Քահանան, Ս. Պատարագի սկիզբը, սկիհը կը ծածկէ մեծ ծածկոցով մը, որ յատուկ կտաւ մըն է, հիւսուած կ’ըլլայ մետաքսէ, բամպակէ կամ վուշէ: Քահանան երբ անով խորհուրդը կը ծածկէ, կ’ըսէ «Երկինքը ողողուեցաւ Փառաւորեալին լոյսով ու Անոր փառքով լեցուեցաւ երկիրը»:

Կարգ մը արեւելեան ծէսերու մէջ, երբ Եպիսկոպոսը աւագ սարկաւագը կը ձեռնադրէ՝ անոր կուրծքին վրայ կը տարածէ ծածկոցը, ապա զայն կը ծալլէ ու կը խնդրէ որ գրակալին վրայ դրուած Աւետարանը կարդայ, խորհրդանշելու համար խորհուրդը այն հրեշտակին, որ քարը գլորեց Յիսուսի գերեզմանին վրայէն: Երբ նոր ձեռնադրուած Քահանան Ս. Հաղորդութեան օրհնութիւնը կատարէ, Եպիսկոպոսը, ձեռնադրութենէն ետք, անոր գլխուն վրայ կը դնէ սկիհ մը, որուն մէջ զետեղուած կ’ըլլայ Ս. Արիւնով թաթխուած Ս. Մարմինը ու զայն կը ծածկէ մեծ ծածկոցով:

Աղբիւր Խմբագրել