Մեսրոպ Մաշտոց, (361 կամ 362, Հացեկաց (Տարօնի գաւառ)[2] - 17 Փետրուար 440, Վաղարշապատ (այժմ Էջմիածին), թաղուած է Օշական), հայերէն գիրերը գտնողը կամ ստեղծողը եւ հայ ինքնուրոյն թարգմանական գրականութեան սկզբնաւորողը (Սահակ Ա․ Պարթեւի հետ), հայ գրութեան, հայագիր դպրոցի հիմնադիրը[3], հայոց առաջին ուսուցիչը, լուսաւորիչ, մշակութային-հասարակական գործիչ, քրիստոնէութեան քարոզիչ եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ վարդապետ։

Մեսրոպ Մաշտոց
Ծնած է 362[1]
Ծննդավայր Հացեկաց, Տարօն, Տուրուբերան, Մեծ Հայք[1]
Մահացած է 17 Փետրուար 440[1]
Մահուան վայր Վաղարշապատ, Հայկական մարզպանութիւն, Սասանեան Պարսկաստան[1]
Քաղաքացիութիւն  Մեծ Հայք
Ազգութիւն Հայ[1]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի[1]
Մասնագիտութիւն թարգմանիչ, լեզուաբան, Աստուածաշունչի թարգմանիչ

Մեսրոպ Մաշտոցի պատմական առաքելութիւնը կարեւորագոյն դեր ունեցաւ հայութեան ազգային ինքնութեան հետագայ պահպանման համար։ Գիտական տեսակէտներու համաձայն՝ վրացերէն եւ աղուաներէն այբուբեններու ստեղծողն է ան։

Մաշտոցի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ կան վաւերական աղբիւրներ, որոնցմէ են անոր ժամանակակից եւ դէպքերու ականատես Կորիւնի «Վարք Մաշտոցի»ն, նաեւ Մովսէս Խորենացիի, Ղազար Փարպեցիի, Մովսէս Կաղանկատուացիի եւ Կարապետ Սասնեցիի ընդարձակ վկայութիւնները (շուրջ 30 հին եւ միջնադարեան աղբիւրներ)։

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Մեսրոպ Մաշտոց ազնուական Վարդանի որդին էր (ըստ Անանիա Շիրակացիի «ազատի տունէն»)։ Հայաստանի մէջ ստացած է յունական կրթութիւն։ Կը տիրապետէր յունարէն լեզուին, պարսկերէնին, ասորերէնին, վրացերէնին։ Սկզբնական շրջանին ծառայած հայոց Խոսրով Դ․ ( 385 − 388 ) թագաւորին արքունիքին մէջ , եղած զինուորական, ապա՝ պալատական գրագիր։ 395/396-ին դարձած է հոգեւորական եւ մեկնած Վասպուրականի Գողթն գաւառը, ուր տեղի իշխան Շապիթէն՝ ստանալով գործելու ազատ հնարաւորութիւն, հիմնած է քրիստոնէական համայնքներ, եկեղեցական դասեր։ Շրջագայած է նաեւ Սիւնիքի մէջ։ Ունեցած է աշակերտներ, որոնք յետոյ դարձած են անոր օգնականները լուսաւորական գործունէութեան ասպարէզին մէջ։ Այս շրջանին մէջ մտադրած են ստեղծել հայկական գիրեր՝ Աստուածաշունչը թարգմանելու համար։ Վերադարձած է Վաղարշապատ, ուր կաթողիկոսին նախաձեռնութամբ հրաւիրուած է յատուկ ժողովի։

Մօտաւորապէս 404-ին Միջագետքէն բերուած Դանիէլեան նշանագրերով, կատարած է թարգմանական եւ ուսուցողական առաջին փորձերը, սակայն ապարդիւն։ Այդ ժամանակ ստացած է վարդապետի (ուսուցիչի) աստիճան։ Վռամշապուհի եւ Սահակ Պարթեւի հրահանգով, անձամբ մեկնած է Միջագետք, հանդիպած նոյն Դանիէլ եպիսկոպոսին հետ։ 420-422-ին մեկնած է Բիւզանդիա՝ Կոստանդնուպոլիս, հանդիպած է Թէոդոս Բ. կայսրին եւ յոյներու պատրիարք՝ Ատտիկոսի հետ, որմէ ետք հայկական դպրոցներ բացած է Մեծ Հայքի բիւզանդահպատակ գաւառներուն մէջ, զուգահեռաբար պայքար մղած է «բորբորիտներ» աղանդին դէմ։ Վերադարձէն առաջ Աղուան Բենիամինի հետ ստեղծած է աղուաններու գիրերը։ Բիւզանդական իշխանութիւններէն ստացած է «ակումիտ» (άxουμήτης -ճգնող) տիտղոսը։ Արարատ վերադառնալէն ետք՝ անձամբ մեկնած է Աղուանք, հանդիպած է աղուանի Արսուաղէն արքայի եւ Երեմիա եպիսկոպոսին հետ, կազմակերպած է նոր գիրի տարածումը, ուրկէ անցած է Բաղասական գաւառ, մղած հակաաղանդաւորական պայքար։ Այդ շրջանին եղած է Ուտիքի Գարդման գաւառը, ապա՝ Գուգարաց Տաշիրք։ 431-439-ի միջեւ կաթողիկոս Սահակի եւ աշակերտներու հետ աւարտած է Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը[4][5]։ 439-ին անոր հրահանգով կաթողիկոսական աթոռը տեղապահ կը դառնայ Յովսէփ Վայոց ձորեցին։

Կեանքին վերջին տարիներուն գրած է հոգեւոր շարականներ, կրօնա-փիլիսոփայական երկեր։

Մեսրոպ Մաշտոցը որպէս հայոց այբուբենի ստեղծող Խմբագրել

 
Մեսրոպ Մաշտոցն՝ ըստ վենետիկցի նկարիչ Ճիովաննի Պաթիսթա Թիէպոլոյի (1696-1770)

Թէեւ քրիստոնէութիւնը Հայաստան մուտք գործած էր Ա. դարուն եւ 301-ին Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ դարձած է պետական կրօն, բայց ժողովուրդին զգալի մասը միայն անուանապէս քրիստոնեայ էր, երկրին մէջ գտնուող Աստուածաշունչ մատեանները, եկեղեցական այլ երկեր յունարէն կամ ասորերէն էին, ժամերգութիւնները եւ ծէսերը կը կատարուէին ժողովուրդին համար անհասկնալի այդ լեզուներով։ Մաշտոց Աստուածաշունչը երբ հրապարակաւ կը կարդար, անմիջապէս բանաւոր կը թարգմանէր հայերէնի՝ ժողովուրդին հասկնալի դարձնելու համար։ Գողթնի մէջ կատարած քարոզչութիւնը Մաշտոցի մէջ կը հաստատէ հայերէն գիր ու գրականութիւն ունենալու հրատապ կարեւորութիւնը։ Կային այդ որոշումն ընդունելու նաեւ այլ ծանրակշիռ պատճառներ։ 387-ին Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի միջեւ երկու մասի բաժնուած Հայաստանի արեւելեան եւ արեւմտեան մասերուն մէջ թէեւ կը պահպանուէր հայոց թագաւորութիւնը, բայց պարսկական ազդեցութիւնը օրէ օր կը զօրանար։ Երկրին արեւմտեան մասին մէջ, որ միացած էր Բիւզանդիոնին, վերցուած էր հայոց թագաւորութիւնը, եկեղեցին ենթակայ էր յունական եպիսկոպոսութեան, եկեղեցւոյ եւ պետական լեզուն յունարէնն էր։ Հայաստանի երկու մասերու իրարմէ օտարացումը կը սպառնար երկրին եւ ժողովուրդի ամբողջութեան, վերահաս կը դառնար հայութեան ձուլման վտանգը, ամբողջ երկրին մէջ դպրոցներու, համալսարաններու լեզուն յունարէնն էր, մասամբ ասորերէնը, եկեղեցականներու զգալի մասը յոյներ ու ասորիներ էին, հայ հոգեւորականութեան որոշ մասը յունախօս էր։

Հայ գիրերու ստեղծման անհրաժեշտութիւնը Խմբագրել

Արեւմտեան մեծ թիւով գաւառներու մէջ յունարէնն ու յունական կենցաղը կ'արմատանային հայ ընտանիքներուն մէջ։ Արքունիքին մէջ պաշտօնավարելու ընթացքին եւ անկէ ետք Մաշտոց կանխագուշակած էր հայկական ինքնուրոյն պետութեան մօտալուտ անկումը։ «Տեսնելով, որ հայոց թագաւորութեան վերջը հասած է, Մեսրոպ (երկրին) խռովութիւններն իր համբերութեան նիւթ կը դարձնէ» (Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, 1968)։

Այսպէս Մաշտոցի համար հայ դպրութեան հրատապ ստեղծումն ունէր հետեւեալ նպատակները.

  1. հայացնել քրիստոնէական գիրքերը, քարոզչութիւնն ու արարողութիւնները կատարել հայերէն,
  2. ստեղծել ու զարգացնել մայրենի լեզուով գրականութիւն,
  3. հայութիւնը փրկել ձուլումէ, եւ այդ մէկը ապահովել հետագայի հաշւոյն,
  4. ամրացնել երկրին քաղաքականապէս երկու մասի բաժնուած հատուածներու հոգեւոր, լեզուական եւ մշակութային միասնութիւնը, որ քաղաքական միասնութեան հիմք պիտի դառնար երկրի պետական անկախութիւնը վերականգնելու հնարաւորութեան պարագային։

Մաշտոցի այս ծրագիրը կը ձեւաւորուի Գողթնի մէջ ունեցած գործունէութենէն ետք, երբ Կորիւնի, «Ան մտադրեց աւելի հոգալ նոյնպէս համայն (Հայոց) աշխարհի ժողովուրդին մխիթարելու մասին» (Կորիւն, Վարք Մաշտոցի, 1962) գիրքին մէջ կը մէջբերուին նաեւ Մաշտոցի խօսքերը. «Տրտմութիւն է ինծի համար, եւ անպակաս են իմ սրտի ցաւերը իմ եղբայրներուս եւ ազգակիցներուս համար»։

Սահակ Պարթեւ Խմբագրել

 
Մեսրոպ Մաշտոց

387-ին կաթողիկոս դարձած Սահակ Պարթեւը, որ միշտ եղած է ազգակեդրոն քաղաքականութեան յառաջամարտիկ եւ Մաշտոցի գլխաւոր յենարանը անոր գործունէութեան սկիզբէն ի վեր, ունեցած է նոյն մտահոգութիւնը։ Գալով Վաղարշապատ՝ Մաշտոցը կաթողիկոսին կը յայտնէ իր ծրագիրը եւ անմիջապէս կը ստանայ անոր լիակատար հաւանութիւնը։ Ժողով մը կը գումարուի՝ նուիրուած հայերէն գիր ունենալու հարցին։ Վռամշապուհ թագաւոր հաւանութիւն կը յայտնէ, որ Ասորիքի մէջ Դանիէլ անունով եպիսկոպոսի մը քով հայերէն գիրեր կան։ Ժողովի խնդրանքով թագաւորը հայ գիրերու նախանձախնդիր Վահրիճ անունով իշխան մը կ'ուղարկէ Դանիէլին մերձակից Հաբէլ երէցին քով։ Վերջինս, Դանիէլէն առնելով գիրերը, Վահրիճին հետ կը բերէ Հայաստան։ Այստեղ կը հիմնուին դպրոցներ, Մաշտոց կը ստանայ վարդապետի (ուսուցիչի) կոչում եւ կը սկսի մանուկներուն հայոց լեզու ուսուցանել բերուած գիրերով։ Սկիզբ կը դրուի հայերէն դպրութեան։ Շուրջ երկու տարուան դասաւանդումէն ետք կը պարզուի, որ դանիէլեան նշանագրերը ժամանակի հայերէնն արտայայտելու համար անբաւարար են ու անյարմար լեզուի վանկարկման եւ ուսուցման տեսակէտէն. «… հասկցան, որ այդ նշանագրերը բաւական չեն հայերէն լեզուի կապերն ամբողջութեամբ արտայայտելու համար»։ Դանիէլեան նշանագրերու մասին բանասէրները հակադիր ենթադրութիւններ ըրած են։ Թէեւ անոնցմով որոշ շրջան մը հայերէն գրուած է, բայց Մաշտոցի օրով անոնք բաւարար չեն եղած հայերէն դասաւանդելու եւ հայոց դպրութիւն ստեղծելու համար[6]։

Սահակ Պարթեւի երաշխաւորութեամբ, թագաւորին հրամանով այս անգամ Մաշտոց իր աշակերտ-օգնականներուն հետ, կ'երթայ Ասորիք։ Ամիդի, ապա Եդեսիոյ մէջ, հայոց գիրերուն մասին կը խորհրդակցի ասորի հոգեւորականներու հետ, բայց ապարդիւն։ Աշակերտներէն մէկ մասին ասորական կրթութիւն կու տայ Եդեսիոյ մէջ, միւս մասը կ'ուղարկէ հիւսիս Սամոսատ՝ յունական կրթութեան։ Եդեսիոյ մէջ Մաշտոց ստեղծագործական երկունք կ'ապրի, «… Ան շատ նեղութիւններ քաշեց իր ազգային մէկ բառին օգնութիւն գտնելու համար»

Հայերէն հնչիւնական համակարգին ստեղծումը Խմբագրել

Մաշտոց 405-ին կը ստեղծէ հայերէնի հնչիւնական համակարգը ճշգրտօրէն արտայայտող, ուսուցանելու, թարգմանելու եւ դպրութիւն ստեղծելու նպատակին լիովին յարմար նշանագրեր. «Ան իր սուրբ աջով հայրաբար կը ծնի նոր եւ սքանչելի ծնունդներ՝ հայերէն լեզուի նշանագրեր»։ Եդեսիոյ մէջ Մաշտոց նորագիւտ տառերը կը դասաւորէ՝ օգտուելով յունական այբուբենի հերթականութենէն, տառերուն կու տայ անուններ (այբ, բեն), կ'որոշէ անոնց թուային արժէքները (Ա =1, Ժ = 10, Ճ = 100)[7]։ Ապա անցնելով Սամոսատ հմուտ յունագէտ Հռոփանոսի օգնութեամբ կը կատարելագործէ նորագոյն տառերու գծագրութիւնը, նոր տառերը կ'ուսուցանէ իր օգնականներուն եւ հոն յունական կրթութիւն ստացող մանուկներուն, իր աշակերտներէն՝ Յովհան Եկեղեցացիին եւ Յովսէփ Պաղնացիին հետ կը սկսի նոր գիրերուն օգնութեամբ Աստուածաշունչէն հայերէն թարգմանել Սողոմոնի առակները, որու առաջին նախադասութիւնը նաեւ մեսրոպատառ առաջին նախադասութիւնն էր. Կաղապար:Cquote

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։