Մարսի դրօշ, Մարս մոլորակի ոչ մէկ պաշտօնական կարգավիճակ ունեցող դրօշն է։ Կազմուած է Մարսի իւրացման ոչ առեւտրային կազմակերպութեան (Mars Society) եւ Մոլորակային միութեան (The Planetary Society) կողմէ։

Մարսի դրօշը

Դրօշը իրաւանաբական տեսանկիւնէն չի կրնար ունենալ պաշտօնական կարգավիճակ, քանի որ ըստ տիեզերական տարածութեան մասին համաձայնագրի, երկնային առարկաներուն որեւէ տարր վերագրելը կը համարուի անթոյլատրելի[1]։

Դրօշը կը պատկերէ Մարսի հնարաւոր ապագան՝ կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Մարս մոլորակը, իսկ կանաչ ու կապոյտ գոյները կը խորհրդանշեն մարդկութեան կողմէ այդ մոլորակի հնարաւոր իւրացումն ու օգտագործումը, եթէ անոր համար ի հարկէ ապագային ըլլայ համապատասխան հնարաւորութիւն եւ ցանկութիւն։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Treaty on Principles Governing the Activities of States in the Exploration and Use of Outer Space, including the Moon and Other Celestial Bodies United Nations Office for Outer Space Affairs. Retrieved: 2011-05-26.