Նորաձեւութեան շքերթ

Նորաձեւութեան շքերթ (ֆրանս․՝ défilé de mode, անգլ․՝ fashion show), հասարակութեան առջեւ զգեստներու, ներքնազգեստներու եւ կամ նաեւ յարակից իրերու գալիք նորաձեւութիւններու կենդանի տեսարան մը, ներկայացուած նորոյթ ստեղծողի մը կողմէ։

Նորաձեւութեան շքերթ, 2014, Պուէյնոս Այրես, Արժանթին

Տեղեկութիւններ Խմբագրել

Ներկայացում Խմբագրել

Նորաձեւութեան շքերթ մը տեղի կ՛ ունենայ զգեստներ եւ կամ յարակից ապրանքներ (կօշիկ, պայուսակ, զարդեր, եւայլն) ցուցադրող անձերու օգնութեամբ։ Ներկայացումը կրնայ տեւել մէկ օր, ինչպէս նաեւ մէկ շաբաթ՝ երբ կը ներկայացուին խումբ մը ստեղծողներու նորաձեւութիւնները։ Վերջինին պարագային այդ շաբաթը կը կոչուի Նորաձեւութեան Շաբաթ (Semaine de la mode / Fashion Week): Ամենազդեցիկ նորաձեւութեան շաբաթները Նիու Եորքի, Փարիզի, Միլանի, Լոնտոնի եւ Պերլինի շքերթներն են։

 
1921

Շքերթը կը կատարուի ընդհանրապէս շքեղ սրահներու մէջ, ծրագրուած շարքով՝ ըստ նորոյթ ստեղծողին որոշումին եւ կամ ըրած յայտարարութեան համաձայն։ Նորաձեւութեան շքերթները երբեմն կը կատարուին նաեւ բացօթեայ տեղեր, ինչպէս օրինակ հնագիտական վայրի մը մէջ, պատմական հրապարակի մը վրայ, ծովափի մը, զբօսանաւի մը մէջ, թանգարանի մէջ, եւայլն։

Պատմական ակնարկ Խմբագրել

Նորաձեւութեան ցուցահանդէսներ պարբերաբար կը կայանան Փարիզի սրահներուն մէջ, 1800-ական թուականներուն։ ԺԹ․ դարավերջին դէպի Ի․ դար, Փարիզի եւ Լոնտոնի սրահներուն մէջ նորոյթ ստեղծողները նորաձեւութիւնները իրենց յաճախորդներուն հանդիասաւոր կերպով կը ներկայացնեն։

1900-ական թուականներուն, ամերիկացի փոքրաքանակ վաճառականներ նորաձեւութեան շքերթի գաղափարը կը յղանան։ Ամերիկեան առաջին նորաձեւութեան շքերթը տեղի կ՛ ունենայ 1903-ին Նիու Եորք, «Իերլեչ Պրաթըրս» վաճառատան մէջ։

Եւրոպայի մէջ, ֆրանսացի դերձակուհի Լիւսի Քրիստինա Տաֆ Կորտոնն է որ նորաձեւութեան ներկայացումներուն կու տայ հանդիսաւոր եւ նոյնիսկ թատերական բնոյթ։ Առաջին ներկայացումը կը ներկայանայ «Յուզումի զգեստներ․ թատերական նախաբեմ» նիւթով (Gowns of Emotion. Proscenium)։ Յաջորդող տարիներուն ընթացքին նորաձեւութեան շքերթներուն կ՛ ընկերակցին երաժշտութիւնն ու լոյսի խաղերը (սրահի լուսաւորման)։ 1973-ին, Փարիզի մէջ առաջին անգամ Նորաձեւութեան Շաբաթը կը կայանայ․ երկու տարի ետք կը յաջորդէ Միլանոյի շաբաթը։

1980-էն ետք, բեմադրութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ շքերթներուն ընթացքին, տալով չափազանցուած երեւոյթ մը։ Իսկ անոնց հակապատկերն են բնակարաններու մէջ նորաձեւութեան պարզ ներկայացումները։

ԻԱ․ դարուն, միջազգային համբաւի արժանացած ստեղծողները, շքերթներուն մեծ մասը կը կատարեն յատուկ բեմադրութեամբ, փառաւոր ձեւով եւ ընդհանրապէս մեծածախս։

Պատկերասրահ Խմբագրել

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 100 գաղափարներ որոնք փոխեցին նորաձեւութիւնը, Երբ նորաձեւութիւնը տեսարան կը դառնայ(ֆր.)
  2. Նորաձեւութեան գաղտնիկները․ գիրք 14-2-2013, Փեռին հրատ․ (ֆր.)
  3. Նորաձեւութեան շքերթ․ հանդիսաւոր բեմադրութեամբ, Յունուար 2011(ֆր.)
  4. Նորաձեւութեան եւ Զգեստներու պատմութիւն, Տենիս Պրիւնա եւ Քլոէ Տեմեյ(ֆր.)[permanent dead link]
  5. Իվ Սան Լոռանի նորաձեւութեան շքերթը 29-1-1971(ֆր.)
  6. Նորաձեւութեան շքերթներու իսկական ծախսերը, Թյէպօ Տռոմառ, Challenges թիւ 352, 4-7-2013, էջ 22(ֆր.)
  7. փինթերեսթ - Ամառ 2000-ի նորաձեւութիւններ(ֆր.)
  8. 100 տարի նորաձեւութիւն, 15-10-2013, Քալի Պլաքմանի գիրքի ներկայացում (ֆր.)
  9. Լիւսի Ալեքսանտր․ Նորաձեւոթեան շքերթները՝ բեմադրութիւն, թատերախաղ․․, 28-4-2020 (ֆր.)[permanent dead link]
  10. Le Monde - Նորաձեւութեան շքերթներու պատմութիւնը(ֆր.)
  11. liberation - Մեծ շքերթներու դարաշրջանը, Փաքիթա Փաքէն եւ Սետրիք Սէն Անտրէ Փեռան, 7-3-2003(ֆր.)
  12. lexpress - Օլիվիէ Սայառ ընտրեց ամենագեղեցիկ շքերթները, 14-10-2009(ֆր.)
  13. Bradford(անգլերէն) Julie․ Նորաձեւութեան լրագրութիւն (2014)
  14. Տիլոն Սուզան, Նորաձեւութեան տեսչութեան գլխաւորները․․․2011
  15. Առաջին շքերթներւ, Ֆորթինի Ամանտա 8-2-2006