Մենակութիւնը բարդ եւ անհաճոյ զգացում մըն է, որ պատասխանն է անձի մը մեկուսացման եւ ընկերային կապակցութիւններու պակասին։ Մենակութիւնը ընդհանրապէս կ'ընդգրկէ անչափ մտահոգութեան ազդեր, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, թէ առանձնութիւնն ու մենակութիւնը պիտի ըլլայ ո՛չ միայն իր ներկային մէջ, այլ պիտի շարունակուի իր գալիք ապագային մէջ։ Նաեւ, մենակութիւն կրնայ զգալ անձ մը նոյնիսկ ուրիշ մարդոցմով շրջապատուելով հանդերձ։ Մենակութեան պատճառները տարբեր են եւ կ'ընդգրկեն ընկերային, մտային, հոգեբանական եւ նոյնիսկ ֆիզիքական ազդանշաններ։

Առանձնութիւն, Ժան Ժագ Հենըր

Վերլուծումներ ցոյց կու տան, թէ մենակութեան պարագաները ամէնէն շատ են անոնց մօտ, որոնք ամուսնացած են, յարաբերութիւններու մէջ են, ընտանիքի մշտական անդամ են, տարեց են, վեթերան են եւ կամ ունին յաջող գործի ասպարեզ։[1] Հին օրերէ հետազօտուած նիւթ մըն է մենակութիւնը, միշտ ներարուած գրականութեան տարբեր ժանրերու մէջ։ Մենակութիւնը նաեւ կը բացատրուի իբրեւ «ընկերային ցաւ»՝ հոգեբանական վիճակ մը որ պէտք է մղէ տարապող անձը, որպէսզի ընրկեային կապակցութիւնները ընդանհրապէս աւելցնէ։[2]

Հետեւանքներ Խմբագրել

Մտային Առողջութիւն Խմբագրել

 
Մենակութիւն, Հանս Թոմա (Ուորսոուի Պետական Թանգարան):

Մենակութիւնը միշտ կապուած է ընկճումի եւ վհատումի, ինչ որ կրնայ տանիլ դէպի անձնասպանութիւն:[3] Էմիլ Տիւրխէյմ բացատրած է, թէ մենակութիւնը, հատկապէս այդ տեսակը, որ կը զզուեցնէ տարապող անձը ունենալէ ընկերային կապակցութիւններ, գլխաւոր պատճառն է եսապաշտական անձնասպանութեան:[4] Չափահասներու մօտ, մենակութիւնը մեծ դեր կը խաղայ անոր ընկճումի ու ալքոհոլիզմի հանգրուաններուն վրայ։[5] Անոնք, որոնք մենակութենէ կը տարապին, նաեւ կը տարապին անքնութենէ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ աւելի ցած աշխոյռութեան մակարթակներու տանելով անոր գործի ձախողութեան ճամբան։[6][7]

Փոքրերու մօտ, ընկերային կապակցութիւններու պակասը ամբողջովին կ'ապացուցէ հակա-ընկերային կեցուածքի եւ ինքնա-քանդիչ վարուելակերպի։

Թէ՛ չափահասներու եւ թէ՛ ալ փոքրերու մօտ՝ մենակութիւնը ժխտականօրէն կ'ազդէ սորվելու եւ յիշողութեան կարողութիւններուն վրայ։ Մենակութեան անքնութեան կողէ ամէնէն ժխտական հետեւանքները ունի։[8]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Peplau L.A., Perlman D. (1982)։ «Perspectives on loneliness»։ in Peplau Letitia Anne, Perlman Daniel։ Loneliness: A sourcebook of current theory, research and therapy։ New York: John Wiley and Sons։ էջեր 1–18։ ISBN 978-0-471-08028-2 
  2. Cacioppo, John; Patrick, William, Loneliness: Human Nature and the Need for Social Connection, New York : W.W. Norton & Co., 2008. ISBN 978-0-393-06170-3. Science of Loneliness.com
  3. The Dangers of Loneliness[permanent dead link] - Marano, Hara Estroff; Psychology Today Thursday 21 August 2003
  4. Shelkova Polina (2010)։ «Loneliness» 
  5. Marano Hara։ «The Dangers of Loneliness»։ արտագրուած է՝ 10 December 2012 
  6. Hawkley Louise C, Cacioppo John T (2003)։ «Loneliness and pathways to disease»։ Brain, Behavior, and Immunity 17 (1): 98–105։ PMID 12615193։ doi:10.1016/S0889-1591(02)00073-9 
  7. Masterson James F., Klein Ralph (1995)։ Disorders of the Self: Secret Pure Schizoid Cluster Disorder։ էջեր 25–7։ «Klein was Clinical Director of the Masterson Institute and Assistant Professor of Psychiatry at the Columbia University College of Physicians and Surgeons, New York» 
  8. «Loneliness and Isolation: Modern Health Risks»։ The Pfizer Journal IV (4)։ 2000։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 28 January 2006-ին