Նորայր Մանճեան

Քլինիքական Կենսաքիմիագիտութեան եւ Կենսագիտութեան տոքթոր


Տոքթոր Նորայր Մանճեան ծնած է 1951-ին, Լաթաքիա: Քլինիքական Կենսաքիմիագիտութեան եւ Կենսագիտութեան տոքթոր: Թարգմանիչ, մամուլի աշխատակից, «Քաջաց Մատեան» հատորի հեղինակ, գեղանկարիչ, հասարակական գործիչ:

Նորայր Մանճեան
Ծննդեան անուն Նորայր Մանճեան մկրտութեան անուն՝ Փանոս
Ծնած է 1951
Ծննդավայր Լաթաքիա, Սուրիա
Քաղաքացիութիւն Սուրիա
Մայրենի լեզու Հայ
Կրօնք Առաքելական
Կարողութիւն Թարգմանիչ, գեղանկարիչ, Մամուլի աշխատակից
Մասնագիտութիւն քլինիքական կենսաքիմիագիտութեան մագիստրոս, կենսագիտութեան տոքթոր
Գործունէութիւն Սեփական տարրալուծարան, Սուրիա-Լաթաքիա:
Ամուսին Կինը՝ Տօքթոր Սօսի Հրաչիկի Գյոկչեան
Ծնողներ Թովմաս Փանոս Մանճեան եւ Զարուհի Ծաղիկ Գատիեան-Մանճեան
Երեխաներ Երկու որդի

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Տոքթոր Նորայր Մանճեան ծնած է 1951-ին, Լաթաքիա, Սուրիա: Արմատներով մուսալեռցի են: Ծնողքը Մուսա լեռան Վագըֆ գիւղէն եղած են. հայրը՝ Թովմաս Փանոս Մանճեան (1907-1979), մայրը՝ Զարուհի Ծաղիկ Գատիեան (1914-1993):

Մանկապարտէզէն մինչեւ նախակրթարան յաճախած է Լաթաքիոյ Ս. Յակոբեանց Ազգ. Վարժարանը եւ զայն աւարտած 1963 ին: Այդ տարիներուն, վարժարանի տնօրէնն էր Արամ Սարգիսեանը, իսկ մանկապարտէզպանուհին՝ տիրամայր Սիրվարդ Փոլատեան Սարգիսեանը: Գծագրութեան ուսուցիչը եղած է Վահէ Արամ Սարգիսեան, ներկայիս Մ. Նահանգներու մէջ՝ գիտնական: Հայոց պատմութեան ուսուցիչն էր Յարութիւն Նաճարեան, գրող Ձորեցին եւ վարպետ գծագրիչ: Հայոց լեզու եւ գրականութեան ուսուցիչն էր գրող Յակոբ Սահակեանը: Անգլերէն լեզուի ուսուցիչն էր Միսակ Ջուլֆայեանը:

Միջնակարգ ուսումը ստացած է եւ աւարտած Լաթաքիոյ «Օրթոտոքս Քըլլիէ»ի մէջ, 1966-ին: 1966ին, երկրոդական ուսումը ստացած նահատակ Ժուլ Ժամալ անուան վարժարանին մէջ, Լաթաքիա:

Տոքթոր Նորայր Մանճեանի կինը Երեւան ծնած եւ բժշկական գիտութիւններու Տօքթոր Սօսի Հրաչիկի Գյոկչեանն է, որ աւարտած է Երեւանի Պետական Բժշկական Հիմնարկը որպէս INTERNIST: Տօքթոր Սօսի Հրաչիկի Գյոկչեան ունի գիտական տասնեակ յօդուածներ եւ 2003 ին հրատարակած է «Առողջ Ապրելակերպ» գիրքը, 3 բաժին ԿԷՏԱԲՈՒԺՈՒԹԻՒՆ-Բուսաբուժութիւն-Եօկա:

Բարձրագոյն Ուսում Խմբագրել

Տոքթոր Նորայր Մանճեան աւարտած է Դամասկոսի համալսարանը Կենսաքիմիագիտութեան լիսանսով, 1979-ին, որմէ ետք աւարտած է Երեւանի Պետական Բժշկական հիմնարկը՝ քլինիքական կենսաքիմիագիտութեան մագիստրոս վկայականով, 1984 ին, իսկ կենսագիտութեան տոքթորականը ստացած է Երեւանի Պետական Համալսարանէն, 1987ին [1]:

Գիտական աշխատանքները կատարած է Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան Լ.Ա. Յովհաննիսեանի Անուան Սրտաբանական Հիմնարկի Տարրալուծարաններուն մէջ, Փրոֆ. Նուպար Լ. Ասլանեանի ղեկավարութեամբ: 1987 էն ի վեր կը գործէ իր տարրալուծարանի մէջ, Սուրիա-Լաթաքիա:

Ուսուցչական Ասպարէզ- Դամասկոս Խմբագրել

Ուսուցչութեամբ զբաղած է համալսարանի տարիներուն, երբ կը դասաւանդէր Դամասկոսի Ազգ, Զաւարեան Վարժարանին մէջ, որ հիմնուած է 1951-ին, Պապ Թումա՝ նախակրթարանի 5րդ եւ 6րդ դասարանի աշակերտներուն դասաւանդելով գիտութիւն: Նոյն ժամանակ, հայոց լեզու եւ գրականութիւն կը դասաւանդէին ներկայիս բժիշկներ տոքթ. Մանուէլ Իսկենտերեան եւ տոքթ. Սարգիս Գազանճեան, իսկ անգլերէն կը դասաւանդէր Եփրաքսէ Լիզ Ներսէսեանը: Այն տարիներուն, վարժարանի փոխ արտօնատէրն էր Դամասկոսի թեմի ազգային իշխանութեան անդամ երեսփոխան Նիկողոս Պոյաճեանը, իսկ Դամասկոսի թեմի առաջնորդն էր Գերշ. Ոսկան Արք. Գալփաքեանը: 1979 ին Դամասկոսի Ազգ. Զաւարեան Վարժարանի աշակերտութիւնը միացաւ Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ Վարժարանին[1]:

Մամուլի աշխատակից Խմբագրել

Արաբերէն եւ հայերէնով ունի տասնեակ ազգային, մշակութային, հոգեւոր նիւթերու շուրջ յօդուածներ «Ազդակ»ի արաբերէն բաժնին[2] , «Զարթօնք»ի, «Արարատ»ի եւ «Գանձասար»ի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ելեկտրոնային հարթակներու վրայ:

Թարգմանութիւններ Խմբագրել

Արաբերէնի թարգմանած է «Առողջ Ապրելակերպ» գիրքը՝ 3 բաժին ԿԷՏԱԲՈՒԺՈՒԹԻՒՆ-Բուսաբուժութիւն-Եօկա, որ հրապարակուած է Դամասկոսի յայտնի մաթեմաթիկոս դոկտոր Ալ Ամրանի مجلة الخيال العلمي մէջ, հետեւեալ հրատարակութիւններով՝ 2009 Յուլիս_թիւ12, 2011 Յունիս Թիւ35, 2011 Հոկտեմբեր թիւ39:

Հրատարակութիւններ եւ Գիտական Յօդուածներ Խմբագրել

Տոքթոր Նորայր Մանճեան իր բանաստեղծութիւնները հրատարակուած են 2013-ին, «ՔԱՋԱՑ ՄԱՏԵԱՆ» խորագրով գիրքին մէջ, Հալէպ, Սուրիա, ԳԱՆՁԱՍԱՐ Շաբաթաթերթի տպարան[3]: Բանաստեղծութիւնները հրատարակուած են նաեւ մամուլի հարթակներու վրայ:[4] [5]

Ունի տպագրուած աւելի քան հարիւր գիտական յօդուած, որոնք լոյս տեսած են Հայաստանի Առողջապահութեան հանդէսին, ինչպէս նաեւ` Ռուսական «Медтехника» եւ ամերիկեան Chronobiology գիտական հանդէսներուն մէջ: Տասնեակ գիտական յօդուածներ հրատարակուած են Սուրիական Մշակութային նախարարութեան հանդէսին մէջ՝ « Ալ Խայալ Ալ Իլմի», Ինչպէս նաեւ՝ Դամասկոսի Համալսարանի «Ատան Իլմի» հանդէսին մէջ:

Ազգային Գործունէութիւն Լաթաքիոյ Համայնք Խմբագրել

Որպէս Լաթաքիոյ հայ համայնքի զաւակ ազգանուէր գործունէութիւն տարած է որպէս ատենադպիր 11 տարիներ շարունակ: Եղած է Լաթաքիոյ Հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի Ատենադպիր: Այդ ժամանակարջանին, վերանորոգուած է հնադարեան եկեղեցին եւ Ս. Յակոբեանց Վարժարանը, որուն կամարներուն վրայ կառուցուեցաւ երեք յարկանի արդիական միջնակարգ դպրոցը: Այդ շինարարութեան մասին մանրամասն գրած է տասնեակ յօդուածներ Հալէպի «Գանձասար» Շաբաթաթերթին մէջ:

Յիշեալ ծրագրի իրականացման ասպետական ներդրումը ունի Լաթաքիոյ փոխ նահանգապետ եւ թաղականութեան ատենապետ երկրաչափ Պօղոս Ղազարեան եւ շրջանի երեփոխան Երջանիկ Կարպուշեան: Շինարարական աշխատանքին անձամբ հետեւած է Բերիոյ թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Սուրէն Ս.Արք. Գաթարոյեանը: Վերանորոգութեան աշխատանքին հետեւած էր եւ տեսած եկեղեցւոյ վերանորոգումը Տ. Դանիէլ Ա. Քհնյ.Գէորգեանը՝ նախքան իր վախճանումը Օգոստոս 1998-ին, դպրոցի շինութեան աւարտէն առաջ: Դպրոցի շինութեան հետեւած է նաեւ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ հաստատութեան հայկական բաժնի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանը:

Գծագրութեան եւ Գեղագրութեան Արուեստ Խմբագրել

Տոքթոր Նորայր Մանճեան կը տիրապետէ Գծագրութեան եւ Գեղագրութեան հայկական եւ արաբական տառերու Ձեռագրութեան: Ունի բազմաթիւ գեղանկարչական գործեր: Պետական Երկրորդական ուսումնական տարիներուն իր գծագրութեան ուսուցիչ եղած է գրող, վիպագիր վարպետ գեղանկարիչ Զաքարիա Շրէքի: Անդամակցած է դպրոցի Գծագրութեան եւ Գեղագրութեան Խումբին:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել