Ներսէս Պարսումեան

Ներսէս Պարսումեան Հալէպի Հայկազեան վարժարանի եւ նոր հիմնուած Քարէն Եփփէ ճեմարանի ուսուցիչը: Առաջնորդարանին արաբերէն լեզուով կատարուելիք բոլոր գործերու նուիրական մարդը: Հեղինակն էր նաեւ հայերէն լեզուով աշխարհագրութեան գիրքերու շարքին:

Ներսէս Պարսումեան
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն թարգմանիչ արաբերէն մամուլի
Մասնագիտութիւն հեղինակ հայերէն լեզուով աշխարհագրութեան գիրքերու
Աշխատավայր Ուսուցիչ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Կրթական ու ազգային կեանք համանուագ մըն էր, որուն իր ամբողջական մասնակցութիւնը չէր զլանար Ներսէս Պարսումեան։

Ներսէս Պարսումեան, երկրորդական իր ուսումը կատարած ըլլալով Հալէպին նշանաւոր արաբական Սուլթանիէ վարժարանին մէջ, փնտռուած միակ անձն էր, որ կը տիրապետէր արաբական լեզուին։

Ուսուցչական ասպարէզ եւ առաջնորդարանին արաբերէն լեզուով կատարուելիք գործերը Խմբագրել

Ներսէս Պարսումեան, մօտ 25 տարեկան, սեւ մազերով ու խոշոր ակնոցներով, ուսուցիչներէն մին եղած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանին մէջ։

Այդ տարիներուն, Հալէպի բաղդատաբար նորակազմ գաղութին մէջ արաբերէն լեզուին տիրապետող անձերու սակաւութիւնը անհրաժեշտ դարձուցած էր, որ ան դասաւանդութեան կողքին միջնորդի դերով լուծէ կառավարական գրասենեակներու եւ կրթական ազգային հաստատութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող խոչընդոտներն ու զանազան տեսակի հարցերը։

Հայկազեան վարժարանի կողքին, Ներսէս Պարսումեան կը դասաւանդէր նաեւ Հալէպի մէջ նոր հիմնուած Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ ու, մանաւանդ, սիրայօժար, առանց նիւթական ակնկալութեան, կը գործադրէր առաջնորդարանին արաբերէն լեզուով կատարուելիք բոլոր գործերը, ինչպէս նաեւ նամակագրութիւնները, որովհետեւ առաջնորդարանին երկար տարիներու քարտուղար Սամուէլ Գայնաքեան՝ անծանօթ արաբերէն լեզուին՝ ատակ չէր կատարելու սոյն գործերը։

Գրական գործունէութիւն Խմբագրել

Ներսէս Պարսումեան հեղինակն էր նաեւ հայերէն լեզուով աշխարհագրութեան գիրքերու շարքի մը[1], որոնք ուսումնական խորհուրդին կողմէ յանձնարարուած էին գործածուելու Սուրիոյ բոլոր ազգային վարժարաններուն մէջ։

  • Աշխարհագրութեան դասեր: Նախակրթարաններու Ա եւ Բ կարգերու համար Պարսումեան, Ներսէս Յ.: Հալէպ Տպարան Ա. Տէր-Սահակեան, 1940: 44 էջ։ նկար, քարտեզ, աղիւսակ, քարտեզ ; 24 սմ.
  • Հայաստանի աշխարհագրութիւն: Պատմական Հայաստան, Կիլիկիա եւ արդի Հայաստան: Բազմաթիւ քարտէսներ եւ պատկերներ: Նախակրթարաններու եւ բարձրագոյն կարգերու համար: Անթիլիաս, Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Ա.թ Ե. Պարսումեան, Ներսէս Յ. տպագրութիւն. 100 էջ։ նկար, քարտեզ ; 23 սմ.
  • Հայաստանի աշխարհագրութիւն։ Պատմական Հայաստան, Կիլիկիա եւ արդի Հայաստան: Բազմաթիւ քարտէսներ եւ պատկերներ: Նախակրթարաններու եւ բարձրագոյն կարգերուն համար Պարսումեան, Ներսէս Յ.: Հալէպ Տպարան Նայիրի, 1947 84 էջ։ նկար, քարտեզ.
  • Սուրիա եւ դրացի երկիրներ: Նախակրթարաններու բարձրագոյն կարգերուն համար Պարսումեան, Ներսէս Յ.: Հալէպ տպարան Տիգրիս, 1951, 2-րդ 72 էջ։ նկ., քարտ.
  • Աշխարհագրութեան դասեր: Նախակրթարաններու Ա եւ Բ կարգերու համար Պարսումեան, Ներսէս Յ.: Տպարան Հալէպ։ Ա. հ., 1958, Ը տպագրութիւն.48 էջ: նկար, քարտեզ.
  • Աշխարհագրութեան դասեր: Նախակրթարաններու Դ կարգին համար Պարսումեան, Ներսէս Յ.: Պէյրութ Տպարան Ատլաս, 1963 Զ բարեփոխուած տպագրութիււն.88 էջ: նկար, քարտեզ;24 սմ.
  • Աշխարհագրութեան դասեր: Նախակրթարաններու Գ կարգին համար Պարսումեան, Ներսէս Յ.: Պէյրութ Տպարան Ատլաս, 1964 Զ տպագրութիւն. 78 էջ։ նկար, քարտեզ ; 24 սմ.

«Արեւելք» օրաթերթի աշխատակից Խմբագրել

Ժամանակի ընթացքին՝ իր պարտականութիւններուն վրայ աւելցաւ ուրիշ մը, երբ հրատարակուիլ սկսաւ «Արեւելք» օրաթերթը, որուն կառավարութեան մօտ կատարուելիք բոլոր գործողութիւնները սիրայօժար կերպով յանձն կ՚առնէր Ներսէս Պարսումեան, միաժամանակ թերթին հայթայթելով թարգմանական գրութիւններ արաբական մամուլէն։

  Ներսէս Պարսումեան, բարի, ազնիւ, ուղղամիտ, ծառայասէր ու հայրենասէր անձ մըն էր. ան մրրիկի արագութեամբ ու առանց տրտնջալու կը կատարէր իր բազմաթիւ ու բազմազան պարտականութիւնները, ան մեծ համարում ու յարգանք ունէր մեր ազգային եկեղեցւոյ դերին մասին, ու եկեղեցին կը նկատէր մեր ազգին գոյութեան գլխաւոր հիմնաքարը։ Յարգանք իր բազմազան վաստակին։[2]
- Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ «ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՅՈՒՇԵՐ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԷՆ» հատոր
 


Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

Հորիզոն Գրական ԱՐՁԱԿ, ՅՈՒՇԱԳՐԱԿԱՆ ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

ՀԱՅ ԳԻՐՔ Պարսումեան, Ներսէս Յ

librarything Ներսէս Յ. Պարսումեան