Մինաս Գոճայեան ծնած է (13 Մարտ, 1946-ին, Պէյրութ): Վաստակաւոր ուսուցիչ, կրթական մշակ եւ մանկավարժ: Խմբագիր, հրապարակագիր:

Մինաս Գոճայեան
Ծնած է 13 Մարտ 1946(1946-03-13) (78 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ, հրատարակիչ, խմբագիր, մանկավարժ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Դոկտոր Մինաս Գոճայեան արմատներով կիլիկեցի, ծնունդով լիբանանցի, իսկ այժմ լոսանճելըսաբնակ մտաւորականը նախակրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ռուբինեան վարժարանը, իսկ երկրորդական ուսումը` ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը, ապա հետեւած է Alliance Francaise-ի լեզուի եւ գրականութեան դասընթացքներու Փարիզի մէջ: Աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական ճիւղը, միաժամանակ հետեւելով հնագոյն պատմութեան եւ հնագիտութեան դասընթացքներու:

Տոքթորական աստիճան կը ստանայ 1980-ին:

Հայոց լեզու, գրականութիւն, պատմութիւն եւ մշակոյթ դասաւանդած է Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն եւ Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն ներս:

  14-21 Յուլիսին, շուրջ երկու հարիւր մելգոնեանցիներու յիշողութեան մէջ ցկեանս պիտի դրօշմուի որպէս գիրկընդխառնումներու, յուզումնալից օրերու եւ տօնախմբութեանց աննախընթաց համադրութիւն մը: Մելգոնեանցին իր հասակակիցին, իրմէ տարեցին ու կրտսերին կը հանդիպի բոլորովին այլ զգացումով, որովհետեւ այս հաստատութեան սաները միացնողը, հոգեհարազատ դարձնողը մելգոնեանական ոգին է, նոյն փորձառութիւններն են, շէնքերն են, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, սէրերն ու սրտակցութիւնները: Եւ ասիկա՝ 1926էն ի վեր:
- Դոկտոր Մինաս Գոճայեան
 


Կրթական ասպարէզ

Խմբագրել

Դոկտոր Մինաս Գոճայեան 1978-1991 թ. պաշտօնավարած է ՀԲԸՄ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ներս որպէս հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի ուսուցիչ:

1991-էն մինչեւ օրս կը դասաւանդէ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն ներս (Քալիֆորնիա):

Խմբագրական եւ Մամուլի աշխատակցութիւններ

Խմբագրել

Ան աշխատակցած է ու կը շարունակէ աշխատակցիլ սփիւռքահայ մամուլին՝ Պէյրութէն Երեւան ու Լոս Անճելըս, յատկապէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Նոր Օր»ին, որուն խմբագրական կազմին անդամ է քսան տարիէ ի վեր եւ եղած է անոր պատասխանատու խմբագիրը:

Անգլիատառ AIM-ի հիմնադիր-խմբագիրներէն է եւ ներկայիս մաս կը կազմէ Keghart.com-ի խմբագրութեան: Պատասխանատու խմբագիրն է Երուսաղէմի «Սիոն» պաշտօնաթերթին:

Հրատարակութիւններ

Խմբագրել

Դոկտոր Մինաս Գոճայեան 2006-ին հրատարակած է «Չորք-Մարզպանի (Տէօրթեօլ) յուշամատեան պատմագիրքը»:

Կազմակերպութեամբ «Կամար» պարբերաթերթի խմբագրակազմին՝ 16 Յունուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ մանկավարժ, հրապարակագիր, կրթական մշակ Տոքթոր Մինաս Գոճայեանի նորագոյն գործերէն` «Մորմոքող անցեալի արահետներով. Ուխտագնացութիւն դէպի պատմական Հայաստան» խորագրեալ գիրքին շնորհահանդէս-գինեձօնը` ներկայութեամբ կրթական մշակներու, մտաւորական դէմքերու, հոգեւոր հայրերու եւ գրասէր ազգայիններու հոծ բազմութեան:

  «Կամար»-ի խմբագրապետ Ժիրայր Դանիէլեան թուեց Գոճայեանի նկարագրային յատկանիշները` շեշտելով անոր մէջ յանձնառու մտաւորականը: «Մինասը չցնցուեցաւ համաշխարհայնացումի հովերէն, եղաւ այն յանձնառու մտաւորականը, որ հաստատ մնաց իր տեսակէտներուն վրայ, մնաց պատնէշի վրայ, հակառակ իր դէմ ցցուած դժուարութիւններուն»:
- «Կամար»-ի խմբագրապետ Ժիրայր Դանիէլեան
 


  «Գացի իմ արմատներուս ծնունդ տուած հայրերուս հողը տեսնելու, գացի աւելի լա՛ւ ճանչնալու այն մարդը, որ այսօր կը բնակի իմ պապերուս հողին վրայ, զոր մենք կը կոչենք Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա»:
- հրապարակագիր, կրթական մշակ տոքթոր Մինաս Գոճայեան
 


  «Այս գիրքով կ՛ուզեմ իմ ներդրումս կատարել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով», աւելցուց Գոճայեան: «Այսպէս կոչուած այսօրուան Թուրքիոյ մէջ թուրքերը փոքրամասնութիւն են եւ բազմաթիւ թուրքեր, քիւրտեր, թաքուն հայեր ծագումով հայ են, բայց բան չեն գիտեր իրենց անցեալի մասին», ընդգծեց:
- հրապարակագիր, կրթական մշակ դոկտոր Մինաս Գոճայեան
 


Տոքթոր Մինաս Գոճայեան պատրաստած է հայոց գրականութեան ընթերցարաններ եւ հայոց պատմութեան դասագիրքերու շարքը: Ինչպէս նաեւ պարզեցուցած ու ամփոփած է «Գէորգ Մարզպետունի» եւ «Թորոս Լեւոնի» պատմավէպերը:

Շքանշան

Խմբագրել

22 Ապրիլ, 2012-ին, Պըրպենք քաղաքի (Քալիֆորնիա) Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ ընկեր Տոքթ. Մինաս Գոճայեան արժանացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի սրբատառ Կոնդակին եւ պարգեւատրուեցաւ Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ շքանշանով՝ իր բազմամեայ ուսուցչական, մանկավարժական ու հասարակական գործունէութեան առթիւ՝ ձեռամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի:

  «Իմ շքանշաններս են նաեւ իմ սիրելի աշակերտներս», կը սիրէ կրկնել Դոկտոր Մինաս Գոճայեան :  


Աղբիւրներ

Խմբագրել