Յովհան Որոտնեցի

Հայ փիլիսոփայ, աստուածաբան եւ մանկավարժ

Յովհան Որոտնեցի կամ Յովհաննէս Որոտնեցի (մականունը՝ Կախիկ, 1315, Վաղատին, Հայաստան - 1386, Բերդիկ), աստուածաբան, փիլիսոփայ, մանկավարժ։

Յովհան Որոտնեցի
Ծնած է 1315
Ծննդավայր Վաղատին, Հայաստան
Մահացած է 1386
Մահուան վայր Բերդիկ
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ուսումնավայր Գլաձորի համալսարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, փիլիսոփայ
Աշխատավայր Տաթևի համալսարան?
Ծնողներ հայր՝ Իվանե Որոտնեցի?

Կենսագրութիւն Խմբագրել

  • Յովհան Որոտնեցի, հայոց մեծ իշխան Իվանէի որդին էր[1]:
  • Սորված է Գլաձորի համալսարանին մէջ՝ Եսայի Նչեցիի եւ Տիրատուր Կիլիկեցիի մօտ։
  • Նչեցիի մահէն ետք (1338), համալսարանը Հերմոնի վանքը տեղափոխուած է, ապա՝ 1340-ական թուականներու վերջը Որոտան գաւառը տեղափոխուած է (որմէ ծագած է Յովհանի հիմնական մականունը՝ Որոտնեցի)։ Այստեղ ձեռնարկած է մանկավարժական աշխատանքի, այնուհետեւ գիտական եւ դասախօսական գործունէութիւն ծաւալած է Որոտնավանքի մէջ։
  • Հայ միարարներու , 1379-ին համալսարանին հետ տեղափոխուած է Երնջակ (գաւառ)։
  • 1338թ. տեղափոխվել է Հերմոնի, ապա՝ Որոտանի վանք:
  • 1373-ին հիմնադրած է Տաթեւի համալսարանը։
  • Հայ միարարներուն գաղափարախօսական ոտնձգութիւններուն դէմ պայքարելու նպատակով,1379թ. համալսարանին հետ տեղափոխուած է Ապրակունիս, յետագային Ապրակունիսի դպրոցի ղեկավարութիւնը յանձնելով Գրիգոր Տաթեւացիին՝ վերադարձեր է Տաթեւ:
  • Ան խորացեր է Յովհաննէս Սարկաւագէն եկող գիտափիլիսոփայական գիտելիքի եւ աստուածաբանութեան ոլորտներու սահմանազատման էմպիրիկ-սենսուալիստական եւ մատերիալիստական ուղղուածութիւնը: Փիլիսոփա-բնագիտական մտածողութեամբ ներթափանցած են ո՛չ միայն անոր փիլիսոփա-մեկնողական երկերը, այլեւ աստուածաբանական մեկնութիւնները, քարոզները, ճառերը։ Առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին Արիսթոթէլի, Պորփիւրի, Փիլոն Ալեքսանդրացիի երկերու մեկնութիւնները։ Յովհան Որոտնեցիի ուսմունքի հիմքը Արիսթոթէլի իմացաբանութիւնն ու տրամաբանութիւնն են։
  • Ըստ Յովհան Որոտնեցիի, թէեւ շրջապատող նիւթական աշխարհը Աստուծոյ արարչագործութեան արդիւնք է, սակայն օժտուած է ինքնուրույն իրական գոյութեամբ։ Բնութեան, այդ շարքին՝ մարդու գոյութեան նիւթական հիմքը կը կազմեն չորս տարրերը՝ հողը, ջուրը, օդը եւ կրակը։ Մարդը մարմնի եւ հոգիի միասնութիւն է։ Հոգին կենդանութիւն կու տայ մարմնին եւ մշտնջենական է։ Արարուած աշխարհը գոյութիւն ունի մարդու մտածողութիւնէն դուրս ու անկախ, եւ ճանաչելի է։ Իմացութիւնն ունի երկու աստիճան՝ զգայական եւ բանական։ Զգայական տուեալներու մշակման միջոցով բանականութիւնը կը բացայայտէ իրերու եւ երեւոյթներու էութիւնը։ Ճշմարտութեան չափանիշը մարդու գիտելիքի եւ ճանաչելիի համապատասխանութեան մէջ է։ Յովհան Որոտնեցին կը մերժէ բնածին գաղափարներու ուսմունքը։ Այս միտումը կը դրսեւորուի նաեւ տրամաբանական հարցերը քննելու ժամանակ։ Միտքը միայն զգայարաններու միջոցով կրնայ ճանչնալ արտաքին աշխարհը եւ «որպես մաքուր հայելի» ընկալել իրերու նմանահանութիւնները:
  • Փիլիսոփայական-բնագիտական մտածողութեամբ ներթափանցուած են ո՛չ միայն անոր փիլիսոփայական-մեկնողական երկերը, այլեւ՝ աստուածաբանական մեկնութիւնները, քարոզները, ճառերը:
  • Առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին Արիսթոթէլի, Պորփիւրի, Փիլոն Ալեքսանդրացիի երկերու մեկնութիւնները: Անոր ուսմունքի հիմքը Արիսթոթէլի իմացաբանութիւնն ու տրամաբանութիւնն է:
  • Զգայարաններէն եկող ցուցմունքներու շնորհիւ բանականութիւնը կը ճանչնայ իրերու էութիւնը: Մատերիալիստական այս միտումը կը շարունակուի նաեւ Յովհան Որոտնեցիի տրամաբանական հայացքներուն մէջ: Հետեւելով Արիսթոթէլին՝ ան առաջին գոյացութեան (եզակի իրերու) խմբաւորումը կը համարէ ամէնահիմնականը։ Ունի վերսալիաներու (ընդհանուր հասկացութիւններու) բնոյթի հարցը կը քննէ երեք մօտեցումով՝ առաջնայնութեան, հաւասարութեան եւ առաւելութեան, ի վերջոյ զայն լուծելով նոմինալիզմի ոգիով։ Եզակին անկախ է ընդհանուրէն, անոր գոյութեամբ պայմանաւորուած է սեռի եւ տեսակի (հասկացութիւնների) առաջացումն ու գոյատեւումը։ Հասկացութիւնները ճանաչողութեան արդիւնք են եւ ստեղծուելէն յետոյ կարեւոր դեր կը խաղան իմացութեան յետագայ ընթացքին։ Յովհան Որոտնեցիի նոմինալիստական դիրքորոշումն ազգային եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի ինքնուրոյն պայքարի տեսական հիմնաւորումներէն է։ Անոր փիլիսոփայութիւնը միջնադարեան փիլիսոփայական մտքի կարեւորագոյն նուաճումներէն է եւ մեծապէս նպաստած է հայ փիլիսոփայական կրթութեան վերելքին եւ փիլիսփայական ինքնուրույնացման։ «...Զգայութիւնն»,— կ'ըսէ ան,— ընդ մարմնոյն է եղեալ եւ է մարմնի, որպէս աչքդ, իսկ զգալին նախ է քան զքո մարմինդ: ...Արդ, ի բառնալ ամենայն զգալեաց բառնի եւ քո մարմինդ եւ ընդ մարմնոյն բառնի եւ զգայութիւնդ. ապա թէպէտ բառնաս զգայութիւնդ՝ դեռեւս մարմինդ Է, եւ թէ զմարմինդ բառնաս՝ զգալիքն ամենայն գոն» («Վերլուծութիւն «Ստորոգութեանց» Արիսթոթէլի», 1956 թվական:
  • Ճշմարտութեան չափանիշը մարդու գիտելիքի եւ ճանաչելիի համապատասխանութեան մէջ է: Կը մերժէ բնածին գաղափարներու ուսմունքը: Առաջին գոյացութեան (եզակի իրերու) խմբաւորումը կը համարէ ամէնահիմնականը: Եզակին անկախ է ընդհանուրէն, անոր գոյութեամբ պայմանաւորուած է սեռի եւ տեսակի առաջացումն ու գոյատեւումը: *Հասկացութիւնները ճանաչողութեան արդիւնք են եւ կարեւոր դեր կը խաղան իմացութեան յետագայ գործընթացի ընթացքին:
  • Յովհան Որոտնեցիի հայեացքները վճռական դեր խաղացին Տաթեւի փիլիսոփայական դպրոցի առաջաւոր գիտական տեսութիւններու զարգացման մէջ: Ի դէս անոր, արիսթոթէլականութիւնը միջնադարեան Հայաստանի մէջ հասաւ զարգացման իր գագաթնակէտին եւ նպաստեց փիլիսոփայական միտքի վերելքին եւ ինքնուրոյնացման:
  • Իր գիտական եւ մանկավարժական գործունէութեամբ, Յովհան Որոտնեցին խոր հետք ձգեց հայ միջնադարեան մշակոյթին մէջ: Անոր դպրոցի աւանդոյթները շարունակեցին Գրիգոր Տաթեւացին, Մատթէոս Ջուղայեցին, Առաքել Սիւնեցին եւ մշակոյթի ու գիտութեան այլ նշանաւոր ներկայացուցիչներ:
  • Անոր նոմինալիստական դիրքորոշումը ազգային եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի ինքնուրոյն պայքարի տեսական հիմնաւորումներէն է:
  • Անոր փիլիսոփայութիւնը միջնադարեան փիլիսոփայութեան միտքի կարեւորագոյն նուաճումներէն է եւ մեծապէս նպաստած է հայ փիլիսոփայական կրթութեան վերելքին եւ փիլիսոփայութեան ինքնուրոյնացման[2]:

Ընտանիք Խմբագրել

Քոյրը՝ Թուղթան-ը ամուսնացած է Վայոց ձորի տարածքի ներկայիս Հերհեր գիւղի ու գիւղամերձ շրջաններու կալուածատէր Վահրամ Շահուռնեցիի որդիին՝ Ամատի հետ։ Վերջինիս ընտանիքի մասին ծաւալուն տեղեկութիւններ պահպանուած են 1349–ին ընդօրինակուած աւետարաններէն մէկուն ընդարձակ յիշատակարանին մէջ։

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

  • Ով ով է.հայեր(կենսագրական հանրագիտարան:Երկու հատորով),ՀՀ խմբ. հանձնաժողով՝ Հ. Մ. Այվազյան (գլխ. խմբագիր) եւ ուրիշներ,Երեւան,Հայկական հանրագիտարան հրատ.,Հ.1,Աբալյան-Ղուշչյան,2005:
  • Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցի:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։