Մինաս Թէօլէօլեան

Մինաս Թէօլէօլեան (24 Նոյեմբեր 1913(1913-11-24)[1], Պարտիզակ (Քոճայելի), Օսմանեան Կայսրութիւն - 18 Ապրիլ 1997(1997-04-18)[1], Պոսթըն, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ ուսուցիչ, արձակագիր, հրապարակագիր ու խմբագիր։ Իբրեւ նուիրուած կրթական մշակ եւ կուսակցական գործիչ, ապրած է աստանդական կեանք մը Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս եւ ԱՄՆ։ Հայրն է գրականագէտ, սփիւռքագէտ Փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան-ին:

Մինաս Թէօլէօլեան
Ծնած է 24 Նոյեմբեր 1913(1913-11-24)[1]
Ծննդավայր Պարտիզակ (Քոճայելի), Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 18 Ապրիլ 1997(1997-04-18)[1] (83 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոսթըն, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մասնագիտութիւն վիպասան, հրապարակախօս, Խմբագիր, գրագէտ
Աշխատավայր Հայրենիք
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Յաճախած է Պարտիզակի Սրբոց Թարգմանչաց։ 1922-ին, Իզմիրի ջարդերէն ետք, պատանի Մինասը ղրկուած է Պոլիս, ուր յաճախած է Վիեննայի Մխիթարեաններու վարժարանը: Աշակերտութեան շրջանին էր, որ 13 տարեկանին Թէօլէօլեան գրած է իր առաջին ոտանաւորը: Հազիւ 17 տարեկանին, ընկերոջ մը հետ, Թէօլէօլեան սկսած է հրատարակել «Արձան» գեղարուեստական պարբերաթերթը:

1933-ին աւարտած է Մխիթարեան վարժարանը եւ ներկայացուցած աւարտաճառ մը՝ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութեան մասին:

Թրքական բանակին մէջ զինուորական ծանր ծառայութիւնը կատարելէ ետք, Թէօլէօլեան հայ գրականութեան ուսուցչութեան կոչուած է իր աւարտած Մխիթարեան վարժարանին մէջ։

1937-ին, Մինաս Թէօլէօլեան, որ արդէն կ՚աշխատակցէր սփիւռքահայ մամուլին, ստիպուած է հեռանալ Թուրքիայէն, որովհետեւ իր դէմ սկսած էին ոստիկանական հետապնդումներ եւ դատական հարցաքննութիւններ, Ֆրանսայի եւ Մ. Նահանգներու դաշնակցական թերթերուն՝ «Յառաջ»-ին եւ «Հայրենիք»-ին հետ իր ունեցած կապերուն եւ աշխատակցութեան համար:

Երկու տարի ուսուցչութիւն ըրած է Պուլկարիոյ մէջ (Սոֆիայի Գէորգ-Մեսրոպ ճեմարան) եւ տարի մըն ալ դասաւանդած՝ Գոսթանցայի (Ռումանիա) ազգային վարժարանին մէջ։ 1939-ի վերջերուն վերադարձած է Պոլիս, ուր կանոնաւոր աշխատակիցը դարձած է տեղւոյն հայ մամուլին եւ մնացած՝ մինչեւ 1944, երբ ազգային-քաղաքական ու գաղափարական իր հրապարակումներուն համար դարձեալ հետապնդումի տակ առնուած է: Այս անգամ վերջնականապէս հեռացած է Թուրքիայէն, հաստատուելով Սուրիա:

Նոյն տարին իսկ, Հալէպի մէջ, Մինաս Թէօլէօլեան պաշտօնապէս միացած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն: Ուսուցչութեան կոչուած է Հալէպի «Հայկազեան» վարժարանին մէջ, միաժամանակ վարելով ՀՅԴ Սուրիոյ պաշտօնաթերթ «Արեւելք»-ի խմբագրութիւնը:

Օրուան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Զարեհ եպս. Փայասլեանի (հետագային՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա.) եւ ՀՅԴ ղեկավար գործիչ ու պետական պատգամաւոր Հրաչ Փափազեանի առաջարկով՝ Թէօլէօլեան 1948-ին նշանակուած է «Քարէն Եփփէ» ճեմարանի առաջին տնօրէն, այդ պաշտօնը վարելով մինչեւ 1956:

1956-ին, քաղաքական պատճառներով, արտաքսուած է Սուրիայէն եւ հաստատուած՝ Գահիրէ, ուր Վահան Նաւասարդեանի մահէն ետք մէկ տարի ստանձնած է ՀՅԴ Եգիպտոսի պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր»-ի խմբագրի պաշտօնը: 1957-ին փոխադրուած է Պէյրութ, ուր երեք տարի վարած է ազգ. «Ս. Նշան» վարժարանի տնօրէնութիւնը: Այս շրջանին կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերած է Լիբանանի «Ազդակ» եւ Փարիզի «Յառաջ» թերթերուն:

1960-ին, կուսակցական գործիչի առաքելութեամբ, Մինաս Թէօլէօլեան գործուղուած է Միացեալ Նահանգներ: 1962-էն սկսեալ մինչեւ 1979 վարեց «Հայրենիք»-ի խմբագրի պաշտօնը, միաժամանակ մաս կազմելով «Հայրենիք» ամսագրի խմբագրութեան: Այնուհետեւ, խմբագրի պաշտօնէն հանգստեան կոչուելով հանդերձ, Թէօլէօլեան մինչեւ իր վերջին շունչը կանոնաւորաբար աշխատակցած է «Հայրենիք»-ին ու Քալիֆորնիոյ «Նոր կեանք» շաբաթաթերթին:

Հրապարակագրական իր երկարամեայ ծառայութեան շրջանին, Մինաս Թէօլէօլեան կանոնաւոր աշխատակիցը եղած է յատկապէս ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ին՝ 1969-ին Բէյրութի մէջ իբրեւ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անոր վերահրատարակութեան առաջին օրերէն մինչեւ Աթէնքի մէջ «Դրօշակ» անունով անոր հրատարակութեան շրջանին՝ 1986-էն սկսեալ:

Գրական Վաստակ Խմբագրել

Աշխատակցած է պոլսահայ եւ սփիւռքահայ մամուլին՝ հրապարակագրական, գրական եւ պատմական յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով։ Երիտասարդական տարիներուն խմբագրած է «Արձան» պարբերաթերթը (1932

Խմբագրական պաշտօններ ստանձնած է Իսթանպուլի «Մարմարա», Հալէպի «Արեւելք», Գահիրէի «Յուսաբեր» եւ Պոսթընի «Հայրենիք« օրաթերթերուն մէջ։

Խմբագրած է Հալէպի «Արեւելք» տարեգիրքը (1948)։

Հեղինակած է հայերէնի քերականութեան դասագիրքեր։

Իր արխիւին մէջ կը գտնուին հրատարակութեան պատրաստ բազմաթիւ անտիպ գրական եւ լեզուագիտական ուսումնասիրութիւններ՝ «Դաստիարակչական ամրոցներ՝ 10–14րդ դարերուն», «Հայ լեզուի հոլովոյթը ՝ Ե.-Ի. դարերուն», «Միջնադարեան հայ բանաստեղծութիւնը», «Խորհրդահայ գրականութիւնը՝ 1920-1980»։

Օգտագործած է Արմէն Ամատեան, Վազգէն Վանանդեան, Նոճեաց Տղան եւ Մ. Թաթուլ գրչանունները։

Հրատարակուած Գործեր Խմբագրել

  • Վահան Թէքէեան (գրականագիտական վերլուծում), Իսթանպուլ, 1933։
  • Նախերգանք (բանաստեղծութիւններ եւ արձակ էջեր), Սոֆիա, 1937։
  • Մթնոլորտ (բանաստեղծութիւններ), Հալէպ, 1945։
  • Ցեղին Փառքը (քերթուած թատերգութիւն), Հալէպ, 1952։
  • Դար Մը Գրականութիւն. 1850-1950 (հատընտիր), Ա. հտ. Գահիրէ, 1955։ Բ. հտ. Գահիրէ, 1956։ Բ. հրատարակութիւն, Ա. հտ. 1850–1920, Պոսթըն, 1977։ Բ. հտ. 1920-1980, Նիւ Եորք, 1982։
  • Պայքարը Հ. Յ. Դաշնակցութեան դէմ (հրապարակագրութիւն), Պոսթըն, 1962։
  • Հայկական արտասահմանը Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (բանասիրական), Պէյրութ, 1968։

Աղբիւրներ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 https://asbarez.com/former-hairenik-editor-minas-tololyan-passes-away/