Նիւթելլան (իտալերէն՝ Nutella) կաղինով եւ տուրմով քսուկէ վաճառանիշ մըն է, որ իտալական Ֆեռերօ (Ferrero) ընկերութեան արտադրութիւններէն է եւ կը վաճառուի աշխարհի 75 երկիրներու մէջ, որոնցմէ է՝ Հայաստան։

Նիւթելլա

Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, Նիւթելլան կը ծանուցուի իբրեւ «կաղինով Քսուկ», սակայն, յատկապէս ըստ իտալական չափանիշներուն՝ անիկա չի կրնար ներկայացուիլ իբրեւ այդպիսին, որովհետեւ չի համապատասխաներ պինդ քաքաոյի նուազագոյն պարունակութեան չափանիշներուն։

2011-ին, ըստ ԱՄՆՔալիֆորնիա նահանգին մէջ սպառողական դասակարգային պահանջին (class action), դատավարութիւն մը տեղի ունեցած է Նիւթելլան արտադրող Ferrero ընկերութեան նկատմամբ, որ համաձայնած էր բողոքները քողարկել շուրջ 3$ միլիոնի հասնող վնասի հաշւոյն։ Դատավարութեան պատճառ հանդիսացած էր գովազդային այն քաղաքականութիւնը, որ վաճառանիշը կը ներկայացնէր իբրեւ առողջարար սնունդ[1][2]։

Պատմութիւն Խմբագրել

Նիւթելլային գիւտը տեղի ունեցած է 1806-ին, երբ Նափոլէոն Պոնափարթ կը դադրեցնէ քաքաոյի ներմուծումը Մեծն Բրիտանիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ բրիտանական առեւտուրն ու տնտեսութիւնը կասեցնելու նպատակով, որուն պատճառով քաքաոյին գինը կը բարձրանայ, ուստի տուրմ վաճառողները Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ, արտադրութիւնը բարձրացնելու նպատակով, տուրմին մէջ աղացած կաղին կ'աւելցնեն եւ կը կոչեն «Կանտուժա» (Ganduja): Անոր արտադրութիւնը կը դադրի, երբ առեւտուրը իր բնականոն վիճակին կը դառնայ:

Ամբողջ դար մը ետք, տուրմին գինը վերստին կը բարձրանայ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին եւ Հիթլերի ներխուժման պատճառով: Պատերազմը մեծ կորուստներ կը պատճառէ ընկերութիւններուն, ներառեալ Ferrero-ին, որուն սեփականատէր Փիետրօ Ֆերրերօն կը փորձէր փրկել իր ընկերութիւնը, ուստի ան կ'ընդունի այն գաղափարը, որ Իտալացի վաճառականները աղացած կաղին լեցնեն տուրմին մէջ:

1951-ին Միկել Ֆերերօն՝ Փիետրոյի որդին, կը մշակէ հօր բաղադրատոմսը՝ աւելցնելով իր սեփական դրոշմը:

1963-ին Միկել կ'որոշէ զայն տարածել ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Կազմը փոփոխութեան կ'ենթարկուի եւ կը վերանուանուի «Նիւթելլա»։

«Նիւթելլա»յի առաջին արկղը կ'արտադրէ Ալպայի գործարանը՝ 20 Ապրիլ 1964-ին: Վաճառանիշը մեծ ընդունելութեան կ'արժանանայ եւ մինչեւ օրս լայն տարածում ունի աշխարհի տարածքին:

5 Փետրուարը` «Նիւթելլա»յի միջազգային օր հռչակուած է[3]:

Նիւթելլային Պարունակութիւնը Խմբագրել

 
Կաղին
 
Արմաւենիի կարագ

Ըստ վաճառանիշին պաշտօնական տուեալներուն՝ Նիւթելլային հիմնական բաղադրամասերն են՝ շաքարը (կշիռքին 50%-էն աւելին) եւ բուսական իւղերը (մեծ մասամբ՝ արմաւենիի իւղը), որոնց կը յաջորդեն կաղինը, պինդ քաքաոն եւ ճարպազրկուած կաթը[4]։

Մէկ ապուրի դգալ Նիւթելլան 81 ջերմուժ կը պարունակէ, 8 կ շաքար, 1 կ բնասպիտ, 5 կ ճարպ[5]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել