Նոյեան տապան (դասական եբր.՝ תיבת נח‎, թեյվաթ նոահ), Ծննդոց գիրքին մէջ (6-9 գլուխներ) եւ աւելի ուշ գրի առնուած Ղուրանի մէջ (Հուտի եւ Ալ-Մումինուի սուրաներուն մէջ) նկարագրուած նաւ։

1846 նկար ամերիկացի ժողովրդական նկարիչ Էտուարտ Հիքսի գործերէն, որ կը պատկերէ կենդանիներուն Նոյեան Տապան բեռնելը զոյգերով։

Ըստ Աստուածաշունչի, Նոյ նահապետ կառուցած է տապանը Աստուծոյ հրամանով փրկելու զինք, իր ընտանիքը եւ երկիրի անասունները համաշխարհային Մեծ Ջրհեղեղէն։

Աստուածաշունչը կը նշէ նաեւ, որ ջրհեղեղէն ետք տապանը հանգչած է «Արարատի լեռներ»ուն վրայ (ի լերինս Արարատայ)։ Այնուհետեւ, «Արարատի լեռներ» արտայայտութիւնը Աստուածաշունչի մեկնաբաններուն կողմէ նոյնացուած է Արարատ լերան հետ։

ԺԹ. դարէն սկսեալ Նոյեան տապանը գտնելու յոյսով բազմաթիւ արշաւախումբեր բարձրացած են Արարատ լեռ։ Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորը գլխաւորած է ամերիկացի աստղագնաց Ճէյմս Ըրվին։

Աստուածաշնչեան պատմուածքներ

Խմբագրել

Ըստ Աստուածաշունչին, այդ օրերուն տեղի կ'ունենայ մարդուն բարոյական մեծ անկումը, երբ երկրի երեսին մարդիկ կը սկսին մտածել միայն չարագործութիւններուն մասին։

  Աստուած կը տեսնէ, որ մարդոց չարութիւնը շատցած է երկրի վրայ, եւ անոնց սիրտերը միշտ հակած են միայն դէպի չարը։ Ուստի Աստուած կ'ափսոսայ, որ երկրի վրայ ստեղծած է մարդը, ու ցաւ կը զգայ իր սիրտին մէջ:
- Ծննդոց 6:5,6
 


Այդ օրերուն Նոյ անունով մարդ մը կար, որ արդար ու մաքուր էր իր տեսակին մէջ եւ հաւատարիմ էր Տիրոջ.

  Այն ատեն Աստուած կ'ըսէ Նոյին. «Ամէն մարմինի վերջը եկած է, որովհետեւ անոնց պատճառով երկիրը բռնութեամբ լեցուած է, ուստի ես պիտի կործանեմ զանոնք երկիրին հետ միասին։ Քեզի համար տապան մը շինէ խիժաբեր ծառի մը փայտէն։ Տապանին մէջ բաժանմունքներ շինէ եւ զայն դուրսէն ու ներսէն կուպրով պատէ։ Այսպէս շինէ զայն. տապանին երկայնքը երեք հարիւր կանգուն, լայնքը՝ յիսուն կանգուն եւ բարձրութիւնը երեսուն կանգուն։ Տապանին համար ցոհար շինէ եւ աւարտէ զայն՝ վերէն մէկ կանգուն ձգելով։ Տապանին մուտքը կողմէն շինէ։ Տապանին մէջ ներքնայարկ շինէ, երկրորդ յարկ եւ երրորդ յարկ:
- Ծննդոց 6:13-16
 


Նոյ ամէն ինչ ըրած է ըստ Աստուծոյ պատուէրներուն։ Շինարարութեան աւարտէն ետք Աստուած Նոյին կ'ըսէ, որ մտնէ տապանին մէջ իր կնոջ եւ որդիներուն հետ եւ տապանին մէջ հաւաքէ մէկական զոյգ բոլոր անասուններէն։ Ան նաեւ պէտք է սնունդ հաւաքէ իրենց եւ անասուններուն համար։ Անկէ ետք, Աստուած ջուրով ծածկած է երկիրը. «ջուրերը այն աստիճան հեղեղեցին երկիրը, որ ծածկեցին երկինքի տակ գտնուող բոլոր բարձրաբերձ լեռները»[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Աստուածաշունչ, Գիրք Ծննդոց, Գլուխ 7-րդ

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել