Ճեք Գէորգեան (անգլերէն՝ Jacob «Jack» Kevorkian, 26 Մայիս 1928(1928-05-26)[1], Փոնթիաք, Միշիկըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 3 Յունիս 2011(2011-06-03)[2][1], Ռոյըլ Օուք, Օքլենտ գաւառ, Միշիկըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկահայ «Եւթանազիա» (euthanasia) կիրարկող բժիշկ։ Իրեն տուած են «Բժիշկ մահ» ( Dr. Death), հեշտամահութեան ջատագով մակդիրը։

Ճեք Գէորգեան
անգլերէն՝ Jack Kevorkian
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Jack Kevorkian
Ծնած է 26 Մայիս 1928(1928-05-26)[1]
Ծննդավայր Փոնթիաք, Միշիկըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մահացած է 3 Յունիս 2011(2011-06-03)[2][1] (83 տարեկանին)
Մահուան վայր Ռոյըլ Օուք, Օքլենտ գաւառ, Միշիկըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Կրօնք Աթէիզմ
Ուսումնավայր Միշիկընի բժշկական համալսարան,
Միշիկընի Համալսարան,
Միշիկընի համալսարանի բժշկական բաժանմունք,
Փոնթիաքի կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ, երգահան, գեղանկարիչ, Ժազի երաժիշտ, ախտաբան, քաղաքական գործիչ

1989-1998 թուականներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ ան օգտագործելով իր ստեղծած «Մըրսիթրոն» սարքը ("Mercitron" ("Mercy machine") 130 հոգիի օգնած է անձնասպան ըլլալու, որուն համար 1999-ին ԱՄՆ-ի դատարաններէն մէկը զինք դատապարտած է 10-էն 25 տարուան բանտարկութեան:

2007-ին ազատ արձակուած է եւ խոստացած է ազատ արձակուելէն ետք ոչ ոքի անձնասպանութեան օժանդակութիւն տրամադրել[3]:

2010-ին Պարրի Լեւինսոն (Barry Levinson) Ճեք Գէորգեանի մասին նկարահանած է «Դուն չես ճանչնար Ճեքը» (անգլերէն՝ You Don't Know Jack) ֆիլմը, ուր զինք մարմնաւորած է Ալ Փաչինօն։

Վաղ Կեանք Եւ Կրթութիւն Խմբագրել

Ծնած է ԱՄՆ-ի Միշիկըն նահանգի Փոնթիաք քաղաքին մէջ, հայ գաղթական ընտանիքի մը յարկէն ներս։ Հայրը՝ Լեւոնը, ծնած է Էրզրումի մօտ գտնուող Բասէն գիւղը, իսկ մայրը՝ Սաթենիկը, ծնած է Սիւասի մօտ գտնուող Կովտուն գիւղը։[4] 1912-ին հայրը Թուրքիայէն մեկնած է Փոնթիաք, ուր աշխատած է ինքնաշարժի ընկերութեան մը մէջ։ Հայոց Ցեղասպանութեան ատեն, Սաթենիկ ապաստանած է Փարիզ, որմէ ետք ալ Փոնթիաքի մէջ միացած է եղբօրը։ Լեւոն եւ Սաթենիկ հանդիպած են Փոնթիաքի հայկական համայնքին մէջ, ուր ամուսնացած եւ կազմած են իրենց ընտանիքը։ 1926-ին ծնած է իրենց աղջիկը՝ Մարգարիտը, ապա տղան՝ Յակոբը, որ հետագային ստացած է Ճեք անունը։ Ճեքին յաջորդած է իրենց վերջին երեխան՝ Ֆլօրան[5]։

Գէորգեան ինքնաշխատութեամբ սորված է գերմաներէն եւ ճափոներէն։[6] 1945-ին, 17 տարեկան հասակին, գերազանց արդիւնքով աւարտած է Փոնթիաքի Կեդրոնական միջնակարգ դպրոցը։ 1952-ին Էն Արպորիի մէջ աւարտած է Միշիկընի Բժշկական Համալսարանը (University of Michigan Medical School in Ann Arbor)։[7][8][9] Աւարտելով համալսարանական կրթութիւնը, հակիրճ ուսումնասիրութիւններ կատարած է արեան փոխներարկման վերաբերեալ։ Իբրեւ ախտաբան, չկարենալով արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալել հիւանդանոցին մէջ, Գէորգեան ձգած է բժշկական ընթացիկ փորձերը եւ ատեն մը մնացած՝ անօթեւան։[10] Ան բնաւ չէ ամուսնացած։[11]

Ասպարէզ Խմբագրել

Տասնամեակներ շարունակ Գէորգեան շարք մը խնդրայարոյց գաղափարներ մշակած է մահուան հետ կապուած։ 1959-ին հրապարակուած ամսագիրի մը մէջ ան կ'ըսէ. «Կ'առաջարկեմ, որ բանտարկեալը մահուան դատապարտեն օրէնքով սահմանուած կարգով՝ անոր ցանկութեամբ, բժշկական փորձարկումներով՝ ամբողջական անզգայացումով, օրէնքով նախատեսուած աւանդական մեթոտներու փոխարէն»[12]։

Միշիկըն Համալսարանի գլխաւոր բժիշկները կը հակառակին անոր առաջարկին, իսկ Գէորգեան կը նախընտրէ հեռանալ համալսարանէն եւ չպայքարիլ իր գաղափարներուն համար։ Հետզհետէ իր հետապնդած գաղափարներուն աջակիցներ կ'ունենայ։ Ան դարձեալ կը սկսի հետապնդել նոյն գաղափարը՝ բժշկական նպատակներով մահապատիժի դատապարտուած բանտարկեալներու վրայ փորձարկումներ ընելով: 1976-ին Գերագոյն Դատարանի որոշումէն ետք (Կրէկ Վ. Ճորճիայի մէջ կը վերահաստատուի մահապատիժը), ան կը պայքարի, որ մահապատիժէն ետք բանտարկեալներուն օրկանները փոխպատուաստուին, սակայն բանտի պաշտօնեաները չեն ուզեր համագործակցիլ իրեն հետ։[13] Իբրեւ ախտաբան բժիշկ, Փոնթիաքի Գլխաւոր հիւանդանոցին մէջ Գէորգեան փորձարկում մը կ'ընէ՝ նոր մահացողներէն արիւն փոխպատուաստելով հիւանդներուն։ Ան կ'ենթադրէ, թէ ԱՄՆ-ի զինուած ուժերը հետաքրքրութիւն պիտի ցուցաբերեն այս փորձարկման հանդէպ եւ պատերազմի ատեն այս միջոցը կիրարկելով պիտի օգնեն վիրաւոր զինուորներուն, սակայն Փենթակոն հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր։[13] 1980-ականներուն Գէորգեան շարք մը յօդուածներ կը գրէ «Բժշկութիւն եւ Իրաւունք» անունով, գերմանական ամսագիրին համար, որոնք ցոյց կու տային «Եւթանազիա»յի բարոյագիտութեան վերաբերեալ իր մտածելակերպը[7][14]։

1987-ին Տիթրոյթի ամսագիրին մէջ յայտարարութիւն մը կը տպագրեն Գէորգեանի մասին՝ իբրեւ մահուան մասին խորհրդատու բժիշկ։ Գէորգեանի կողմէ կազմակերպուած առաջին հանրային «անձնասպանութիւնը» տեղի կ'ունենայ 1990-ին (Ժանեթ Ատքինս (Janet Adkins), որուն մօտ յայտնաբերուած էր Ալզայմըրի հիւանդութիւնը)։ Սպանութեան համար սակերը կը նուազին 13 Դեկտեմբեր 1990-ին, որովհետեւ այդ օրերուն Միշիկընի մէջ օրէնք չկար, որ կը պաշտպանէր անձնասպանութեան աջակցութեան երեւոյթը։[15] 1991-ին Միշիկընի իշխանութիւնները անվաւեր կը ճանչնան Գէորգեանի բժշկական հրամանը։[16] Գէորգեանի փաստաբան Ճեֆրի Ֆիճըրի (Geoffrey Fieger) համաձայն, Գէորգեան մասնակցած է 130 անբուժելի հիւանդ մարդոց մահուան, 1990 եւ 1998 թուականներուն։ Բոլոր պարագաներուն ալ անհատները իրե՛նք առած են այն վերջին քայլը, որ կը յանգեցնէ մահուան։ Գէորգեանի մասնակցութիւնը կը կայանար հիւանդը ամրացնել «Եւթանազիա»յի սարքին, որ ան նախագծած եւ կառուցած էր։ Տուեալ անհատը կը սեղմէր կոճակը, որմէ ետք դեղը կամ քիմիական նիւթը կը հոսէր մարմինէն ներս եւ վերջ կու տար անոր կեանքին։ Երկու մահուան դէպք կ'իրականացուի «Եւթանազիա»յի նիւթեր ներարկելով։ Գէորգեան սարքը անուանած էր «թանաթրոն» (յունարէն thanatos -մահ)։[17] Միւսներուն պարագային կը կիրարկուէր կազի դիմակ մը, որ կը սնուցուէր ածխածինի միաթթուիդի (monoxide) տարայէն, զոր Գէորգեան անուանած էր «մըրսիթրոն» («ողորմածութեան մեքենայ», ("Mercitron" ("Mercy machine"))։[18]

Քննադատութիւն Եւ Գէորգեանի Պատասխանը Խմբագրել

Տիթրոյթի Ազատ Մամուլին համաձայն, Գէորգեանի օգնութեամբ անձնասպան եղած հիւանդներուն 60%-ը անբուժելի հիւանդ չեն եղած, իսկ 13-ը նոյնիսկ ցաւէն չեն բողոքած։ Աւելի ուշ յօդուածը կը հաստատէ, թէ Գէորգեանի կողմէ մատուցուած խորհրդատուութիւնը շատ կարճ եղած է, իսկ 19-ի պարագային ան նոյնիսկ հոգեբուժական քննութիւն չէ անցուցած։ Յօդուածին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Գէորգեան նուազագոյնը 17 հիւանդի չէ ուղարկած ցաւի մասնագէտի մօտ այն բանէն ետք, երբ անոնք կը բողոքէին անբուժելի ցաւերէ, եւ երբեմն ամբողջական բժշկական արձանագրութիւն չէ կազմած իր հիւանդներուն մասին։ Գէորգեանի հիւանդներէն Ռեպեքա Պատճեր (Rebecca Badger), որ մտային տագնապներ ունէր եւ թմրամոլ էր, սխալմամբ ախտորոշուած է «սկլեռոզ» (sclerosis)։ Յօդուածին մէջ կ'ըսուի, թէ Գէորգեանի առաջին հիւանդ՝ Ժանեթ Ատքինս նոյնիսկ տեղեակ չէ եղած «Եւթանազիա»յի մասին. Գէորգեան զայն իրագործած է միայն անոր ամուսնոյն հետ խորհրդակցելէ ետք, իսկ Ատքինսին Գէորգեան հանդիպած էր անոր մահէն միայն երկու օր առաջ եւ նոյնիսկ չէ ալ փորձած հասկնալ՝ եթէ ան կը ցանկար մահանալ, թէ ոչ։ 1995-ին Միշիկընի Վերաքննիչ դատարանը կը պաշտպանէ Գէորգեանի գործողութիւններու դէմ որոշուած հայցը։[19] «Էքոնոմիստ» (The Economist) թերթին Համաձայն՝ կարգ մը պարագաներու մէջ, հիւանդները վատթարացող հիւանդութիւն ունէին, հակառակ անոր որ ոչ բոլոր պարագաները անբուժելի էին։ Դիահերձումները ցոյց կու տան, թէ հիւանդներէն 5-ը ընդհանրապէս հիւանդ չէին։ Ոմանք հաւանաբար կը տառապէին ոչ աւելի, քան մելամաղձոտութենէ կամ ընկճախտէ։[20]

Արուեստաբանական Գործունէութիւն Խմբագրել

Գէորգեան «ճազմէն» եւ ստեղծագործող էր։ «Շատ հանգիստ կեանք»ը 1997-ին 5000 օրինակով հրապարակուած ձայնասկաւառակ է, որ «Ճինճ ենթաճազ» ('Lucid Subjazz')-ի օրինակն էր։ Հոս Գէորգեան կը նուագէ սրինգ եւ երգեհոն։ «Ինթըրթեյմընթ Ուիքլի» ամսագիրը զինք կը համարէր «տարօրինակ», սակայն լաւը։ 1997-ին 1400 օրինակ կը վաճառուի։[21] Ան նաեւ իւղանկարիչ էր. երբեմն կը նկարէր՝ կիրարկելով իր սեփական արիւնը (Երեխան, որ կ'ուտէ նեխած մարմինները)[14]։

Դատավարութիւններ Խմբագրել

Գէորգեան չորս անգամ դատապարտուած է Մայիս 1994-ի եւ Յունիս 1997-ի անձնասպանութիւններուն աջակցելուն համար։ Ֆիճըրի օգնութեամբ ան երեք դատավարութիւններուն արդար նկատուած է։ Չորրորդ դատավարութիւնը վերջ գտած է սխալ որոշումով։[22] Դատավարութիւններուն Գէորգեան ձեռք բերած է հանրութեան աջակցութիւնը։

Դատավճիռ Եւ Բանտարկութիւն Խմբագրել

22 Նոյեմբեր 1998-ին «ՍիՊիԷս Նիւզ» 60 վայրկեան տեւողութեամբ եթերով կը սփռէ Գէորգեանի կողմէ տեսագրուած «Եւթանազիա»յի կամաւոր ենթարկուած Թովմաս Եոուքի տեսանիւթը։ Որմէ ետք, երբ Եոուք ամբողջութեամբ կու տայ իր համաձայնութիւնը, Գէորգեան կը կատարէ մահաբեր ներարկում։ Տեսահոլովակին ընթացքին Գէորգեան իշխանութիւններուն կոչ կ'ընէ՝ դադրեցնելու զինք ձերբակալել փորձելու կամ կանգնեցնելու ողորմածութիւն կատարելէ։ Եոուքի ընտանիքը կը նկարագրէ այս մահացու ներարկումը իբրեւ մարդկային արարք։ 26 Մարտ 1999-ին Գէորգեան կը մեղադրուի երկրորդ կարգի մարդասպանութեան մէջ։ [7] Քանի որ Գէորգեանի 8 տարի առաջ արգիլուած էր բժշկութեամբ զբաղելէ, անոր չէր թոյլատրուեր ներարկել տուեալ նիւթը։ Գէորգեան կը հրաժարի իր փաստաբաններէն եւ կը դատավարութիւններուն կը մասնակցի ինքնապաշտպանութեամբ, սակայն այս որոշման համար ան աւելի ուշ կը զղջայ։[22] Ան անփորձ էր իրաւաբանութեան ոլորտին մէջ, ուստի դատավարութեան ընթացքին մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ։ Երկու օր տեւած դատավարութենէն ետք, Միշիկընի դատարանը Գէորգեանը մեղաւոր կը նկատէ մարդասպանութեան երկրորդ կարգով։[22] Դատաւոր Ճեսիքա Քուփըր (Jessica Cooper) Գէորգեանը կը դատապարտէ 10-25 տարի։

Գործունէութիւն Ազատազրկումէն Ետք Խմբագրել

Գէորգեան իր ազատազրկման վերաբերեալ դասախօսութիւններ կու տար։ Ան դասախօսութիւններ կը կարդար Ֆլորիտայի, հարաւ-արեւելեան Նովա եւ Քալիֆորնիայի համալսարաններուն մէջ։[23][24][25] Ան բացի «Եւթանազիա»յի մասին նաեւ դասախօսութիւններ կը կարդար բռնակալութեան, քրէական արդարադատութեան համակարգի եւ քաղաքականութեան վերաբերեալ։ Ֆիլմ նկարահանող Պերի Լեւինսոն (Barry Levinson) ֆիլմ մը կը նկարահանէ Գէորգեանի մասին, զոր կը կոչէ «Դուք չէք ճանչնար Ճեքը»։ Ֆիլմը կը հրապարակուի 24 Ապրիլ, 2010-ին։

Հիւանդութիւն Եւ Մահ Խմբագրել

Գէորգեան տարիներ շարունակ կը տառապէր երիկամային հիւանդութենէ։ [26] Անոր մօտ կը յայտնաբերուի լեարդի քաղցկեղ, որ հաւանաբար հեպաթիթ Ց-ի արդիւնք էր, համաձայն Նիլ Նիքոլի։[27] 18 Մայիս, 2011-ին զինք կը տեղափոխեն հիւանդանոց՝ երիկամի եւ թոքերու հարցերով։[22] Գէորգեանի վիճակը աստիճանաբար կը վատթարանայ եւ 3 Յունիսին կը մահանայ։ Ըստ Գէորգեանի փաստաբան Մայեր Մորկանրոթի, Գէորգեանի ծանր հիւանդութեան ընթացքին ոչ մէկ արհեստական փորձեր եղած են անոր կեանքը փրկելու կամ ցաւէն ազատելու համար։[27] Գէոորգեան թաղուած է Ուայթ Չէփըլ Մեմորիալ Փարք գերեզմանատան մէջ (White Chapel Memorial Park Cemetery), Միշիկըն։[28]

Ժառանգութիւն Խմբագրել

Դատաւոր Թովմաս Ճեքսըն, որ 1994-ին կը վարէր Գէորգեանին առաջին դատը, աւելի ուշ կը ցանկար իր ցաւակցութիւնը յայտնել անոր մահուան առթիւ եւ ըսել, թէ 1994-ի դէպքը հակառակ վատ ձեւով գրուած ըլլալուն, ինք փորձած էր արդար ձեւով դատավարութիւն ընել։ [29] Կաթողիկէ Ս. Ճոն հիւանդանոցի բժշկական տնօրէն՝ Ճոն Ֆի, ըսած է, թէ Գէորգեանի որդեգրած միջոցները ուղղափառ եկեղեցւոյ սկզբունքներուն դէմ էին։[30] Ան աւելցուցած է, թէ Գէորգեանի հիւանդներէն շատեր առանձին էին եւ ճնշուած, հետեւաբար այն վիճակի մէջ չէին գտնուեր, որ կրնային ապրելու կամ մեռնելու որոշումներ կայացնել։[29] Միշիկընի Համալսարանի բժշկական պատմաբան Հովարտ Մարքըլ ըսած է, թէ Գէորգեան ժամանակակից բժշկութեան մէջ կարեւոր պատմական կերպար մըն է։ [29] Գէորգեանի գերեզմանաքարին վրայ փորագրուած է. «Ան ինքզինք զոհաբերեց բոլորին իրաւունքներուն համար»։[31]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bernstein E. Encyclopædia Britannica
  2. 2,0 2,1 2,2 http://www.msnbc.msn.com/id/43265235/
  3. «ՃԷՔ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ԱԶԱՏ ՊԻՏԻ ԱՐՁԱԿՈՒԻ ՅԱՌԱՉԻԿԱՅ ՅՈՒՆԻՍԻՆ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-06-08-ին 
  4. Kevorkian, Jack (2009)։ glimmerIQs (Paperback)։ World Audience, Inc.։ ISBN 978-1-935444-88-6 
  5. Kevorkian, Jack (դեկտեմբերի 15, 2010)։ «Biography»։ [1]։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-07-17-ին։ արտագրուած է՝ հունվարի 19, 2011 
  6. Mark Schiofet (հունիսի 3, 2011)։ «Jack Kevorkian, Who Assisted Suicides, Dies at 83»։ Bloomberg։ արտագրուած է՝ հուլիսի 6, 2011 
  7. 7,0 7,1 7,2 The Kevorian Verdict: A Chronology։ Frontline։ May 1996։ արտագրուած է՝ Փետրուարի 13, 2012 
  8. Chermak Steven M.; Bailey, Frankie Y. (2007)։ Crimes and Trials of the Century։ Greenwood Publishing Group։ էջեր 101–102։ ISBN 0-313-34110-9 
  9. Azadian Edmond Y.; Hacikyan, Agop J.; Franchuk, Edward S. (1999)։ History on the move: views, interviews and essays on Armenian issues։ An Interview with Dr. Jack Kevorkian (Detroit: Wayne State University Press)։ էջ 233։ ISBN 0-8143-2916-0 
  10. «Jack Kevorkian Biography»։ Biography.com։ 2012։ արտագրուած է՝ Փետրուարի 13, 2012 
  11. «Jack Kevorkian»։ The Daily Telegraph։ հունիսի 3, 2011։ արտագրուած է՝ Փետրուարի 13, 2012 
  12. Kevorkian Jack (May–June 1959)։ «Capital Punishment or Capital Gain»։ The Journal of Criminal Law, Criminology, and Police Science 50 (1): 50–51 
  13. 13,0 13,1 Betzold Michael (սեպտեմբերի 19, 1993)։ «1993: Excerpt from 'Appointment with Doctor Death'»։ Detroit Free Press։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ ապրիլի 29 
  14. 14,0 14,1 Lessenberry, Jack (July 1994)։ «Death becomes him»։ PBS.org։ Vanity Fair։ արխիւացուած բնօրինակէն 2003-08-06-ին։ արտագրուած է՝ հուլիսի 11, 2010 
  15. «People v. Kevorkian; Hobbins v. Attorney General»։ Ascension Health։ 1994։ արխիւացուած բնօրինակէն 2003-09-08-ին։ արտագրուած է՝ մայիսի 13, 2011 
  16. «Kevorkian medical license revoked»։ Lodi News-Sentinel (Michigan)։ Associated Press։ նոյեմբերի 21, 1991։ էջ 8 
  17. «The Kevorkian Verdict: The Thanatron»։ Frontline։ May 1996։ արտագրուած է՝ Փետրուարի 13, 2012 
  18. Jackson Nicholas (հունիսի 3, 2011)։ «Jack Kevorkian's Death Van and the Tech of Assisted Suicide»։ The Atlantic Monthly։ TheAtlantic.com։ արտագրուած է՝ Փետրուարի 13, 2012 
  19. Cheyfitz, Kirk (March 3, 1997). "Suicide Machine, Part 1: Kevorkian rushes to fulfill his clients' desire to die". Detroit Free Press. Archived May 26, 2007.
  20. «Jack Kevorkian, champion of voluntary euthanasia, died on June 3rd, aged 83»։ The Economist (webCitation.org)։ հունիսի 9, 2011։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-05-06-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-30 
  21. Essex, Andrew (December 26, 1997). "Death Mettle" Archived 2013-07-27 at the Wayback Machine.. Entertainment Weekly.
  22. 22,0 22,1 22,2 22,3 Schneider Keith (հունիս 3, 2011)։ «Dr. Jack Kevorkian Dies at 83; A Doctor Who Helped End Lives»։ Նյու Յորք Թայմս 
  23. Stripling, Jack (հունվարի 16, 2008)։ «Kevorkian pushes for euthanasia»։ Gainesville Sun։ արտագրուած է՝ հունիսի 16, 2009 
  24. Ba Tran, Andrew (Փետրուարի 5, 2009)։ «Jack Kevorkian unveils U.S. flag altered with swastika»։ Sun-Sentinel։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-09-17-ին։ արտագրուած է՝ հոկտեմբերի 30, 2009 
  25. Strutner, Suzy (հունվարի 11, 2011)։ «Right-to-die activist Dr. Jack Kevorkian will share his ideology of death and story of life during Royce Hall lecture»։ Daily Bruin։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-06-06-ին։ արտագրուած է՝ հունվարի 11, 2011 
  26. «Dr. Jack Kevorkian dead at 83»։ CNN։ հունիսի 3, 2011։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-08-10-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-30 
  27. 27,0 27,1 Joe Swickard; Pat Anstett (հունիսի 3, 2011)։ «Assisted suicide advocate Jack Kevorkian dies»։ Detroit Free Press (Freep.com)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-06-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-30 
  28. «With video: Politicians, officials and residents remember Kevorkian»։ Detroit Free Press (Freep.com)։ հունիսի 3, 2011։ արտագրուած է՝ Փետրուարի 13, 2012 
  29. 29,0 29,1 29,2 Brienne Prusak (June 2011)։ «'U' Medical School alum Dr. Kevorkian dies at 83»։ The Michigan Daily։ արտագրուած է՝ հուլիսի 6, 2011 .
  30. «Mission and Values, St. John Health, as a Catholic health ministry»։ stjohnprovidence.org։ 2011։ արտագրուած է՝ հուլիսի 27, 2011 
  31. «Jack Kevorkian»։ Find A Grave։ դեկտեմբերի 4, 2011։ արտագրուած է՝ Փետրուարի 13, 2012