Միշէլ Մոսէսեան (ճարտարապետ)

Միշէլ Մոսէսեան (11 Նոյեմբեր 1959(1959-11-11)[1], Փարիզ), ֆրանսահայ ճարտարապետ, անգլիական ճարտարապետական թագաւորական հիմնարկի անդամ, արտօնագրեալ ճարտարապետ[2]: Միշէլ Մոսէսեան համաշխարհային ճանաչում վայելող ճարտարապետ է[3]:

Ծնած է 11 Նոյեմբեր 1959(1959-11-11)[1] (64 տարեկան)
Ծննդավայր Փարիզ
Կրթութիւն Փարիզի Գեղարուեստի Բարձրագոյն Դպրոց
Cooper Union համալսարան
Հարվարտ Գեղարուեստի բարձրագոյն դպրոց
Հարուըրտ Համալսարան
Աշխատավայր Skidmore Owings Merrill ընկերութիւն
Պարգեւներ MIPIM AR Future Projects մրցանակ Holcim մրցանակ հաստատելի կառոյցի համար

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է 1959 թուականին Փարիզի մէջ։ Մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Փարիզի Գեղարուեստից Ազգային դպրոցէն (École Nationale des Beaux-Arts)։ Անկէ ետք շարունակած է Նիւ Եորքի մէջ (Cooper Union) եւ ճարտարապետութեան մագիստրոսի կոչումը ստացած է Հարուըրտ համալսարանէն (Harvard Graduate School of Design)։

Մինչեւ 1992 թուական ներգրաւուած էր շարք մը միջազգային նախագիծերու մէջ՝ «SOM» (Skidmore, Owings & Merrill) կազմակերպութեան շրջածիրէն ներս: Այս կազմակերպութիւնը հանդիսանալով աշխարհի ամէնամեծ ճարտարապետական կազմակերպութիւններէն մէկը, կը ներառէ շատ լայն աշխարհագրութիւն, նախագծելով խոշորագոյն կառոյցներ:

1993 թուականին խումբ մը ճարտարապետներ, ճարտարագէտներու ու շրջակայ միջավայրի հարցերով զբաղող մասնագէտներու հետ համատեղ հիմնած են «a4A» խումբը, որ նպատակաուղղուած էր նորարարական մօտեցումներով հասնիլ մարդածին միջավայրին մէջ ստեղծուած խնդիրներու երկարաժամկէտ կայունութեան, երկրորդական դարձնելով արագ վերականգնուող տնտեսական եւ ճարտարագիտական գործօնները:

2001 թուականին ան կրկրին կը հրաւիրուի Ամերիկեան SOM ընկերութիւն[2], որպէս փոխ տնօրէն եւ նախագիծի գլխաւոր ճարտարապետ:

Շիքակոյի եւ Նիւ Եորքի գրասենեակներուն մէջ աշխատելէն ետք, 2005 թուականին Մոսէսեանը հիմնեց «Մոսէսեան եւ Գործընկերներ» (Mossessian & Partners)-ի ճարտարապետական գրասենեակը[4] եւ հոն կը ծառայէ որպէս գլխաւոր ճարտարապետ: Անոր նախագծած առաջին շէնքը Լոնտոնի մէջ եղած է Carmine Building, 5 Merchant Square, 15-յարկանի գրասենեկային շէնքը Five Merchant Square-ի մէջ : Որպէս Paddington Basin Development-ի մաս, շէնքը կառուցուած է 2009 թուականին Լոնտոնի քաղաքապետ Պորիս Ճոնսընի կողմէ:

2010 թուականին «Մոսէսեան Եւ Գործընկերներ»ը աւարտեց երեք շէնք՝ 5 Merchant Square (Marks and Spencers-ի շտապ-բնակարան) Փատինկթոնի, Լոնտոնի, ExxonMobil-ի գլխամասային գրասենեակ՝ Շանհայի, Չինաստանի եւ մասնաւոր նստավայր Ֆրանսայի Սորետէ քաղաքին մէջ:

2011թ.-ին ընկերութիւնը դարձաւ մրցանակակիր Մարոքի՝ Ֆէս Մետինայի քաղաքային վերանորոգման ծրագրի բաց միջազգային մրցոյթին:

2015 թուականին անոր կիրառական արուեստը վերանուանուեցաւ «Մոսէսեան Ճարտարապետութիւն» (Mossessian Architecture): Այդ օրէն ի վեր «Մոսէսեան Ճարտարապետութիւն»ը նախագծած է վերականգնման նախագիծի 4 փուլ Տոհայի (Մշէյրէպ), երկու շէնք Կեդրոնական Լոնտոնի Քինկս Քրոս շրջանին մէջ եւ դարձած է մրցանակակիր՝ միջազգային մրցույթին, Մաքքայի մէջ իսլամական հաւատքի թանգարանի նախագծման համար, Սէուտական Արաբիա:

Միշէլ Մոսէսեան դասաւանդած է Հարուըրտի, Իլինոյիսի, Շիքակոյի ու Փենսիլվանիոյ համալսարաններուն մէջ[2]:

Մոսէսեան եւ Գործընկերներ Խմբագրել

Միշէլ Մոսէսեանի հիմնադրած կազմակերպութիւնը ձեռք բերաւ առեւտրական նորարարական նախագիծերու լաւագոյն համբաւ, ամերիկեան միացեալ ճարտարապետութեան մասշտապները, պատմականութիւնն ու յաւակնութիւնները համատեղելով մայրցամաքային Եւրոպայի նրբազգացութեան ու ոճականութեան հետ: Անոնք շատ արագ տարածուեցան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ:

«Մոսէսեան Եւ Գործընկերներ» կազմակերպութիւնը այսօր կ’իրականացնէ նախագիծեր՝ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Մարոքի, Չինաստանի, Փորթուկալի մէջ եւ այլն[5]։

Հիմնական Ճարտարապետական Աշխատանքներ Խմբագրել

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել