Յակոբ Կարապետեան

Յակոբ Կարապետեան ՅԱԿՈԲ ՍԵԴՐԱԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Լիբանանի (ԱՔԵԼԼԱ) (ծնած է 1920-ին,Բալու, Խարբերդ - մահացած՝ 30 Նոյեմբեր 2019, Միացեալ Նահանգներու Թէնըսի նահանգ) գիտակից կեանքով ապրած միութենական: Լիբանանի (ԱՔԵԼԼԱ)ն: Ան կը պատկանի օրհնուած այն փաղանգին, որ հայ նոր սերունդի հոգիներէն ներս հայութեան աւիշ ներարկեց, համբերութեամբ եւ հոգածութեամբ:

Յակոբ Կարապետեան
Ծնած է 1920-ին
Մահուան վայր Միացեալ Նահանգներու Թէնըսի նահանգ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Կարողութիւն Լիբանանի (ԱՔԵԼԼԱ)
Ամուսին Երան Կարապետեան
Երեխաներ Նարեկ եւ Շանթ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Յակոբ Կարապետեան բազմաճիւղ տոհմի մը վերջին նահապետը, որ շուտով այս օրերուն պիտի դառնար մէկ դարու մարդ եւ որ ապրեցաւ Եղեռնի ու նաեւ յետ-Եղեռնի տարագրուած հայրենասիրական մթնոլորտին մէջ, կրելով բոլոր օրերու բազմաշերտ եւ բազմագոյն բեռը:

Ան ամուսնացած էր Հալէպի Ազգ. Ք.Ե. Ճեմարանի շատ սիրելի ու յարգելի ուսուցչուհի Երան Ջաղացպանեանի հետ: Անոնք ունեցան երկու մանչ զաւակ՝ Նարեկ եւ Շանթ, որոնց տուին հայեցի կրթութեամբ պատշաճ դաստիարակութիւն ու նաեւ ազգային ու մարդկային իմաստնութեան սկզբունքներ

Լիբանանի (ԱՔԵԼԼԱ)ն Խմբագրել

Աքելլայի իր մակդիր-կոչումէն անդին, իբրեւ երէց եղբայր մը, որուն սիրտը միշտ բաբախած էր ՀՄԸՄ միութեան համար: իր կեանքը՝ դառնալով օրինակելի դրօշակակիրը, պատիւ բերելով իր ընտանիքին եւ պատկանած միութեան:

  Իրեն համար ՀՄԸՄը հայու կեանքի հրաշքներէն մէկն էր։ Իր իւրաքանչիւր գայլիկին, սկաուտին ու մարզիկին ներշնչած էր եղբայրական սքանչելի ոգի եւ սորվեցուցած էր բոլորին ըլլալ միշտ պատրաստ՝ հայ ազգին ընծայելու միշտ լաւագոյնը: Ամէն մէկ կակուղ թաթիկ, մրջնիկ, գայլիկ, սկաուտ, արենոյշ կամ վարիչ պատասխանատու, որ անցաւ իր շարքերէն, կրնայ անվերապահօրէն այս բոլորը հաստատել: Որովհետեւ ի՛նք կը հաւատար եւ նոյն ձեւով ալ կը դաստիարակէր, թէ ՀՄԸՄը սովորական միջավայր մը չէր, եւ ոչ ալ մարդերու համախմբում՝ այլ դպրոց մը, օճախ մը, դարբնոց մը մարդակերտումի եւ հայակերտումի: Բոլորին ներարկած էր ազգային բարձր ոգի ու խորունկ գիտակցութիւն: Միշտ եւ ամէն հանդիպողի երգած էր սկաուտական կամ գայլիկներու երգեր: Բոլորին յիշեցուցած սկաուտական կանչերը եւ իբրեւ հաւատաւոր աքելլա, միշտ ձախ ձեռքով բարեւած էր, միաժամանակ իր քաղցր ժպիտը խառնելով իր մաղթանքներուն:  


Աղբիւրներ Խմբագրել

ՄԱՀԱԶԴ- ՅԱԿՈԲ ՍԵԴՐԱԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (ԱՔԵԼԼԱ)[permanent dead link]

ՓՈԽԱՆ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԻ. Յակոբ Կարապետեան Կամ՝ Բոլորին Աքելլան[permanent dead link]

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ. ՅԱԿՈԲ ՍԵԴՐԱԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (ԱՔԵԼԼԱ) Archived 2020-01-11 at the Wayback Machine.