Նիկողոս Սարաֆեան

Նիկողոս Սարաֆեան (30 Մարտ 1902(1902-03-30), Վառնա, Բուլղարիայի իշխանություն - 16 Դեկտեմբեր 1972(1972-12-16)[1], Փարիզի 12-րդ շրջան, Փարիզ[1]), սփիւռքահայ գրող, բանաստեղծ։

Նիկողոս Սարաֆեան
Ծնած է 30 Մարտ 1902(1902-03-30)
Ծննդավայր Վառնա, Բուլղարիայի իշխանություն
Մահացած է 16 Դեկտեմբեր 1972(1972-12-16)[1] (70 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզի 12-րդ շրջան, Փարիզ[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[2]
Ուսումնավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, բանաստեղծ
Աշխատավայր Յառաջ
Զուարթնոց
Մենք
Ֆրանս Սուար
Ցոլք

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Պոլսէն մեկնող շոգենաւու մը մէջ,Պոլիս-Վառնա գծին վրայ։ մեծցած Վառնա (Պուլկարիա), Լճեցի ակնեցի ծնողէ, որոնք 1896-ին գաղթած են իրենց ծննդավայրէն։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ նախ Վառնայի Ճիէրճեան, յետոյ Ազգային վարժարանին մէջ, շուտով կ՛անցնի Ֆրերներու՝ Սէն Միշէլ ֆրանսական երկրորդական վարժարանը։

 
1923, Կեդրոնական վարժարան

Առաջին համաշխարհային պատերազմին մեծ եղբօր հետ 1915-ին, 12 տարեկան էր, երբ կը մեկնի նախ Ռումանիա, այնուհետեւ կը սկսի թափառական կեանք մը՝ Պուքրէշէն Կալաց, յետոյ` Օտեսա,(Ուքրանիա), Ռոստով Նովորոսիսկ,(Ռուսիա), ուր կ՛ապրի բանուորութեամբ։ Երբ կը պայթի ռուսական յեղափոխութիւնը, ան քալելով կը կտրէ Ռումանիան: 14-էն 17 տարեկան՝ ծնողքը կը գտնէ Վառնայի մէջ, ուրկէ 1919-ին կը մեկնի Պոլիս: 17-էն 20 տարեկան՝ կը յաճախէ Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ կ՚ուսանի որպէս ուսուցիչ ունենալով Յակոբ Օշականը, Վահան Թէքէեանը եւ ուրիշներ։ Ուսման ընթացքը լրացնելու մօտ՝ կը լքէ հարկադրաբար, քեմալականներու կողմէ Պոլիսը գրաւուելէն առաջ 1922-ին կը մեկնի Պուլկարիա, յետոյ՝ Ռումանիա, եւ ի վերջոյ 1923-ին` կ՝ապաստանի Փարիզ: 21 տարեկանին,վերջապէս՝ տողաշար մեքենայի վրայ գրաշարութեամբ իր ապրուստը ապահովելու կոչուած աշխատաւոր,(իր գիրքերէն մէկ քանին իր ձեռքով շարուած են, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով տողերու դրուածքին) ուր կ՛անցնէ յիսունէ աւելի իր տարիները, նետուելով աշխատանքէ աշխատանք,

Գրական վաստակ Խմբագրել

Նիկողոս Սարաֆեան գրողը[3] կարելի է նկատել Սփիւռքի առաջին բանաստեղծը, եւ ոչ միայն ժամանակագրական կարգով, այլեւ դժուար գերազանցելի որակովը իր բանաստեղծական մտածողութեան եւ ատենին իր կատարած գեղագիտական նորարարութիւններուն։

Տասնամեակներէ ի վեր Սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի «հաստատութենական» մշակոյթը կա՛մ անտեսած է զինք, եւ կամ գիտակցաբար փորձած իր գրականութիւնը մոռացութեան մատնել։ Ասոր պատճառները հաւանաբար երկուք են.

- Ժամանակակից գրականութեան հետ քայլ պահող իր ստեղծագործութիւնը մասամբ անհասկնալի մնացած է հայկական լճացած շրջանակներու մէջ, եւ կամ անյարիր՝ Խորհրդային Հայաստանի պաշտօնական չափանիշներուն։

- Նոր միջավայրի մէջ նոր ինքնութեան մը փնտռտուքը վտանգաւոր նկատուած է սփիւռքի մէջ մինչեւ այսօր տիրական «հայապահպանութեան» գաղափարախօսութեան կողմէ, որ այլամերժութիւնը եւ կղզիացումը կրօնքի վերածած ըլլալով՝ չէր կրնար հանդուրժել ազատ - եւ առողջ, ու հարուստ - մտածողութեան, որ պայման մըն է իսկական արուեստի գործերու յառաջացումին։

Սարաֆեանի բանաստեղծութիւնը բանակցութիւն մըն է անցեալէն փախուստ տուող Եսի մը եւ օտարութեան հետ ընդունելի կապ հաստատելու ջանքին միջեւ։ Օտար ու անվայր ըլլալու զգացումը, որ ինքնութեան կը վերածուի, իր արմատները ունի Սարաֆեանի կենսագրութեան մէջ։ Առաջին գիրքը պիտի հրատարակէ 26 տարեկանին։

Նիկողոս Սարաֆեանի գործին մէջ կարելի է տեսնել եւրոպական գրական շարժումներու անդրադարձը, առանց թէեւ տիրական ներկայութիւն մը գտնելու մէկէն կամ միւսէն։ Գերիրապաշտ ձեւեր եւ գոյութենապաշտ գաղափարներ կը գումարուին նախորդ դպրոցներէն եկած ազդեցութիւններու վրայ։ Փիլիսոփայելը, մտածելն ու բանաստեղծելը կը նոյնանան իր գործին մէջ, ինչպէս որեւէ ժամանակակից բանաստեղծի, ինչ որ հայ «կանոնական» գրականութեան մէջ իրեն կը վաստակէ «մտածող» կամ «ուղեղային» որակումը, ոչ թէ իբրեւ բնական երեւոյթ մը գրողի մը համար, այլ որպէս զարտուղութիւն մը ընդունուած գրական չափանիշներէն, կարծես թէ հեռուէն միայն դիտուելիք անբնականութիւն մը։

Սարաֆեանի սկզբնական քայլերուն մէջ էջ առ էջ ներդրումը կայ Յակոբ Օշականի խորհուրդներուն, որ սակայն պիտի չուզէր ամբողջովին հասկնալ եւ գնահատել իր աշակերտին ստեղծագործութիւնը։ Իսկ այս եզերքէն, դժուար չէ անոր մասնակի ազդեցութիւնը նկատել Գրիգոր Պըլտեանի սկզբնական շրջանի ստեղծագործութեան մէջ։

Սարաֆեան քիչերէն է որ ազատօրէն արուեստի մէջ կը դնեն իրենց ապրած ժամանակը, փորձելով դուրս գալ միօրինակ մտածելակերպերէ եւ արուեստի հասկացողութենէ։ Սակայն, ի տարբերութիւն այլ գրողներու, իր աւանդը դժուար թէ կարենայ խոր տարածում գտնել նոյնիսկ այսօր, որքան ատեն որ գեղարուեստական արտադրութիւններն ու մշակոյթը կը մնան հաստատութենական՝ establishment-ի հակակշռին տակ։

Ստեղծագործութիւններ Խմբագրել

Բանաստեղծական երկեր Խմբագրել

  • Անջրպետի մը գրաւումը, 21 քերթուած, գրուած 1925-1927, հրատարակուած 1928-ին (500 օրինակ)
  • 14, մէկ քերթուած տասնչորս հատուածներով, հրատարակուած 1933-ին (250 օրինակ)
  • Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն, գրուած 1931-1938, հրատարակուած 1939-ին (200 օրինակ)
  • Միջնաբերդ, գրուած 1940-46, հրատարակուած 1946-ին (500 օրինակ)
  • Միջերկրական, հրատարակուած 1971-ին (Ահեկան, Պէյրութ. առաջին տարբերակ մը 1962-ին տպուած էր Բագին-ի մէջ)

Բանաստեղծական արձակ Խմբագրել

  • Վենսենի անտառը. հրատ. Նայիրի-ի մէջ, Հալէպ, (8-12) 1947։ Հատորի ձեւով հրատարակուած խմբագրութեամբ Գ. Պըլտեանի, Փարիզ, 1988։

Վէպ / վիպակ / այլ արձակ կարեւոր գրութիւններ (մէկ մասը միայն թերթերու մէջ) Խմբագրել

  • Իշխանուհին, Փարիզ, 1934
  • Տեսարանները, մարդիկ եւ ես, խմբ. Գ. Պըլտեան, Երկ, Երեւան, 1994
  • Խարիսխէն հեռու, (Հայրենիք)
  • Մանուկ Դուինեան (Նայիրի)
  • Ղուկաս այպանելին (Զուարթնոց)
  • Լոյսի ցաւեր կամ Մեծն Տիգրան եւ Ամլութեան Սատանան (Ակօս)

Մէջբերումներ Սարաֆեանէն Խմբագրել

  Լաւագոյն բանաստեղծութիւնը այն է ինծի համար որ արտայայտութիւնն է ներքին մարդկային ողբերգական լինելութեան մը՝ յաւիտենական մարդուն մէջ։  


Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 https://commons.wikimedia.org/wiki/File:Acte_de_d%C3%A9c%C3%A8s_-_Sarafian_Nigoghos.png
  2. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 492. — ISBN 978-2-905686-93-0
  3. Կիւլլիւճեան, Յակոբ։ "Արեւմտահայերէնի դասախօսական նօթեր"- UCLA. 2007.

2. www.armenianlanguage.am/am/Encyclopedia_sarafyan_nikoghos Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.

Աղբիւր Խմբագրել

Արտաքին յղում Խմբագրել