր մարդիկ էութեամբ տարբեր են, բայց հաւասար են իրենց իրաւունքներուն եւ արժանապատուութեան մէջ: Ըստ փաստաթուղթին՝ հանդուրժողականութիւն կը նշանակէ յարգել, ընդունիլ եւ ճիշդ հասկնալ աշխարհի մշակոյթներու հարուստ բազմազանութիւնը, ինքնարտայայտման ձեւերն ու մարդկային անհատականութեան միջոցները: Իսկ Պետական մակարդակով հանդուրժողականութիւնը կը պահանջէ արդար եւ առարկայական օրէնսդրութիւն, նաեւ կանոններու պահպանման անհրաժեշտութիւն:

Բազմաթիւ ուսուցիչներ եւ դասախօսներ արծարծելով օրուան թեման, դասարանային աշխատանքներու եւ կամ դասախօսութիւններու ընթացքին, կը փորձեն ուսանողներուն օգնել ըմբռնելու խնդիրներ հանդուրժողականութեան, մարդու իրաւունքներու եւ ոչ բռնութեան վերաբերեալ[3]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Հանդուրժողականութեան միջազգային օր»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-27 
  2. «International Day for Tolerance 16 November» (անգլերէն)
  3. «International Day for Tolerance» (անգլերէն)