Յակոբ Մարթայեան

Յակոբ Մարթայեան (22 Մայիս 1895(1895-05-22)[1], Կոստանդնուպոլիս[1] - 12 Սեպտեմբեր 1979(1979-09-12)[1], Պոլիս, Թուրքիա[1]), հռչակաւոր լեզուաբան, բանասէր եւ ուսուցիչ: Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրք զինք տուած է «Տիլաչար» մականունը[2][3]:

Յակոբ Մարթայեան
Ծննդեան անուն Յակոբ Մարթաեան
Ծնած է 22 Մայիս 1895
Ծննդավայր Կ.Պոլիս
Մահացած է 12 Սեպտեմբեր 1979
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա[1]
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա Թուրքիա
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր ­Ռո­պերթ Գո­լէ­ճ[1]
Անգարայի Համալսարան
Մասնագիտութիւն թուրքագետ, համալսարանի դասախօս, լեզուաբան, լրագրող
Աշխատավայր Լույս
­Ռո­պերթ Գո­լէ­ճ[1]
Անգարայի Համալսարան
Սոֆիայի համալսարան?
Թուրքական լեզնաբանական ընկերություն?
Ռահվիրա?[1]
Անդամութիւն թուրքական լեզուաբանական ընկերակցութիւն
Ծնողներ Վահան Մարթայեան եւ Էօժէնի Մարթայեան

Կեանք եւ գործունէութիւն Խմբագրել

Պոլսահայ հռչակաւոր լեզուաբան եւ բանասէր Յակոբ Մարթայեան ծնած է Պիւյիւքտերէ 22 Մայիս 1895-ին: Հայրը՝ Վահան Մարթայեան իսկ մայրը՝ Էօժէնի Մարթայեան (ծնեալ Սարաֆեան): Մանկութիւնը անցուցած է Կէտիկփաշայի մէջ։ Չորս տարեկանին սկսած է յաճախել տեղւոյն ամերիկեան մանկապարտէզը, ուր միայն անգլերէն սորված է։ Միջնակարգի ուսումը ստացած է ամերիկեան վարժարանի մը մէջ։ 1907-ին խմբագրած է վարժարանին շաբաթաթերթը՝ «Սքուլ Նիուզ»: 1910 թուականին յաճախել սկսած է Ռոպէրթ Գոլէճ, ուր իր սորված լեզուներուն աւելցուցած է գերմաներէն, լատիներէն եւ դասական յունարէն: Իր ընկերներէն սորված է նաեւ ռուսերէն, լեհերէն եւ պուլկարերէն: Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի պահուն Կովկասի ռազմաճակատին մէջ պաշտoն ստացած է որպէս պահեստի սպայ: 1918-ին գաղթած է Պէյրութ, ուր կարգուած է Սուրբ Նշան ազգային վարժարանի տնօրէնը[4]: Լիբանանի մէջ հիմնած էհայերէն «Լոյս» շաբաթաթերթը:

1919-ին վերադարձած է Պոլիս եւ ուսուցչութիւն ըրած՝ Ռոպէրթ Գոլէճի մէջ։ 1922-ին ամուսնացած է Մելինէ անուն օրիորդի մը հետ, որմէ ետք մեկնած է Պուլկարիա: Հոն հրատարակած է «Մշակոյթ» շաբաթաթերթը եւ «Ռահվիրայ» ամսաթերթը։ Սոֆիայի համալսարանին մէջ սկսած է դասաւանդել դասական թրքերէն: Թրքերէն լեզուի մասին Պոլսոյ «Արեւելք» թերթին մէջ իր հրատարակած մէկ յօդուածին թարգմանութիւնը Մուսթաֆա Քէմալ Աթաթիւրքի ուշադրութիւնը կը գրաւէ եւ Մուսթաֆա Քէմալ Մարթայեանը կը հրաւիրէ Թուրքիա, որպէսզի դասախօսէ լեզուի, պատմութեան եւ աշխարհագրութեան կաճառներուն մէջ:

Պաշտօնավարած է Թուրք Լեզուի Հաստատութեան քարտուղարութեան մէջ: 1934 թուականին մականունի օրէնքով, թրքերէնի մասին կատարած աշխատութիւններուն փոխարէն, Մուսթաֆա Քեմալ իրեն «Տիլաչար» մականունը (Թրքերէնի մէջ «տիլաչար» կը նշանակէ լեզու բացող) տուած է: Թուրքիոյ Խորհրդարանին առաջարկած է Մուսթաֆա Քեմալին «Աթաթիւրք» մականունը տրուիլը:

Մամուլի աշխատակից Խմբագրել

Աշխատակցած է նաեւ Պոլսահայ մամուլին, մանաւանդ «Մարմարա» օրաթերթին:

Հրատարակութիւններ Խմբագրել

Հայերէնով հրատարակած է երկու գրքոյկներ՝ «1500-ամեակի Խոհեր» (1951) եւ «Աստուածաշունչը եւ աշխարհաբարը» (1956): 1977-ին «Մարմարա» թերթի ձեռնարկութեամբ նշուած է Յակոբ Մարթայեանի գործունեութեան 70 ամեակը:

Ունի անտիպ բազմաթիւ ստեղծագործական լեզուագիտական եւ թարգմանական աշխատասիրութիւններ՝ «Սալին Վրայ» (գրական փորձեր),« Խոնջած Երազներ» (բանաստեղծութիւններ), «Ցայգաթիթեռ» (թատրերգութիւն), «Լեւոն Շանթ՝ Իր Փիլիսոփայութիւնը եւ Գեղարուեստը» (մենագրութիւն), «Հայ Դիւցազնավէպը Բաղդատական Հիմի Վրայ:

Մահ Խմբագրել

1979-ին Մարթայեան մահացած է Պոլսոյ մէջ, իր ետին ձգելով պարբերաթերթերու մէջ ցրուած անհամար յօդուածներ: Իր մահազդը «ԹէՐէԹէ-ի (թրք.՝ TRT) կողմէ ծանուցուեցաւ որպէս «Ատիլ Աչար»: Այս կացութեան հանդերձ իր Յակոբ անունը չյայտարարուեցաւ, միայն «Ա. Տիլաչար» ձեւով սխալը շտկեցին:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել