Նիզար Թաուֆիք Քապպանի (արաբերէն՝ نزار توفيق قباني‎ ) (21 Մարտ 1923 – 30 Ապրիլ 1998), սուրիացի դիւանագէտ, բանաստեղծ եւ հրատարակիչ[6]: Իր բանաստեղծութիւնները կը խօսին սիրոյ, տռփականութեան, իգականութեան, կրօնքի եւ արաբական ազգայնութեան մասին: Քապպանի Արաբական աշխարհի ամէնէն յարգուած այժմէական բանաստեղծներէն մէկն է եւ կը նկատուի Սուրիոյ ազգային բանաստեղծը[7][8]։

Նիզար Քապպանի
արաբերէն՝ نزار قباني[1]
Ծնած է 21 Մարտ 1923
Ծննդավայր Դամասկոս, Սուրիոյ եւ Լիբանանի ֆրանսական մանտադ[2]
Մահացած է 30 Ապրիլ 1998(1998-04-30)[3][4][5][…] (75 տարեկանին)
Մահուան վայր Կաղապար:Country data Միացյալ Թագավորություն Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն
Քաղաքացիութիւն սուրիացի
Ազգութիւն սուրիացի, թուրք
Կրօնք Իսլամ
Ուսումնավայր Դամասկոսի Համալսարան
Կարողութիւն Բանաստեղծ, դիւանագէտ, իրաւաբան
Մասնագիտութիւն Իրաւաբանութիւն
Ամուսին Պալքի ալ Ռաուի
Կայքէջ Նիզար Քապպանիի պաշտօնական էջ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Վաղ կեանք Խմբագրել

 
Երիտասարդ Քապպանին

Նիզար Քապպանի սեռած է միջին դասակարգի պատկանող վաճառականի ընտանիքէ մը, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ[9] ու ապրած է Հին Դամասկոսի Միթնահ Ալ-Շամ թաղամասին մէջ։ 1930-էն 1941, Քապպանի կը յաճախէ Ազգային Գիտական Քոլէճը, որուն սեփականատէրը իր հօրը ընկեր Ահմատ Մունիֆ Ալ-Այիտին էր։ Ապա, Դամասկոսի Համալսարանին մէջ, որ այդ ժամանակ Սուրիական համալսարան կը կոչուէր, կ'ուսանի իրաւաբանութիւն: Ան իրաւաբանութեան վկայականը կը ստանայ 1945-ին։

Իր ուսանողութեան տարիներուն, Քապպանի կը գրէ իր առաջին բանաստեղծական շարքը՝ Թուխ Աղջիկը Ըսաւ, որ կը բաղկանար սիրային բանաստեղծութիւններէ, որոնք կ'անդրադառնային իգական սեռի մարմնի անդամներուն՝ ապշահար դարձնելով Դամասկոսի հաւատացեալ բնակիչները։ Իր շրջանակին մէջ աւելի ընդունելի դարձնելու համար, Քապպանի իր բանաստեղծութիւնները ցոյց կու տայ իր հօր ընկերներէն՝ կրթութեան նախարար ու Սուրիոյ ազգային ղեկավար Մունիր Ալ-Այլանիի: Ան շատ կը հաւնի Քապպանիի գործը ու կը գրէ անոր առաջին գիրքին նախաբանը:

 
Քապպանի իրաւաբանութիւն ուսանած ժամանակ, 1944

Դիւանագիտական ասպարէզ Խմբագրել

Իրաւաբանական վարժարանը աւարտելէն ետք, Քապպանի Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կը նշանակուի հիւպատոս բազմաթիւ քաղաքներու, ինչպէս՝ Պէյրութի, Գահիրէի, Իսթանպուլի, Մատրիտի եւ Լոնտոնի մէջ։ 1959-ին, երբ կը հիմնուի Միացեալ Արաբական Հանրապետութիւնը, Քապպանի հանրապետութեան Չինաստանի դեսպանատան փոխ-քարտուղարը կը նշանակուի: Այս տարիներուն, ան անդադար կը գրէ ու Չինաստանի մէջ գրած իր բանաստեղծութիւնները իր լաւագոյններն են: Ան դիւանագիտութեամբ կը զբաղի մինչեւ 1966, երբ կը ներկայացնէ իր հրաժարականը: Այդ ժամանակ, ան իր անունով Պէյրութի մէջ տպարան մը հիմնած էր:

Բանաստեղծական ազդեցութիւններ Խմբագրել

Երբ Քապպանի 15 տարեկան էր, իր 25-ամեայ քոյրը մերժելով ամուսնանալ իր չսիրած տղամարդուն հետ՝ անձնասպան կ'ըլլայ:[10] Անոր թաղման արարողութեան ժամանակ, Քապպանի կ'որոշէ պայքարիլ այս ընկերային հարցին դէմ: Երբ իրեն կը հարցուի իր յեղափոխական ըլլալուն մասին, Քապպանի կը պատասխանէ. «Արաբական աշխարհին մէջ սէրը բանտարկեալի մը կը նմանի եւ ես կ'ուզեմ զայն ազատ արձակել: Իմ բանաստեղծութիւններովս, կ'ուզեմ արաբական հոգին, զգացումն ու մարմինը ազատ արձակել: Մեր ընկերային շրջանակին մէջ, տղու եւ աղջկայ մը սիրային յարաբերութիւնը ամօթի պէս է»: Ան կը ճանչցուի իբրեւ իր ժամանակի ամէնէն շատ իգական սեռի հաւասարութեան հաւատարիմ եւ ամէնէն յառաջադէմ մտաւորականներէն մէկը:[10]

Դամասկոս քաղաքը մնայուն ազդեցութիւն կ'ունենայ իր բանաստեղծութիւններուն մէջ, մանաւանդ՝ «Դամասկոսի Յասմիկներ»ուն մէջ:[10] 1967-ի վեցօրեայ պատերազմը կ'ազդէ իր բանաստեղծութիւններուն եւ արաբական հարցին հանդէպ ունեցած իր ողբին վրայ:[10][11] Պարտութիւնը բոլորովին կը փոխէ Քապպանի գրած ոճը՝ սիրային գրութիւններէն անցնելով քաղաքական գրութիւններու, որոնց ընդմէջէն ան կ'արտայայտէ իր մերժումը եւ ընդդիմութիւնը:[10] Սկիզբը, Քապպանիի «Պարտութեան Գիրքի Լուսանցքի Նօթագրութիւններ»ը, որով ան կը քննադատէր արաբ ղեկավարութիւնը, շատ զայրոյթ կը յառաջացնէ արաբական քաղաքականութեան աջ եւ ձախ կողմերը:

Անձնական կեանք Խմբագրել

 
Քապպանի իր ծնողներուն եւ եղբայրներուն հետ:

Ընտանիք Խմբագրել

Քապպանի ունէր երկու քոյր (Ուիսալ եւ Հայֆա) եւ երեք եղբայր (Մուհթազ, Ռաշիտ եւ Սապահ): Նիզարէն ետք Սապահը ամէնէն հանրածանօթն էր ընտանիքին մէջ։ Սապահ Քապպանի 1960-ին սուրիական ռատիոյի եւ պատկերասփիւռի տնօրէնը եղած է եւ 1980-ականներուն ալ՝ ԱՄՆ-ի մէջ Սուրիոյ դեսպան:

Քապպանի հայրը՝ Թաուֆիք Քապպանի սուրիացի էր, իսկ մայրը ունէր թրքական արմատներ: Հայրը տուրմի գործարանի մը սեփականատէրն էր, ան նաեւ ֆրանսական իշխանութիւններուն դէմ ընդդիմացողներուն օգնած է եւ իր կարծիքներուն պատճառով յաճախ բանտարկուած, ինչ որ շատ մեծ ազդեցութիւն կ'ունենայ Նիզարի յեղափոխական ոգիին կերտման վրայ։ Քապպանիի մեծ հօրեղբայրը՝ Ապու Խալիլ Քապպանին շատ մեծ դեր ունեցած է Արաբական գրականութեան մէջ:

Քապպանիի ընտանիքին արմատները կու գան թրքական Քոնիա քաղաքէն:[12] Քապպանի մականունը կու գայ Քապպան բառէն, որ կը նշանակէ կենդինար կշռոց:[13]

Ամուսնութիւններ Խմբագրել

Նիզար Քապպանի երկու անգամ կ'ամուսնանայ: Առաջին անգամ ան կ'ամուսնանայ իր զարմիկին՝ Զահրա Աքպիքի հետ, որուն հետ ան կ'ունենայ դուստր մը՝ Հատպան եւ որդի մը՝ Թաուֆիքը, որ 22 տարեկանին սրտի կաթուածի մը հետեւանքով կը մահանայ Լոնտոնի մէջ։ Զահրա Աքպիք կը մահանայ 2007-ին: Իր դուստրը՝ Հատպան, ծնած է 1947-ին, կ'ամուսնանայ 2 անգամ եւ մինչեւ իր մահը՝ Ապրիլ 2009 կ'ապրի Լոնտոնի մէջ:

Երկրորդ անգամ ան կ'ամուսնանայ իրաքցի ուսուցիչ Պալքիս Ալ-Ռաուիի հետ, որուն առաջին անգամ կը հանդիպի Պաղտատի մէջ իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն արտասանութեան ժամանակ: Ան զոհ կ'երթայ 15 Դեկտեմբեր 1981-ի Պէյրութի մէջ Իրաքի դեսպանատան ռմբակոծման:[10] Պալքիսի մահը հոգեբանական ծանր ազդեցութիւններ կ'ունենայ Քապպանիի վրայ. ան իր ոխը կը յայտնէ իր նշանաւոր «Պալքիս» գրութեան մէջ, որուն մէջ ան իր կնոջ մահուան համար կը մեղադրէ ամբողջ արաբական աշխարհը: Անոնք միասին ունին որդի մը՝ Օմար եւ դուստր մը՝ Զէյնապ: Պալքիսի մահէն ետք, Քապպանի չ'ամուսնանար:

Կեանքի վերջաւորութիւն եւ մահ Խմբագրել

Պալքիսի մահէն ետք, Քապպանի կը հեռանայ Պէյրութէն: Նախ, ան կ'ապրի Ժընեւի եւ Փարիզի մէջ, բայց ի վերջոյ կը հաստատուի Լոնտոն, ուր կ'անցընէ իր կեանքին վերջին 15 տարիները:[10] Քապպանի կը շարունակէ գրել, որուն միջոցով ան վիճաբանութիւններու եւ ապացոյցերու դուռ կը բանար: Այս ժամանակի ամէնէն նշանաւոր վիճաբանական բանաստեղծութիւններէն են «Ե՞րբ Պիտի Յայտարարեն Արաբներու Մահը» եւ «Վազողներ»ը:

1997-ին, Նիզար Քապպանիի առողջութիւնը կը վատթարանայ, բայց նոյն տարուան վերջաւորութեան անիկա կը բարելաւուի:[14] Քանի մը ամիս ետք՝ 30 Ապրիլ 1998-ին, 75-ամեայ Նիզար Քապպանի սրտի կաթուածի մը հետեւանքով կը մահանայ:[9][11] Իր կտակին մէջ, զոր կը գրէ հիւանդանոցի մէջ, Քապպանի ուզած է թաղուիլ Դամասկոս, զոր կը ներկայացնէ իբրեւ «արգանդ մը, որ իրեն սորվեցուցած է բանաստեղծութիւն, սորվեցուցած է ստեղծագործութիւն եւ նուիրած է յասմիկի այբուբենը»:[15] Իր մահէն 4 օր ետք, Քապպանի կը թաղուի Պապ Ալ-Սաղիրի մէջ, Դամասկոս:[15] Ամբողջ աշխարհի արաբները կը սգան անոր մահը եւ այդ օրուան լրատուութիւնները կ'անդրադառնան իր գրական ասպարէզին մասին:[15]

Մատենագրութիւն Խմբագրել

Բանաստեղծութիւններ Խմբագրել

Քապպանի 16 տարեկան հասակին կը սկսի բանաստեղծութիւններ գրել: Ան իր առաջին գիրքը՝ «Թուխ Աղջիկը Ըսաւ»ը ((قالت لي السمراء)) իր անձնական շահերով կը հրատարակէ 1944-ին, երբ տակաւին Դամասկոսի համալսարանի իրաւաբանական դպրոցի ուսանող էր:

Կէս դարու մէջ, Քապպանի կը գրէ 34 բանաստեղծական գրքոյկներ, ինչպէս՝

  • Ընդդիմացողի Մը Մանկութիւնը (1948) طفولة نهد
  • Սապմա (1949) سامبا
  • Իմս ես (1950) أنت لي
  • Բանաստեղծութիւններ (1956) قصائد
  • Սիրելիս (1961) حبيبتي
  • Բառերով Գծագրութիւն (1966) الرسم بالكلمات
  • Անտարբեր Կնոջ Օրագրութիւնը (1968) يوميات امرأة لا مبالية
  • Վայրենի Բանաստեղծութիւններ (1970) قصائد متوحشة
  • Սիրոյ Գիրքը (1970) كتاب الحب
  • Հարիւր Սիրոյ Նամակներ (1970) مئة رسالة حب
  • Անօրէն Բանաստեղծութիւններ (1972) أشعار خارجة على القانون
  • Կը Սիրեմ Քեզ, Կը Սիրեմ Քեզ Եւ Մնացեալը Կու Գայ (1978) أحبك أحبك و البقية تأتي
  • Սիրածիս Հետ Դէպի Էգ Պէյրութ (1978) إلى بيروت الأنثى مع حبي
  • Յուսամ Յաջորդ Տարի Ալ Իմ Սիրածս Կ'ըլլաս (1978) كل عام وأنت حبيبتي
  • Կը Վստահեցնեմ, Որ Քեզմէ Զատ Ուրիշ Աղջիկ Մը Չկայ (1979) أشهد أن لا امرأة إلا أنت
  • Եգիպտացի Պահիայի Գաղտնի Օրագրութիւնները (1979) اليوميات السرية لبهية المصرية
  • Այսպէս Կը Գրեմ Կիներու Պատմութիւնը (1981) هكذا أكتب تاريخ النساء
  • Սիրահարուածներու Բառարան (1981) قاموس العاشقين
  • Պալքիսի Բանաստեղծութիւն (1982) قصيدة بلقيس
  • Սէրը Կարմիր Լոյսին Չի Կենար (1985) الحب لا يقف على الضوء الأحمر
  • Խենթ Բանաստեղծութիւններ (1985)أشعار مجنونة
  • Բանաստեղծութիւններ, Որոնց Վրայ Ջղայնացած Եմ (1986) قصائد مغضوب عليها
  • Սէրը Պիտի Մնայ, Պարոն (1987) سيبقى الحب سيدي
  • Ժայռի Պզտիկներու Երրորդութիւնը (1988) ثلاثية أطفال الحجارة
  • Քարմաթեան Սիրահարի Մը Գաղտնի Թուղթերը (1988) الأوراق السرية لعاشق قرمطي
  • Արաբ Ահաբեկիչի Մը Կենսագրականը (1988) السيرة الذاتية لسياف عربي
  • Քեզի Հետ Ամուսնացայ, Ո՛վ Ազատութիւն (1988) تزوجتك أيتها الحرية
  • Ձեռքիս Լուցկին Եւ Ձեր Թուղթէ Պետութիւնները (1989) الكبريت في يدي ودويلاتكم من ورق
  • Բան Մը Սէրը Չի Գերազանցեր (1989) لا غالب إلا الحب
  • Կը Լսե՞ս Տխրութեան Լացս (1991) هل تسمعين صهيل أحزاني ؟
  • Պարտութեան Գիրքի Լուսանցքի Նօթերը (1991) هوامش على الهوامش
  • Ես Մէկ Տղամարդ Եմ Եւ Դուն Կանանոց Մը (1992) أنا رجل واحد وأنت قبيلة من النساء
  • Յիսուն Տարի Կիները Գովաբանել (1994) خمسون عاما في مديح النساء
  • Նիզարեան Տարբեր Գրութիւններ Սիրոյ Բանալիի Մասին (1995) تنويعات نزارية على مقام العشق
  • Յասմիկի Այբուբենը (1998) أبجدية الياسمين

Այլ գործեր Խմբագրել

Ան կը գրէ արձակ գրութիւններ, ինչպէս՝ «Բանաստեղծութեան Հետ Պատմութիւնս» (قصتي مع الشعر), «Ի՞նչ Է Բանաստեղծութիւնը» (ما هو الشعر) եւ «Բառերը Ջղայնութիւն Գիտեն» (الشعر قنديل أخضر), «Բանաստեղծութեան, Սեռային Յարաբերութեան եւ Յեղափոխութեան Մասին» (عن الشعر والجنس والثورة), «Բանաստեղծութիւնը Կանաչ Լապտեր Մըն Է» (الشعر قنديل أخضر), «Թռչունները Վիզայի Պէտք Չունին» (العصافير لا تطلب تأشيرة دخول). «Ես Լաւ Խաղացի Եւ Ասոնք Բանալիներս Են» ( لعبت بإتقان وها هي مفاتيحي) եւ «Բանաստեղծութեանս Եւ Կեանքիս Կինը» (المرأة في شعري وفي حياتي), ինչպէս նաեւ թատրերգութիւն մը ՝«Նախապէս Լիբանան Կոչուող Խենթերու Հանրապետութիւն» (جمهورية جنونستان لبنان سابقا) եւ բազմաթիւ հանրածանօթ երգերու բառեր արաբ երգիչներու, ինչպէս՝

Իր մահէն ետք, իր գրութիւնները կը մնան հանրածանօթ եւ կը ներառուին արաբ երգիչներու՝ ինչպէս Քատիմ Ալ-Սահիրի եւ Լաթիֆայի երգերուն մէջ:[15]

Այլ լեզուներ Խմբագրել

Քապպանիի բանաստեղծութիւններէն շարք մը թարգմանուած է անգլերէնի եւ այլ լեզուներու, երբեմն առաջին բանաստեղծութիւններ, երբեմն ալ՝ ամբողջ գրքոյկը: Ասոնցմէ են.

Անգլերէն
  • On Entering the Sea (1998)
  • Arabian Love Poems (1998) թարգմանուած է Պասսամ Ֆրենժիէի եւ Քլեմինթա Պրաունի կողմէ
  • Republic of Love (2002) թարգմանուած է Նայեֆ Ալ-Քալալիի կողմէ
  • Journal of An Indifferent Woman (2015) թարգմանուած է տոքթոր Ժորժ Նիքոլաս Ալ-Հաժի կողմէ
Իտալերէն
  • Poesie, a cura di G. Canova, M.A. De Luca, P. Minganti, A. Pellitteri, Istituto per l’Oriente, Roma 1976.
  • Il fiammifero è in mano mia e le vostre piccole nazioni sono di carta e altri versi, a cura di V. Colombo, San Marco dei Giustiniani, Genova 2001.
  • Il libro dell’amore, traduzione di M. Avino, in Antologia della letteratura araba contemporanea. Dalla nahda a oggi, a cura di M. Avino, I. Camera d’Afflitto, Alma Salem, Carocci, Roma 2015, pp. 116–117.
  • Le mie poesie più belle, traduzione dall’arabo a cura di N. Salameh e S. Moresi, postfazione di P. Caridi, Jouvence, Milano 2016.
Նեփալերէն
  • Նիզար Քապպանիի բազմաթիւ գրութիւնները թարգմանուած են նեփալերէնի՝ Սուման Փոխրելի կողմէ եւ հաւաքուած են երկի մը մէջ, որ կը կոչուի Մանփարեքա Քեհի Քաւիթա:[17][18][19]
Հնդկերէն

Քապպանիի գրութիւնները թարգմանուած են հնդկերէնի՝ Սիտտեհշուար Սինկհի, Արփանա Մանոժի, Մանոժ Փաթելի, Ռինու Թալուարի եւ այլ թարգմանիչներու կողմէ:[20]

Ռուսերէն

Եւկենի Տիաքոնով Նիզար Քապպանիի բանաստեղծութիւններու ռուսերէն թարգմանութիւնը կը ներկայացնէ իր տոքթորական աւարտաճառին: Տիաքոնովի թարգմանութիւնները կը հրատարակուին Մոսկուայի Պիպլոս Քոնզալթինկի կողմէ, 2007-ին:[21]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. https://adab.wiki/نزار_قباني
  2. Deutsche Nationalbibliothek Record #118925881 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  3. Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  4. Encyclopædia Britannica
  5. AlKindi (Դոմինիկյան Արևելագիտության ինստիտուտի առցանց կատալոգ)
  6. Ayyıldız, Esat. “‘Kudüs’ Adlı İki Şiirin Mukayesesi: Nizâr Kabbânî’nin Kaleminden Arapça ‘el-Kuds’ ve Else Lasker-Schüler’in Kaleminden Almanca ‘Jerusalem’”. Ondokuz Mayıs Üniversitesi İlahiyat Fakültesi Dergisi 53 (Aralık 2022), 799-824. https://doi.org/10.17120/omuifd.1167935
  7. Darwish Adel (May 5, 1998)։ «Obituary: Nizar Qabbani»։ The Independent 
  8. “Nizar Qabbani: From Romance to Exile”, Muhamed Al Khalil, 2005, A dissertation submitted to the faculty of the Department of Near Eastern Studies in partial ulfilment of the requirements for the degree of Doctor of Philosophy in the Graduate College of the University of Arizona, USA.
  9. 9,0 9,1 «Qabbani, Nizar»։ Encyclopædia Britannica Online։ արտագրուած է՝ 23 June 2007 
  10. 10,0 10,1 10,2 10,3 10,4 10,5 10,6 «Nizar Qabbani»։ PoemHunter.com։ արտագրուած է՝ 23 June 2007 
  11. 11,0 11,1 «Nizar Qabbani, Major Arab Literary Figure, Dies»։ CNN.com։ 30 April 1998։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 25 May 2005-ին։ արտագրուած է՝ 23 June 2007 
  12. Sadgrove, Philip (2010), «Ahmad Abu Khalil al-Qabbani (1833–1902)», in Allen, Roger M. A.; Lowry, Joseph Edmund; Stewart, Devin J. (eds.), Essays in Arabic Literary Biography: 1850–1950, Otto Harrassowitz Verlag, p. 267, ISBN 3447061413 
  13. «تعريف و معنى قبان في معجم المعاني الجامع - معجم عربي عربي»։ almaany (Arabic) 
  14. «Qabbani Recovered from Sickness, Gratitude Message to Syrians»։ Arabic News։ 15 December 1997։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 30 September 2007-ին։ արտագրուած է՝ 23 June 2007 
  15. 15,0 15,1 15,2 15,3 «Nizar Qabbani: Pioneer of Modern Arab Poetry»։ Arabic News։ 4 May 1998։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 30 September 2007-ին։ արտագրուած է՝ 23 June 2007 
  16. «Who is Najat Al Saghira?»։ June 19, 2015։ արտագրուած է՝ August 28, 2015 
  17. Akhmatova Anna, Świrszczyńska Anna, Ginsberg Allen, Agustini Delmira, Farrokhzad Forough, Mistral Gabriela, Jacques Jacques, Mahmoud Mahmoud, Al-Malaika Nazik, Hikmet Nazim, Qabbani Nizar, Paz Octavio, Neruda Pablo, Plath Sylvia, Amichai Yehuda (2018)։ Manpareka Kehi Kavita मनपरेका केही कविता [Some Poems of My Choice] (Print) (Nepalese) (First հրտրկթն․)։ Kathmandu: Shikha Books։ էջ 174։ ISBN 978-9937-9244-5-0 
  18. Tripathi Geeta (2018)։ «अनुवादमा 'मनपरेका केही कविता'» [Manpareka Kehi Kavita in Translation] (7)։ Kalashree։ էջեր 358–359 
  19. Prof. Abhi Subedi : Sahitya ra Aam Britta p 189, 2014, 978 9937 852531
  20. http://kavitakosh.org/kk/निज़ार_क़ब्बानी
  21. http://www.arabbook.ru/?document=22&lng=ru

Արտաքին յղումներ Խմբագրել