Հորմուզի Նեղուց

Հորմուզի Նեղուց, կը գտնուի Օմանի եւ Պարսից ծոցի միջեւ: Պարսից ծոցէն դէպի ովկիանոս բացուող միակ դարպասն է, որուն պատճառով ալ նկատուած է աշխարհառազմավարական կարեւորագոյն կէտերէն մէկը:[1] Նեղուցին հիւսիսը կը գտնուի Իրանը, իսկ հարաւը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Օմանի արտագաւառը: Նեղուցին երկարութիւնը կը հասնի մօտաւորապէս 90 մղոնի (167 քմ.), իսկ լայնքը կը տարածուի մօտաւորապէս 21 մղոնէն (39 քմ.) 52 մղոնի (96 քմ.) միջեւ:

Հորմուզի Նեղուց
Նեղուցին հիւսիսը կը գտնուի Իրանը, իսկ հարաւը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Օմանի արտագաւառը
Հորմուզի Նեղուցը՝ նկարուած մեծ օդանաւէ, 35,000 ոտք բարձրութենէ:
Հորմուզի Նեղուցին քաղաքական ծովային քարտէսը (2004)

Հորմուզի նեղուցը միակ ջրատարն է, որմով արաբական կազը եւ նաւթը կարելի է արտահանել երրորդ երկիրներ, ինչպէս՝ ԱՄՆ:

Անուանում Խմբագրել

Ք.Ա. 10-17 դարերուն, աշխարհագրական այս շրջանին մէջ կը գտնուէր Օրմուսի թագաւորութիւնը, որուն պատճառով ալ նեղուցը կոչուած է այդ թագաւորութեան անունով: Ըստ լեզուաբաններու, գիտնականներու եւ պատմաբանններու՝ հորմուզ բառը ծնած է պարսկերէն «هورمغ» հորմուղ բառէն, որ կը նշանակէ արմաւենի:[2] Տեղական բարբառով ալ Հուրմուզի նեղուցը կը կոչուի «Հուրմուղ», որ ունի նոյն նշանակութիւնը՝ վերոյիշեալ բառերուն: Նեղուցին անունը նաեւ նմանութիւն ունի զրադաշտականութեան աստուած՝ Հորմոզի անուան հետ, որուն պատճառով ժամանակի ընթացքին ժողովրդական համոզում մը յառաջացած է, թէ նեղուցին անունը որոշ կապ մը ունի զրադաշտականութեան Հորմոզ աստուծոյ հետ:

Նաւարկութիւն Խմբագրել

Նեղուցը միջազգային տեսանկիւնէն կը համարուի «բաց ծով», եւ բոլոր նաւերը իրաւունք ունին ազատօրէն անցնելու անկէ, մինչեւ այն ատեն, որ չեն վնասեր ափամերձ պետութիւններու անվտանգութեան: 30 Ապրիլ 1982-ին, ծովերու միջազգային համաձայնագիր մը կ'որդեգրուի, յատկապէս ծովափնեայ երկիրներուն միջեւ, որուն ամէնէն կարեւոր յօդուածը 38-րդ յօդուածն է, ըստ որուն. «Բոլոր նաւերը, որոնք միջազգային նեղուցներէ կ'անցնին, այդ թիւին մէջ՝ Հորմուզի նեղուցը, իրաւունք ունին անցնելու առանց խոչընդոտներու՝ ըլլան անոնք առեւտրական, թէ ռազմական նաւեր»:

Այս նեղուցէն անցնող նաւերուն բախումը նուազեցնելու համար, բոլոր այն նաւերը, որոնք կ'անցնին նեղուցէն՝ կը հետեւին երթեւեկութեան բաժանումի ծրագիրի մը (Traffic Separation Scheme (TSS)): Երկու միջանցքները իրարմէ բաժնուած են 2 մղոն լայնք ունեցող միջագիծով մը:[3]

Նեղուցը անցնելու համար նաւերը կ'ացնին Իրանի եւ Օմանի ցամաքային ջուրերուն վրայէն «Թրանզիթ ճամբորդութեան» (առանց միջանցիկ ճանապարհներուն վերաբեռնելու) դրութեամբ, որ հաստատուած է Միացեալ նահանգներու ծովային օրէնքներու համաձայնութեան հիման վրայ (United Nations Convention on the Law of the Sea):[4] Հակառակ այն իրողութեան, որ ոչ բոլոր երկիրները վաւերացուցած են այս համաձայնագիրը,[5] սակայն մեծամասնութիւնը, ներառեալ Միացեալ Նահանգները[6], ընդունած են անոր օրէնքները:

«Ծովերու համաձայնագիր» խորհրդաժողովին (Ժընեւ, 1958 - 1960) Իրան կը պահանջէ Հորմուզի նեղուցը վերահսկելու իրաւունք ստանալ, որովհետեւ անիկա իր տարածքին ջուրերուն մաս կը կազմէ, բայց ժողովին բոլոր մասնակիցները կը մերժեն անոր պահանջը: 30 Ապրիլ 1980-ի վեհաժողովին Իրան դարձեալ նոյն պահանջը կը ներկայացնէ, սակայն այս անգամ վերջնականապէս կը մերժուի:

Ապրիլ 1982-ին նեղուցներու պաշտպանութեան միջազգային օրէնքը կը հաստատուի, ըստ որուն Հորմուզի նեղուցը «միջազգային նեղուց» կը համարուի, քանի որ անիկա միակ դարպասն է Պարսից ծոցի եւ բաց ծովերու միջեւ (Հորմուզի նեղուցը կապուած է Պարսից ծոցի, Կարմիր ծովու, Օմանի ծոցի եւ Հնդկական ովկիանոսին մէկ մասին հետ): Բոլոր այդ նեղուցներուն միջեւ բոլոր նաւերը տարանցման իրաւունք ունին, իսկ նեղուցին յարակից երկիրները պէտք չէ մերժեն տարանցման այդ իրաւունքը եւ պէտք է բոլոր համապատասխան պաշտօնատար մարդոց տեղեկացնեն նեղուցով անցնող նաւերուն կամ օդանաւերուն սպառնացող վտանգին մասին: Ըստ միջազգային օրէնքներու՝ տարանցման իրաւունքը կարելի չէ կասեցնել[7]:

Հորմուզի նեղուցին առաքումը կը կարգաւորուի ՄԱԿ-ի մասնագիտացած գործակալութեան Միջազգային ծովային կազմակերպութեան (IMO) կողմէն: Ըստ գործակալութեան կողմէ սահմանուած կանոններուն, Պարսից ծոց մտնելու ատեն, նաւերը պէտք է մտնեն հիւսիսէն, այսինքն՝ իրանական ջուրերէն, իսկ Պարսից ծոցը լքելու ատեն, անոնք պէտք է անցնին Օմանի հարաւային ջուրերէն:

Նեղուցը պատմութեան ընթացքին Խմբագրել

Նեղուցին ռազմավարական տեղակայութեան պատճառով, պատմութեան ընթացքին, միշտ ալ իրեն տիրանալու համար պայքարներ մղուած են:

Ք.Ա. 7-րդ դարէն սկսեալ անիկա առեւտրական միջազգային կարեւոր դեր կ'ունենայ: Նախ կը գրաւուի Փորթուկալի կողմէն, այնուհետեւ եւրոպական միւս երկիրներուն, յատկապէս Բրիտանիոյ, մրցակցող արեւմտեան ընկերութիւնները տարածելու համար, իսկ ծովահէններուն արշաւանքները վտանգի կ'ենթարկեն նեղուցը:

Բրիտանիա «Խաղաղութեան դուռ» կը համարուի ռազմավարական խաչմերուկին եւ դէպի Հնդկաստան տանող հիմնական ճամբուն վրայ, ուստի ան ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն կը խառնուի իր ափերուն գտնուող երկիրներուն գործերուն`անհրաժեշտ փոխադրումներ ապահովելու համար, իր վերահսկողութիւնը պարտադրելով, միաժամանակ հոլանտացիներուն ու ֆրանսիացիներուն հետ պատերազմելով: 1588-ին ան պատերազմ կը յայտարարէ նաեւ Փորթուկալի դէմ: Արմատայի ճակատամարտէն եւ Արեւելեան Հնդկական ընկերութեան ստեղծումէն ետք, Բրիտանիա այս տարածաշրջանին վրայ իր ծովային վերահսկողութիւնը կ'ապահովէ:

Ներկայիս, հակառակ մեծ պետութիւններու ռազմատենչ վերաբերումին, նեղուցին աշխարհագրական առանձնայատկութիւնները կը դժուարացնեն այս տարածաշրջանին ռազմական գործողութիւնները. անիկա բաւական նեղ է, ուստի արագ եւ փոքր իրանական նաւերը առաւելութիւն ունին ամերիկեան ծանր նաւերուն հետ բաղդատած: Սակայն Միացեալ Նահանգները այս հարցին ալ լուծում գտած է՝ համագործակցելով Իրանի դրացի երկիրներուն հետ՝ նաւթը ցամաքային ճամբով փոխադրելու, առանց Հորմուզի նեղուցէն անցնելու:

Նաւթի փոխադրութիւն Խմբագրել

Օրական 15-17 միլիոն տակառ հում նաւթ կը փոխադրուի Հորմուզի նեղուցէն, ինչ որ աշխարհի նաւթին պաշարներուն հինգերորդ մասը կը կազմէ: Բացի հում նաւթէն, ջրանցքէն օրական դրութեամբ կ'արտահանուի 2 միլիոն տակառ թեթեւ նաւթամթերք, ինչպէս նաեւ բնական հեղուկ կազ:

Օրական դրութեամբ, նեղուցէն կ'անցնի 14 հում նաւթատար, իսկ համապատասխան թիւով ալ դատարկներ կը վերադառնան հակառակ ուղղութեամբ՝ նոր բեռներ վերցնելու համար: Այս հում նաւթին արտահանման աւելի քան 85 տոկոսը կը հասնի ասիական շուկաներ՝ Ճափոն, Հնդկաստան, Հարաւային Քորիա եւ Չինաստան:

Հորմուզ Ասիան, Մերձաւոր Արեւելքը եւ Արեւելեան Ափրիկէն կապող փոխադրման հիմնական ուղին է: Հորմուզի նեղուցով շրջանառութեան ընդհատումը վնաս կը հասցնէ նաւթի համաշխարհային առեւտուրին, ինչպէս նաեւ առեւտրային Եւրոպա - Ասիա երթուղիներուն:

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Mohammed Kookherdi (1997) Kookherd, an Islamic civil at Mehran river, third edition: Dubai

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Viktor Katona։ «How Iran Plans To Bypass The World’s Main Oil Chokepoint»։ Oilprice.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 11 September 2018-ին։ արտագրուած է՝ 2018-09-11 
  2. Municipality of Minab Archived 2018-07-06 at the Wayback Machine., (in Persian). Retrieved 30 December 2011.
  3. «World Oil Transit Chokepoints»։ U.S. Energy Information Administration։ July 25, 2017։ արտագրուած է՝ June 13, 2019 
  4. Alejandra Roman & Administration։ «Strait of Hormuz»։ The Encyclopedia of Earth։ արտագրուած է՝ 2015-06-02 
  5. «Chronological lists of ratifications of, accessions and successions to the Convention and the related Agreements as at 26 October 2007»։ Division for Ocean Affairs and the Law of the Sea։ UN 
  6. U.S. President Ronald Reagan (10 March 1983)։ «Presidential Proclamation 5030» (PDF)։ United States Department of State։ արտագրուած է՝ 21 January 2008 
  7. 1982-ի համաձայնագիր

Արտաքին յղումներ Խմբագրել