Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, պաշտօնական անունը՝ Կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (անգլերէն՝ Holy See of Cilicia, պաշտօնական անունը՝ the Armenian Catholicosate of the Great House of Cilicia) Հայ Առաքելական Եկեղեցի է։ Նստավայրն է՝ Անթիլիաս, Լիբանան։ Նուիրապետական չորս աթոռներէն մէկն է, որ կը գործէ աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ եւ ունի եկեղեցական կառոյցներ, որոնք կը կոչուին թեմեր եւ ունին իրենց թեմակալ առաջնորդները։ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն է՝ Արամ Ա. Քէշիշեան։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհարանը՝ Անթիլիաս:

Կիպրոսի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրանի հայկական թեմերը կը գտնուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ։ Ունի նաեւ թեմեր ԱՄՆ-ի ու Քանատայի մէջ։

Պատմութիւն Խմբագրել

Հիմնուած է 1446-ին, Կիլիկիոյ Սիս քաղաքին մէջ՝ Հայոց կաթողիկոսութեան նախկին նստավայրին մէջ, 1441-ի Էջմիածինի ազգային-եկեղեցական ժողովին որոշումով հայրապետական աթոռը Ս. Էջմիածինի մէջ վերահաստատուելէն ետք: Առաջին կաթողիկոսը եղած է Կարապետ Ա. Եվդոկացին (1446-1477): Ժզ. դարու սկիզբէն, երբ թուրքերը գրաւած եւ օսմանեան կայսրութեան նահանգին վերածած են Կիլիկիան, սկսած է կաթողիկոսութեան ամենածանր ու դժուարին շրջանը: Մինչեւ Ժթ. դարու կէսը Կիլիկիա շարունակաբար ենթարկուած է թուրքերու, ինչպէս նաեւ այլ ցեղերու ասպատակութիւններուն: Յաճախ գրաւուած ու աւերուած է նաեւ Սիսը, թալանուած անոր կաթողիկոսարանը:

Գահակալներէն շատեր (Յովհաննէս Բ. Թլկուրանցիէն, 1489-1525) ստիպուած երկրորդ աթոռանիստ դարձուցած են Հալէպը, Ատանան, երբեմն ալ՝ մնացած թափառական, աքսորուած կամ սպաննուած: Յատկապէս Ժզ.- Ժէ. դարերուն Ամենայն հայոց եւ Սիսի կաթողիկոսութիւններու միջեւ վէճեր սկսած են կաթողիկոսական իրաւասութիւններու սահմաններու եւ եպիսկոպոսական  ձեռնադրութիւններու վերաբերեալ, որոնք սուր բնոյթ ստացած են Ամենայն հայոց կաթողիկոս Փիլիպոս Ա. Աղբակեցիի եւ Սիսի կաթողիկոս Սիմէոն Բ. Սեբաստացիի (1633-48) օրով:

Ներսէս Ա. Սեբաստացիի (1648-54) օրերուն փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան մթնոլորտ մը ստեղծուած է Մայր աթոռին եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ, որ վաւերացուած է 1651-ի Երուսաղէմի եկեղեցական ժողովին: Ամենայն հայոց կաթողիկոս Փիլիպոս Ա. Աղբակեցի Երուսաղէմի ժողովին մասնակցելու նպատակով այցելած է Հալէպ (հոն կը գտնուի Սիսի աթոռը) եւ հանդիպած Ներսէս Ա. Սեբաստացիին հետ: Երկու հայրապետները Ս. Զատկուան տօնին առիթով մեծ շուքով ուխտի գացած են Ս. Երուսաղէմ, ապա մասնակցած ժողովին:

Ժզ.-Ժէ. դարերուն մահմետական ցեղերու ճնշումներէն պաշտպանուելու նպատակով, Կիլիկիոյ կաթողիկոսներէն ոմանք, հռոմէական եկեղեցւոյ ծիսաարարողական որոշ զիջումներ ընելու խոստումով, փորձած են շահիլ Հռոմի պապերուն հովանաւորութիւնն ու աջակցութիւնը: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ աթոռանիստ Սիսը դարձուցած են սսականութեան կեդրոն (Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան հետ), որ կը պայքարէր էջմիածնականութեան դէմ: Սսականութեան ղեկավարներ՝ Սիսի կաթողիկոս Խաչատուր Գ. Գաղատացի եւ Եղիազար Այնթապցի որոշ դեր խաղացած են հասարակական բախումներու եւ խռովութիւններ հրահրելու, արեւմտահայ թեմերը Էջմիածինի Հայոց կաթողիկոսութեան հակադրելու գործին մէջ: Պայքարը մեղմացած է 1680-ական թուականներուն, երբ էջմիածնականները, պառակտման վերջ տալու նպատակով, Ամենայն հայոց կաթողիկոս ընտրած են սսականութեան առաջնորդ Եղիազար Ա. Այնթապցին: Այնուհանդերձ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այդ շրջանին եւս շարունակած է իր հոգեւոր ազգային ծառայութիւնը մատուցել ժողովուրդին, կրցած է պահպանել հայոց աւանդութիւնները եւ նպաստել Հայ եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութեան ու անկախութեան: Այդ գործին մէջ յատկապէս աչքի ինկած են Աջապահեանները: 1733-1865-ին շարունակաբար տիրելով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աթոռին՝ անոնք վերջ տուած են աթոռակալական կռիւներուն:

1909Ատանայի կոտորածին, ապա Մեծ եղեռնի հետեւանքով Կիլիկիան հայաթափուած է յատկապէս՝ 1920-1922-ին): Ջարդերէն փրկուածները գաղթած են առաւելաբար Սուրիա եւ Լիբանան: 1921-ի Դեկտեմբերէն Սիսը դադրած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աթոռանիստը ըլլալէ, իսկ 1922-ի սկիզբը կաթողիկոսարանը մատնուած է աւերի ու թալանի: Կաթողիկոս Սահակ Բ. Խապաեանը (1902-1939), հաւաքելով կաթողիկոսարանին հնութիւններն ու հարստութիւնները, փոքրաթիւ կիլիկիահայերու հետ տարագրուած է արաբական երկիրներ: 1922-1930-ին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան, հայկական շարք մը միութիւններու ու կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ առանձին գործիչներու օժանդակութեամբ մեծ ներդրում ունեցած է կոտորածներէն փրկուած ու Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Կիպրոսի մէջ ապաստանած հայութիւնը համախմբելու, հազարաւոր որբեր խնամելու, որբանոցներ ու վարժարաններ գործին մէջ: Ինը տարի Լիբանանի եւ Սուրիոյ զանազան շրջաններ տեղափոխուելէ ետք, Յուլիս 1930-ին կաթողիկոսարանը հաստատուած է Լիբանան՝ Անթիլիաս: Կիլիկիոյ աթոռը մինչեւ 1915 ունեցած է 13 թեմ՝ Սիս, Ատանա, Հաճըն, Բայաս, Բերիա (Հալէպ), Մարաշ (Ուլնիա), Ֆրնուզ, Այնթապ, Անտիոք, Մելիտենէ, Եոզկաթ (Եոզղատ), Կիւրին եւ Կիպրոս, որոնցմէ Մեծ եղեռնէն ետք միայն Հալէպի թեմը մնացած է: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերը վերակազմաւորելու հարցով 30 Ապրիլ 1929-ին, Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կաթողիկոսին յանձնարարութեամբ, Երուսաղէմ մեկնած է հայրապետական պատուիրակ եւ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Թորգոմ Արք. Գուշակեան: Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը Ամենայն հայոց կաթողիկոսին օրհնութեամբ Կիլիկիոյ աթոռին փոխանցած է պատրիարքութեան պատկանող Դամասկոսի, Պէյրութի, Լաթաքիոյ, Անտիոքի, Հալէպի, Կիպրոսի եկեղեցիները, կալուածները, վարժարանները եւ առաջնորդարանները: Այսպիսով, 1930-ական թուականներուն Կիլիկիոյ աթոռը ունեցած է չորս վերակազմաւորուած թեմեր՝ Բերիա (Հալէպ), Դամասկոս, Լիբանան եւ Կիպրոս: Հիմնական հանգրուան մը եւ գործելու բարենպաստ պայմաններ ունենալով՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հետագայ տարիներուն ապրած է իր ծաղկման շրջանը: Սահակ Բ. Խապայեանի, աթոռակից կաթողիկոս Բաբգէն Կիւլեսերեանի ջանքերով վերակազմուած է կաթողիկոսարանը, հիմնուած տպարան, 1930-ին վերաբացուած դարասկիզբին Սահակ Բ. Խապայեանի հիմնած Դպրեվանքը, հրատարակուած (1932-էն) կաթողիկոսարանին «Հասկ» պաշտօնական պարբերականը եւ այլն:

Կաթողիկոս Պետրոս Ա. Սարաճեանի (1940) ջանքերով եւ ամերիկեան Նպաստամատոյց ընկերութենէն նուիրատուութիւններով գնուած է Անթիլիասի կալուածը, որ 1922-23-ին ծառայած է իբրեւ որբանոց՝ պատսպարելով Մեծ եղեռնէն փրկուած աւելի քան 1400 հայ որբեր: Անոր ջանքերով կառուցուած են նաեւ Դպրեվանքին նոր շէնքը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը, Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած Ս. Ստեփանոս մատուռը, ուր զետեղուած է Տէր Զօրի անապատէն հաւաքուած՝ հայ ժողովուրդի զաւակներուն անթաղ ոսկորներուն մէկ մասը:

Հոգեւոր-մշակութային կեանքի զարգացումը շարունակուած է նաեւ հետագային, յատկապէս Գարեգին Ա. Յովսէփեանի օրով: 1952-էն ի վեր թափուր մնացած Կիլիկիոյ աթոռը սառ պատերազմի տարիներուն դարձած է քաղաքական շահարկումներու առարկայ, որու պատճառով 1956-ին երկու աթոռներու փոխյարաբերութիւնները աւելի սրած են:

1957-էն սփիւռքի շարք մը թեմեր կ'անցնին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իրաւասութեան ներքեւ: Անոնցմէ են՝ ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմին մէկ մասը, Յունաստանի թեմը եւ Իրանի երեք թեմերը (Թեհրանի, Սպահանի եւ Ատրպատականի): Աւելի ուշ կազմուած են Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան ու Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու թեմերը: 1962-ին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներգրաւուած է էքիւմենեան շարժման մէջ՝ դառնալով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի անդամ, դիտորդներ ուղարկած Վատիկանի Բ. ժողովին: Քենիոյ մայրաքաղաք Նայրոպիի համաժողովին (1975) Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան (1983-1995՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ., 1995-1999՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Ա. Սարգիսեան) ընտրուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի փոխատենապետ (մինչեւ 1983):

1991-ի Քանպերա (Աւստրալիա) համաժողովին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէկ այլ ներկայացուցիչ՝ Արամ Արք. Քէշիշեան (այժմ՝ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Քէշիշեան) ընտրուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական եւ գործադիր վարչութիւններու ատենապետ (վերընտրուած է 1998-ին):

Գործունէութիւն Խմբագրել

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մեծ դեր խաղացած է 1974-ին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի հիմնադրման աշխատանքներուն մէջ: Ան իր միջեկեղեցական յարաբերութիւնները կը շարունակէ նաեւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ եւ աւետարանական (բողոքական) եկեղեցիներուն հետ: Մասնակից է արաբական երկիրներու՝ յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ անկախութեան ի նպաստ կատարուող աշխատանքներուն: Միջազգային եւ միջեկեղեցական բարձր մակարդակներու վրայ կը պաշտպանէ ճնշուած ժողովուրդներու դատը՝ միշտ գտնուելով արաբական երկիրներու կողքին: Կաթողիկոսութիւնը Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ մեծ դեր կը կատարէ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան զարգացման, այդ ժողովուրդներու համատեղ, խաղաղ գոյակցութեան պայմաններու ստեղծման ուղղութեամբ: Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ սփիւռքի, յատկապէս Միջին Արեւելքի երկիրներու հայութեան կեանքին ընկերային, մշակութային եւ հոգեւոր ոլորտներուն:

Կազմակերպած եւ առաջնորդած է սփիւռքի տարբեր գաղութներ, կառուցած նոր եկեղեցիներ, դպրոցներ, ստեղծած մշակութային ու մարզական ակումբներ: Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ կը գտնուին Լիբանանի Ճիպէյլ քաղաքին մէջ գտնուող հայկական որբանոցը (Թռչնոց բոյն), Լեռնալիբանանի մէջ՝ Ազգային բուժարանը, Արեւելեան Պէյրութի մէջ՝ Ծերանոց-կուրանոց համալիրը, հայ ժողովուրդին յատուկ բնակարաններու համալիր մը՝ Ֆանարի շրջանին մէջ (Լիբանան), ինչպէս նաեւ կրթական ու բարեգործական կեդրոններ յատկապէս Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Յունաստանի մէջ: Կաթողիկոսարանը ունի թանգարան, ձեռագրատուն, մատենադարան, տպարան, Զարեհեան դամբարան, ուր ամփոփուած են Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի շրջանի կաթողիկոսները եւ միաբանները: Կաթողիկոսութիւնը ունի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու, քրիստոնէական դաստիարակութեան յատուկ գրասենեակներ, բազմաթիւ գրականական մրցանակներ, կրթաթոշակներ, Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոն, կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ-տնօրէնութիւն եւ այլն[1]:

Միութիւններէն յայտնի է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համալսարանական երիտասարդներու միութիւնը: Գարեգին Բ.-ի օրով վերստին կեանքի կոչուած է Գարեգին Ա. Յովսէփեանի օրով հիմնուած «Հասկ հայագիտական» կրօնաբանասիրական տարեգիրքը, իսկ Մայրավանքի տպարանին մէջ լոյս տեսած են հարիւրաւոր աստուածաբանական, պատմական եւ հայագիտական գիրքեր:

Ղարաբաղեան շարժման սկիզբէն, 7 Դեկտեմբեր 1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն եւ յատկապէս Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի նախաձեռնութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի գործուն օժանդակութեամբ ամէն ճիգ ի գործ դրած է Հայ եկեղեցւոյ միութեան ու միասնութեան ամրապնդման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան հետ միասին իր մասնակցութիւնը բերած է մայր հայրենիքի վերաշինութեան եւ հայրենի անկախ պետականութեան ամրապնդման աշխատանքներուն:

Կանոնադրութիւն Խմբագրել

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ղեկավարուի իր կանոնադրութեամբ, որ մշակուած է 1860-ի Ազգային սահմանադրութեան սկզբունքներով:

Իւրաքանչիւր թեմ ունի իր սահմանադրութիւնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը գլուխն է Ազգային ընդհանուր ժողովին, զոր կ'ընտրէ Ազգային կեդրոնական կրօնական եւ քաղաքական ժողովները: Կարեւոր հարցերու քննարկման համար Կիլիկիոյ կաթողիկոսը կը հրաւիրէ համատեղ ժողովի նիստի:

Թեմեր Խմբագրել

2001-էն ի վեր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր ծառայութիւնը կը վայելեն Լիբանանի (Պէյրութ), Բերիոյ (Հալէպ), Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան նահանգներու եւ Քանատայի (Նիւ Եորք, Վենեզուելլա) հոգեւոր հովւութիւնը), Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան (Լոս Անճելըս), Կիպրոսի (Նիկոսիա), Թեհրանի (Թեհրան), Իրանա-Հնդկաստանի (Սպահան), Ատրպատականի (Թաւրիզ), Յունաստանի (Աթէնք), Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու (Էլ Քուէյթ) թեմերը:

Պատկերասրահ (Անթիլիաս) Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-04-10-ին։ արտագրուած է՝ 2020-09-24 

Գրականութիւն Խմբագրել

Արտաքին Յղումներ Խմբագրել