Նունէ Սարգսեան (26 Մարտ 1954(1954-03-26), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի կինը։ Արուեստաբան, գրող[1]:

Նունէ Սարգսեան
 
Կրթութիւն՝ ԵՊՀ ռոմանագերմանական բանասիրության ֆակուլտետ‎?
Գոլդսմիթի համալսարան?
Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն՝ բանասէր, մանկագիր, քաղաքական գործիչ
Ծննդեան օր 26 Մարտ 1954(1954-03-26) (70 տարեկան)
Ծննդավայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Ամուսին Արմէն Սարգիսեան
 
Կայք՝ nounehsarkissian.com
 
Պարգեւներ

Ասպետական մեծ խաչի շքանշան. «Իտալիոյ Հանրապետութեան ունեցած վաստակին համար»

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Նունէ Սարգսեանը ծնած է 26 Մարտ 1954-ին, Երեւան։ Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի ռոմանա-գերմանական լեզուներու բաժինը։ Աշխատած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկին՝ Մատենադարանին մէջ։ Աւարտած է Լոնտոնի համալսարանի Գոլդսմիթս քոլեջը եւ ստացած արուեստի մագիստրոսի կոչում: Արուեստաբանութիւն ուսանած է նաեւ Լոնտոնի Սոթբիզ ինստիտուտին մէջ: Այնուհետեւ սորված է Ուեսթմինսթեր քոլեջի նկարչական բաժնին մէջ:

Հեղինակ է ժամանակակից արուեստի, մշակոյթի եւ երաժշտութեան գործիչներու մասին բազմաթիւ յօդուածներու եւ ակնարկներու, որոնք տպագրուած են Հայաստանի, ԱՄՆ-ի, եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ: Կազմակերպած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ դասական երաժշտութեան համերգներ տարբեր համերգասրահներու մէջ:

Հեղինակ է երկու տասնեակից աւելի մանկական գիրքերու՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Անոր հեքիաթները լոյս տեսած են ոչ միայն արեւելահայերէնով ու արեւմտահայերէնով, այլ նաեւ՝ Արցախի, Գաւառի, Գիւմրիի բարբառներով:

Նունէ Սարգսեանը ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի կողմէ նշանակուած է երեխաներու իրաւունքներու արտակարգ պաշտպան:

Ստեղծագործութիւններ Խմբագրել

Դեռեւս համալսարանական տարիներէն յօդուածներ կը գրէ արուեստի, երաժշտութեան եւ մշակոյթի մասին, ինչպէս նաեւ հեքիաթներ ու պատմութիւններ երեխաներու համար: Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Նունէ Սարգսեանը կ՚արտայայտէ իր անսահման սէրը մանուկներուն հանդէպ: Անոր պատմութիւնները կը «քարոզեն» արդարութիւն, ազնուութիւն եւ բարութիւն, կը գրուին արեւելահայերէնով ու արեւմտահայերէնով, անգլերէնով ու ռուսերէնով, նաեւ՝ բարբառներով եւ որպէս նուէրներ՝ կը բաժանուին երեխաներուն[1]:

  • Թզուկ-մզուկ
  • Սադափ
  • Հերոսներ
  • Երեք վիշապներ
  • Վիշապ Նեսին
  • Նռան հատիկներ
  • Թագաւորն ու վիշապը
  • Քաչալ ոզնին
  • Թէ ինչպէս փղիկը ճիշտ շնչել սովորեց
  • Կափիղկա
  • Դաւիթ, Հայկ եւ Բազիլիսկուս
  • The Magic Buttons, ISBN 9780704373839

Ընտանիք Խմբագրել

1978 -ին ամուսնացած է Արմէն Սարգսեանի հետ: Ունի երկու որդի՝ Վարդան եւ Հայկ Սարգսեանները, երեք թոռնիկ[2]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 Մանկագիր Նունէ Սարգսեան. անգլերէնէն մինչեւ Ղարաբաղի բարբառ
  2. Writer and ambassador’s wife Nouneh Sarkissian on her journey from Soviet Armenia to London

Արտաքին յղումներ Խմբագրել