Ներսիկ Իսպիրեան

Ներսիկ Աղասի Իսպիրեան (15 Մայիս 1963(1963-05-15), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ երգիչ, երգահան, առաւելապէս յայտնի է իր հայրենասիրական կատարումներով։ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ (2011)[1]:

Ներսիկ Իսպիրեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Երեւան: Ուսումը ստացած է «Էրեբունի»ի թիւ 160 դպրոցին մէջ, 1987-1992 թուականներուն՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի` միաժամանակ երգելով «Ակունք» ազգագրական համոյթին մէջ։

Երաժշտական գործունէութիւն

Խմբագրել

Ներսիկ Իսպիրեանը աւելի քան երեսուն հայրենասիրական, յեղափոխական, արցախեան ազատամարտին ու մարտիկներուն նուիրուած երգերու հեղինակ է։ Իր հանրայայտ երգերէն են՝

  • «Սուրբ Մայրեր»
  • «Հայոց Երկիր»
  • «Ասմար Աղջիկ»
  • «Վայ Նարէ Եար»
  • «Երթանք Մեր Երկիրը` Մուշ»
  • «Հայ Քաջեր»
  • «Պիտի Գնանք Վաղ Թէ Ուշ»
  • «Լերան Լանջին»
  • «Արծիւ, Սլացի՛ր»
  • «Հայոց Երկիր»
  • «Ղարաբաղ»
  • «Մշեցի Եմ»
  • «Երկիր Հայրենի»
  • «Երգ Կամաւորի»

Ան վերամշակած է նաեւ հին, աշուղական երգեր։ Համերգներով եղած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, հիւրընկալուելով հայկական գրեթէ բոլոր համայնքներուն մէջ։ Ան լոյս ընծայած է 13 ձայնասկաւառակ, որոնցմէ ութ ձայնասկաւառակները յեղափոխական երգեր կը պարունակեն։ Մարզական գետնի վրայ ան զբաղած է բռնցքամարտով[2][3]:

Ընտանիք

Խմբագրել

Ամուսնացած է, ունի երեք զաւակ՝ Աշխէն, Արաբօ եւ Անի։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել