Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն

(Վերայղուած է ՄԱԿ-էն)

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն, ՄԱԿ (ֆրանսերէն՝ Organisation des Nations Unies, ONU, անգլերէն՝ United Nations, UN), միջկառավարական կազմակերպութիւն մը, որ ստեղծուած է միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանման եւ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման համար։

ՄԱԿ-ի երկրորդ մեծ գրասենեակը՝ Ժընեւի մէջ, Նիւ Եորքի գլխաւոր գրասենեակէն ետք:

Կառոյցին գործունէութեան հիմքերը եւ ծրագիրը մշակուած են Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն՝ հակահիթլերեան ուժերու միութեան յառաջատար անդամներու կողմէ։ «Միացեալ ազգեր» անուանումը առաջին անգամ օգտագործուած է 1 Յունուար 1942-ին եւ ստորագրուած՝ Միացեալ Ազգերու հռչակագիրին մէջ։

ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը հաստատուած է Սան Ֆրանսիսքոյի ժողովին ընթացքին, որ տեւած է Ապրիլէն Յունիս 1945, եւ ստորագրուած է 26 Յունիս 1945-ին՝ 51 պետութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ։ Կանոնադրութեան ուժի մէջ մտնելու տարին (24 Հոկտեմբեր, 1945[1]) կը նշուի իբրեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան օր։ Ներկայիս ՄԱԿ-ին կ'անդամակցի 193 երկիր։ Գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ[2]։

Պաշտoնական լեզուներ Խմբագրել

Կառոյցը Խմբագրել

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողով ՄԱԿ-ի Քարտուղարութիւն
Միջազգային դատարան
Անվտանգութեան Խորհուրդ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդ ՄԱԿ-ի Խնամակալութեան խորհուրդ
 s.

ՄԱԿ-ի կառոյցին մէջ կարեւորագոյն տեղը կը գրաւէ Անվտանգութեան խորհուրդը (ԱԽ)։ Անիկա կը կրէ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման հիմնական պատասխանատուութիւնը։ ԱԽ-ն իրաւասու է որոշում ընդունելու միջազգային պատժամիջոցներու կիրարկման, խաղաղապահ ուժերու առաքման եւ ռազմական գործողութիւններու իրագործման վերաբերեալ։

 

Գլխաւոր Ժողովը Խմբագրել

 

Կեդրոնական դիրք ունի, իբրեւ գլխաւոր խորհրդատուական, քաղաքական եւ ներկայացուցչական մարմին։ Գլխաւոր ժողովը կ'ուսումնասիրէ համագործակցութեան սկզբունքները միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան շրջանին՝ կ'ընտրէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը, Տնտեսական եւ Ընկերային խորհուրդին ոչ մշտական անդամները: Անվտանգութեան Խորհուրդին առաջարկով կը նշանակէ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը, Անվտանգութեան խորհուրդին հետ համատեղ կ'ընտրէ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանին անդամները, կը կազմակերպէ տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ մարդկային ոլորտներու միջազգային համագործակցութիւնը, կ'իրականացնէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ նախատեսուած այլ լիազօրութիւններ։

Ժողովին տարեկան հերթական նստաշրջանը կը սկսի Սեպտեմբերի 3-րդ Երեքշաբթի օրը եւ կը գործէ Գլխաւոր Ժողովին նախագահին (կամ 21 տեղակալներէն մէկուն) ղեկավարութեամբ՝ լիակազմ նիստերու եւ գլխաւոր կոմիտէներու՝ մինչեւ օրակարգին ամբողջական սպառումը։

Գլխաւոր Ժողովը ըստ 17 Դեկտեմբեր 1993-ի որոշումին, իր կազմին մէջ կը ներառէ 6 կոմիտէ՝ Գլխաւոր կոմիտէ եւ լիազօրութիւններու ստուգման կոմիտէ՝

  • Գլխաւոր կոմիտէն խորհրդատուութիւն կը կազմէ Ժողովին համար կապուած օրակարգին հաստատման, օրակարգին կէտերուն բաշխման եւ աշխատանքի կազմակերպման հետ։
  • Լիազօրութիւններու ստուգման կոմիտէն Ժողովին կը զեկուցէ ներկայացուցիչներու լիազօրութիւններուն մասին:
  • Միջազգային անվտանգութեան եւ զինաթափման հարցերով զբաղող կոմիտէ (առաջին կոմիտէ):
  • Տնտեսական եւ նիւթական հարցերով զբաղող կոմիտէ (երկրորդ կոմիտէ):
  • Ընկերային եւ մարդկային հարցերով, ինչպէս նաեւ մշակութային հարցերով զբաղող կոմիտէ (երրորդ կոմիտէ):
  • Յատուկ քաղաքական եւ ապագաղութացման հարցերով զբաղող կոմիտէի (Չորրորդ կոմիտէ):
  • Վարչական եւ նիւթական հարցերով զբաղող կոմիտէ (հինգերորդ կոմիտէ):
  • Իրաւական հարցերով զբաղող կոմիտէ (վեցերորդ կոմիտէ):

Գլխաւոր կոմիտէի կազմին մէջ կը ներառուին Գլխաւոր Ժողովին նախագահը, նախագահին տեղակալները, գլխաւոր կոմիտէներու նախագահները, որոնք կ'ընտրուին հինգ ցամաքամասերէն՝ Ասիոյ, Ափրիկէի, Լատին Ամերիկայի, Քանատայի, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Եւրոպայի աշխարհագրական արդար ներկայացուցչութեան սկզբունքով։

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովին յատուկ նիստերը կրնան գումարուիլ տարբեր հարցերու շուրջ, ազգային անվտանգութեան խորհուրդին պահանջով, 15 օրուան ընթացքին։ Մինչեւ 2006 հրաւիրուած են շուրջ 30 յատուկ նստաշրջաններ, որոնց մեծ մասը կը վերաբերէին մարդու իրաւունքներուն, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան, թմրանիւթերու դէմ պայքարի եւ այլ հարցերու։

Արտակարգ յատուկ նիստեր կրնան գումարուիլ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին, ՄԱԿ-ի անդամ-պետութիւններու մեծամասնութեան եւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարին պահանջով՝ 24 ժամուան ընթացքին։

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը Խմբագրել

 
ՄԱԿ-ի «լոկօ»ն

Պատասխանատուութիւնն է միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը։ Խորհուրդին որոշումներուն պարտաւոր են ենթարկուիլ ՄԱԿ-ի բոլոր անդամները։ Անվտանգութեան Խորհուրդը բաղկացած է 15 անդամներէ, որոնցմէ հինգ մշտական անդամները (Ռուսաստանի Դաշնութիւն, ԱՄՆ, Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Չինաստան) ունին վեթոյի իրենց իրաւունքը օգտագործելու ուժ։ Մնացեալ տաս անդամները (կանոնադրութեան համաձայն «Մշտական չեն») կ'ընտրուին յատուկ կարգով՝ ըստ կանոնադրութեան (յօդուած 23 կէտ 2)։

ՄԱԿ-ի քարտուղարութիւնը Խմբագրել

Անիկա միջազգային անձնակազմ մըն է, որ կ'աշխատի աշխարհի բոլոր այն հաստատութիւններուն մէջ, որոնք կ'իրականացնեն Կազմակերպութեան կարգ մը ամէնօրեայ աշխատանքները։ Անիկա կը սպասարկէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գլխաւոր մարմիններուն եւ կ'իրականացնէ իրենց կողմէ ընդունուած ծրագիրները եւ քաղաքական դիրքորոշումները։ Քարտուղարութեան բաժինները կը գտնուին Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնական հաստատութիւններուն մէջ եւ այլ տեղեր, ուր կան ՄԱԿ-ի կեդրոնական հաստատութիւններ, որոնցմէ ամէնէն մեծերը տեղակայուած են Ժընեւի եւ Վիեննայի մէջ։

ՄԱԿ-ի Քարտուղարութիւնը կ'ապահովէ ՄԱԿ-ի մարմիններուն աշխատանքը, կ'իրականացնէ ՄԱԿ-ի նիւթերու հրապարակումը եւ տարածումը, արխիւներու պահպանումը, կ'իրականացնէ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու միջազգային պայմանագիրերու գրանցումը եւ հրատարակումը։

Քարտուղարութիւնը կը ղեկավարէ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարը։

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարները Խմբագրել

Անուն Նկար Երկիր Սկիզբ Վերջ
0 Կլատուին Ճեպ
(անգլերէն՝ Gladwyn Jebb, 1st Baron Gladwyn)
  Մեծն Բրիտանիա
24 Հոկտեմբեր 1945 1 Փետրուար 1946
1 Տրիւկուէ Հալուտան Լի
(նորվ.՝ Trygve Halvdan Lie)
  Նորվեկիա
2 Փետրուար 1946 10 Նոյեմբեր 1952
2 Տակ Համմարշոլտ
(շուէտ.՝ Dag Hammarskjöld)
Զուիցերիա
10 Ապրիլ 1953 18 Սեպտեմբեր 1961
3 Ու Թանթ   Պուրմա
30 Նոյեմբեր 1961 1 Յունուար 1972
4 Քուրթ Ուալտհայմ
(գերմաներէն՝ Kurt Waldheim)
  Աւստրիա
1 Յունուար 1972 1 Յունուար 1982
5 Խավիէ Փերեզ տը Քուէար
(սպ.՝ Javier Pérez de Cuéllar Guerra)
  Փերու
1 Յունուար 1982 1 Յունուար 1992
6 Պութրոս Պութրոս-Ղալի
(արաբերէն՝ بطرس بطرس غالي‎)
  Եգիպտոս
1 Յունուար 1992 1 Յունուար 1997
7 Քոֆի Անան
(անգլերէն՝ Kofi Annan)
  Կանա
1 Յունուար 1997 1 Յունուար 2007
8 Պան Քի Մուն
(քորէայերէն՝ 반기문)
  Հարաւային Քորիա
1 Յունուար 2007
1 Յունուար 2014

Միջազգային դատարանը Խմբագրել

ՄԱԿ-ի շրջանակներուն մէջ կարեւորագոյն դեր ունի ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանը, որ իր գործունէութիւնը սկսած է 1946-ին։

Դատարանը կը քննարկէ պետութիւններու միջեւ տարածքային, սահմանային եւ այլ բնոյթի վէճերը, ռազմական ուժի ապօրինի կիրարկման հարցերը, խորհուրդներ կու տայ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին, Գլխաւոր ժողովին եւ ՄԱԿ-ի միւս մարմիններուն։ Դատական գործին կողմ կրնայ հանդիսանալ միայն պետութիւնը. ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձինք ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարան դիմելու իրաւունք չունին։ Իր գործունէութեան ընթացքին դատարանը ոչ միայն էական ներդրում կ'ունենայ շարք մը իրաւական սկզբունքներու զարգացման գործին մէջ, այլեւ կը նպաստէ տարբեր պետութիւններու միջեւ եղած սուր վիճաբանութիւններու կարգաւորման։

Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդը Խմբագրել

ՄԱԿ-ի կարեւորագոյն կառոյցներէն է Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդը, որ կը համակարգէ համագործակցութիւնը տնտեսական եւ ընկերային ոլորտներուն մէջ։

ՄԱԿ-ի մէջ ստեղծուած են նաեւ տնտեսական կայունացման շարք մը կառոյցներ եւ հաստատութիւններ՝ Միջազգային արժութային հիմնադրամը եւ Վերակառուցման ու զարգացման միջազգային դրամատունը։

Միաժամանակ ՄԱԿ-ի կառոյցին մէջ էական դեր ունին մասնագիտացուած հաստատութիւնները։ Ասոնք կը ներառեն ինչպէս ՄԱԿ-ի կողմէ ստեղծուած ինքնուրոյն միջազգային կազմակերպութիւններն ու կառոյցները (ԵՈՒՆԵՍՔՕ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւն, Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութիւն եւ այլն), այնպէս ալ առանձին ծրագիրները ու հիմնադրամները։

ՄԱԿ-ը Հայաստանի մէջ Խմբագրել

Հայաստանի՝ 23 Յունուար 1992-ին պաշտօնական խնդրանքին ի պատասխան՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Անվտանգութեան խորհուրդը (ԱԽ) իր 3035-րդ նիստին ընթացքին կը քննարկէ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումը ՄԱԿ-ին անդամակցելու վերաբերեալ եւ խորհուրդ կու տայ «Գլխաւոր Ժողով»ին (ԳԺ) ընդունիլ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ ՄԱԿ-ի անդամ (ԱԽ 735-րդ բանաձեւ, 29 Յունուար 1992):

Ըստ ՀՀ 23 Յունուար 1992-ի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան անդամակցելու դիմումին, ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը իր 29 Յունուար 1992-ի 3035-րդ նիստին կ'ընդունի 735 (1992) բանաձեւը[3] եւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովին կը յանձնարարէ անդամագրել Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովը իր 46-րդ նստաշրջանին, 2 Մարտ 1992-ի 46/227 որոշումով կը հաստատէ ՀՀ-ի անդամակցութիւնը։

17 Սեպտեմբեր 1992-ին Նիւ Եորքի մէջ պայմանագիր մը կը ստորագրուի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ։ Անոնք կը վաւերացնեն Ալեքսանտր Արզումանեանին՝ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին մշտական ներկայացուցիչ ըլլալը եւ Ուիլիըմ Տրէյպըրին՝ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրին (ՄԱԶԾ) կառավարիչ ըլլալը։ Պայմանագիրը կը վերաբերէր Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի միջանկեալ գրասենեակի հիմնադրման, նպատակ ունենալով աջակցիլ եւ լրացնել տնտեսական զարգացման կարեւոր խնդիրներու լուծումը, օժանդակել ընկերային յառաջընթացին եւ կենսամակարդակի բարելաւման ուղղութեամբ պետութեան ջանքերուն։ Հայաստանի պետութիւնը պարտաւոր է ապահովել անհրաժեշտ պայմաններ՝ գրասենեակի գործառոյթներու լիակատար եւ արդիւնաւէտ իրականացման համար (հատուած ՄԱԿ-ի եւ ՀՀ կառավարութեան միջեւ ստորագրուած պայմանագիրէն):

Դեկտեմբեր 1992-ին ՄԱԿ-ը Հայաստանի մէջ կը հիմնէ իր գրասենեակը (Հրազդան հիւրանոցին մէջ): Ըստ վերոնշեալ պայմանագիրի դրոյթներուն՝ Հայաստանի կառավարութիւնը կը ստանձնէ ՄԱԿ-ին համապատասխան գրասենեակով ապահովելու պարտաւորութիւնը (պայմանագիրի 13-րդ յօդուած)։ Հոկտեմբեր 1995-ին ՄԱԿ-ի գրասենեակը կը տեղափոխուի Երեւանի կեդրոնին մէջ գտնուող նոր շէնք՝ Պետրոս Ադամեան (նախկին Քառլ Լիպքնեխտի) 14 հասցէով։ 1998-ին ՄԱԿ-ի Հայաստանեան գրասենեակը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարին կողմէ կը հաստատուի իբրեւ ՄԱԿ-ի շէնք։

1994-2000 ՄԱԿ-ի Հայաստանեան գրասենեակին մէջ կը գործէր ՄԱԿ-ի Մարդասիրական հարցերու վարչութիւնը, որ հետագային կը վերանուանուի Մարդասիրական հարցերու համակարգման գրասենեակ (ՄՀՀԳ/OCHA)։ Գրասենեակը կը փակուի Հայաստանի ճգնաժամային իրավիճակէն դուրս գալէն ետք։

2001-2006 ՄԱԿ-ի Հայաստանեան գրասենեակին մէջ կը գործէր Կանանց զարգացման հիմնադրամի (ՄԱԿԶՀ/UNIFEM) «Կանայք յանուն հակամարտութիւններու կանխարգելման եւ խաղաղութեան ամրապնդման Հարաւային Կովկասի մէջ» ծրագիրը։

Այսօր ՄԱԿ-ի շէնքը համատեղ կ'օգտագործեն՝

  • ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրը (ՄԱԶԾ/UNDP),
  • ՄԱԿ-ի Հանրային տեղեկատուութեան վարչութիւնը (ՄԱԿ ՀՏՎ/UN DPI),
  • ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը (ՄԱՓԳՀԳ/UNHCR),
  • Պարենի համաշխարհային ծրագիրը (ՊՀԾ/WFP),
  • Մանկական հիմնադրամը (ՄԱՄՀ/UNICEF),
  • Բնակչութեան հիմնադրամը (ՄԱԲՀ/UNFPA),
  • ՄԱԿ-ի Արդիւնաբերական զարգացման կազմակերպութիւնը (ՄԱԱԶԳ/UNIDO)։

Վերոյիշեալ գործակալութիւններն ու ծրագիրները կը կիսեն միասնական ծառայութիւններու համակարգի գաղափարն ու համախմբուած են վերջինիս շուրջ՝ խնայուած միջոցները ուղղելով ծրագիրներու իրականացման։ Այս քաղաքականութիւնը լիովին կը համապատասխանէ Գլխաւոր քարտուղարի բարեփոխումներու նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է հզօրացնել ՄԱԿ-ի համակարգը՝ իրականացնելով վարչական ծախսերու խնայողութիւն՝ յօգուտ իրականացուող ծրագիրներու։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել