Յասմիկ (դերասանուհի)

Հայ դերասանուհի։

Յասմիկ (Թագուհի Յակոբեան, 21 Մարտ 1879(1879-03-21), Նախիջեւան (քաղաք), Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 23 Օգոստոս 1947(1947-08-23)[1], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]), հայ դերասանուհի։ «Սոցիալիստական աշխատանքի հերոս» (1936)[2]։

Յասմիկ
Ծննդեան անուն հայ.՝ Թագուհի Ստեփանի Հակոբյան
Ծնած է 21 Մարտ 1879(1879-03-21)
Ծննդավայր Նախիջեւան (քաղաք), Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 23 Օգոստոս 1947(1947-08-23)[1] (68 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Մասնագիտութիւն դերասանուհի
Աշխատավայր Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոն

Կեանք եւ գործունէութիւն Խմբագրել

Ծնած է նախիջեւան։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ: Փոքր տարիքէն դերասանուհիին մէջ զգացուած է արուեստի հանդէպ սէրը, սակայն ծննդավայրին մէջ թատրոն եւ արուեստի կենդրոններ չըլլալուն պատճառով Յասմիկ չէ կրցած իր շնորհքները զարգացնել, մինչեւ Սաֆրազեան ամուսիններու Նախիջեւան գալը։ Յասմիկ առաջին անգամ բեմ բարձրացած է Սաֆրազեան ամոլին հետ՝ փոքր տղայի աննշմար դերով:

Ամուսնանալէ ետք Յասմիկ տեղափոխուած է Թիֆլիս, սակայն ամուսնոյն աւանդապահութեան պատճառով հեռացած է բեմէն։

Թատրոն Խմբագրել

1904 թուականին Յասմիկ յատուկ հրամանով առաջին անգամ ըլլալով Թիֆլիսի մէջ ստանձնած է «Քանդած օճախում» թատրերգութեան Քալիի դերը, որուն յաջորդած է «Պէպօ»ի Կեկելը, այսպիսով վերագտնելով իր նախկին դերասանական շնորհքն ու թատրոն բարձրանալու արտօնութիւնը: Յասմիկի հետ յատուկ ձեւով աշխատած է Գաբրիէլ Սունդուկեան:

Յասմիկ դերեր ստանձնած է ժամանակի յայտնի հայ դերասաններու հետ, որոնցմէ են Գէորգ Տէր Դաւթեան, Վարդուհի, Սունդուկեան, Աբէլեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Յասմիկ 1920 թուականին յատուկ ներկայացումներ պատրաստած ու ներկայացուցած է Դիլիջանի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ, տեղի գիւղացի հողամշակներու եւ զօրամասերու համար: Խորհրդային Միութեան կարգերու հաստատումէն ետք Յասմիկ եղած է պետական թատրոնի հիմնադիրներէն մին:

ժապաւէններ Խմբագրել

Յասմիկ 1925 թուականներէն սկսեալ թատրերգութեան կողքին զբաղած է նաեւ ժապաւէններու նկարահանումով. եղած է հայկական առաջին ժապաւէններէն՝ «Նամուս»ի դերակատարներէն մին, ուր աւելիով փայլած է Յասմիկի շնորհքներն ու արուեստը[3]: «Նամուս»ին յաջորդած են «Կիկոր»ը, «Երկու գիշեր»ը, «Չար ոգի»ն, «Լեռնային արշաւ»ը եւ ուրիշներ:

1947 թուականին լոյս տեսած են Յասմիկի յուշերը՝ «Թատերական յուշեր» անուան տակ, ուր գրի առած է իր դերասանական կեանքն ու յուշերը:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել