Շաւարշ Քահանայ Պալըմեան

Շաւարշ Քահանայ Պալըմեան, 15 Սեպտեմբեր, 1915, Զառա, Սեբաստիա  - 10 Յունիս, 1993, Պոլիս․ հոգեւորական, հասարակական գործիչ, ուսումնասիրող եւ յօդուածագիր։  Տէր Շա­ւարշ քա­հանայ Պա­լըմեան գործած է նաեւ իբրեւ գաւառի շրջուն հովիւ եւ այդ շրջա­գայու­թիւննե­րուն ըն­թացքին նկա­տած եւ մատ­նանշած խնդիր­նե­րը, կատարած ուսումնասիրութիւններն ու պեղումները հրատարակած է յօդուածաշարքերով Պոլսոյ հայկական մամուլի էջերէն։

Շաւարշ քհնյ․ Պալըմեան
Ծննդեան անուն Ցաւակ Պալըմեան
Ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1915
Ծննդավայր Զառա, Սեբաստիա
Մահացած է 10 Յունիս 1993
Մահուան վայր Պոլիս
Քաղաքացիութիւն թրքական
Ազգութիւն հայ
Երկեր/Գլխաւոր գործ Ու ես կ՛ երթամ, Գաւառէն ձայներ
Վարած պաշտօններ հոգեւորական
Զառա գիւղի բնութիւնը

Գաւառ․ հայկական գրականութեան ու պատմագրութեան մէջ կը գործածուի նաեւ ներկայացնելու համար Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայկական շրջանները։ Ինչպէս օրինակ՝ «գաւառի հայ բնակչութիւնը», «գաւառի եկեղեցական կեանքը», եւայլն։

Կենսագրական գիծեր Խմբագրել

Շաւարշ քհնյ․Պալըմեան, աւազաի անունով՝ Ցաւակ, ծնած է 1915-ին, Սեբաստիոյ հայաշատ Զառա գիւղին մէջ, ըստ իրեն «Անշուք ծնունդ մը»։ Ծնած չէր տակաւին, երբ հայրը՝ դերձակ Գրիգոր Պալըմեան, Ցեղասպանութեան զոհ կ՛ երթայ։ Մանկութեան տարիները շատ դժուար կ՛ անցընէ․ «Եւ ահա ես, հայրական գորգուրանքի կարօտ, ազգական ու բարեկամներու խնամքին ենթակայ՝ կը մեծնայի։․․․Գիշերները սենեակներու մէջ հաւաքուած, վառարանին մէջ ճարճատող փայտերու նուագին ընկերակցութեամբ, լամբարի աղօտ լոյսին տակ, անցեալէն յուշեր կը պատմէին։ Մենք ալ անկիւն մը նստած մտիկ կ՛ ընէինք։ Հալածանքներէն ճողոպչածները ակամայ իսլամացեր էին։ Բայց գիշերները դռներն ու պատուհանները փակելով ու իրենց գլխու փաթթոցները մէկ կողմ շպրտելով, հազիւ լսելի ձայնով կ՛ աղօթէին։․․․Գիշերները քրիստոնիայ, իսկ ցերեկները իսլամ կ՛ ապրէինք։ Երջանիկ օր մը Զատիկ հօրեղբայրս առանց փաթթոցի տուն եկաւ ու ուրախ խապրիկը բերաւ։  ․․․ Այլեւս ազատօրէն քրիստոնեայ ապրելու արտօնութիւն շնորհուեր էր․․․։» («Ու ես կ՛ երթամ», Ինքնակենսագրական գլուխ, էջ 233 – 256)։

 
Սկիւտար․ նկար՝ 2000-ի

Կը յաճախէ ծննդավայրի դպրոցը։  1930-ին մայրը՝ Անթիքա, կը մահանայ։ Հօրենական հարազատի մը շնորհիւ կ՛ ընդունուի Պոլսոյ Գարակէօզեան որբանոցը, ուրկէ շրջնաւարտ կ՛ ըլլայ 1934-ին։ Ապրուստը ճարելու համար, զանազան աշխատանքներ կ՛ ընէ, որոնք սակայն յարատեւութիւն չեն ունենար։ 

Կ՛ ընդառաջէ հարազատներու պատուէրին եւ երեք տարի քահանայական լսարանի կը հետեւի (հիմնուած Գարեգին Արք․ Խաչատուրեան Պատրիարքութեան առաջին տարին) եւ Ս․ Խաչ Դպրեվանքի բացման օրը՝ 7 Մարտ 1954, քահանայ կը ձեռնադրուի։

Առաջին անգամ պաշտօնի կը կոչուի Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին։ Գարեգին Խաչատուրեան Պատրիարքի մահէն ետք, յանձն կ՛ առնէ գաւառի շրջուն հովիւի պաշտօնը՝ հաստատուած Խաչատուրեան Պատրիարքին կողմէ։

Շրջուն հոգեւոր հովիւ Խմբագրել

 
Անաւարզա բերդ, Կիլիկիա, ուր Շաւարշ քհնյ․ մինակը կը բարձրանայ եւ ըրած ուսումնասիրութիւնները ու նկարահանումները ունին խիստ կարեւորութիւն (դեռ կիսականգուն էին միջնաբերդի երեք եկեղեցիները, եւայլն), նամանաւանդ Լեւոն թագաւորի ձգած արձանագրութիւնը։

1960-ականներէն սկսեալ գաւառի տարբեր քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ՝ ուր տակաւին իրենց ինքնութիւնը պահպանող հայեր կային, շրջուն հոգեւոր հովիւ կը դառնայ․ ինչպէս օրինակ՝ Ատանա, Սիս, Մարտին, Եդեսիա (Ուրֆա), Տիյարպեքիր (Տիգրանակերտ), Էլազըղ, Խարբերդ, Բերդակ, Բալու, Մալաթիա, Մուշ։  Գա­ւառին կարիքները կը մատնանշէ եւ  զա­նազան օրի­նակ­նե­րով կը վկա­յէ ժո­ղովուրդին այդ փա­փաքը։

Ուսումնասիրող եւ Յօդուածագիր Խմբագրել

1960-ականներէն սկսեալ, այդ վտանգաւոր տարիներուն, Շաւարշ քհնյ․Պալըմեան իբրեւ գաւառի հոգեւորական, անվարան կը շրջի Պատմական Հայաստանի շրջանները եւ կը բնու­թագրէ այդ վայ­րե­րու ճար­տա­րապե­տական հսկայ ժա­ռան­գը․ հինաւուրց քաղաքներն ու գիւղերը, կը բարձրանայ հայրենի լեռները, ձորերը կ՛ իջնէ, կը տեսնէ ու կը նկարէ դեռ կանգուն կամ կիսականգուն մնացած հսկայ վանքերը, բերդերը։ Պեղումներ եւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ ու անոնց յատակագիծը կը գծէ։ Կ՛ արձանագրէ գաւառի զանազան շրջաններուն մէջ հայ բնակչութեան պահած դարաւոր աւանդութիւններն ու անոր կողմէ երգուած դարաւոր երգերը։

Այդ բոլոր աշխատանքը կը վկայագրէ մամլոյ էջերուն վրայ տպագրած յօդուածաշարքերով, տակաւին անտիպ ու անմշակ սեւագրութիւններով, ինչպէս նաեւ խօսուն լուսանկարներով։

Ընտանիք Խմբագրել

1940-ին կ՛ ամուսնանայ Մարիամ Դարբինեանին հետ ու կը բախտաւորուի մանչ զաւակով մը։ 

 
Պոլսոյ Ս․ Փրկիչ հիւանդանոցը

Մահը Խմբագրել

Շաւարշ քհնյ․Պալըմեան 1 Փետրուար 1993-ին կաթուածահար կ՛ ըլլայ ու չորս ամիս կը խնամուի Պոլսոյ Ս․ Փրկիչ հիւանդանոցը։ Աչքերը կը փակէ 10 Յունիս 1993-ին, 78 տարեկանին։ Յուղարկաւորութիւնը կը կատարուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցին եւ կը թաղուի Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատան քահանաներու յատուկ թաղը։

Հրատարակութիւններ Խմբագրել

Շաւարշ քահանայ Պալըմեանի մահէն տարիներ ետք, «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս կ՛ ընծայէ անոր ճանապարհորդութիւններու յուշագրութիւնները «Ու Ես Կ՚երթամ» եւ «Գաւառէն Ձայներ» գիրքերով։ Հատորներուն մէջ գործածուած են նաեւ տէր հօր արխիւէն անձամբ իր կողմէ նկարուած լուսանկարներ։

«Ու Ես Կ' երթամ» Խմբագրել

«Ու Ես Կ՚ երթամ»ի մէջ մէկտեղուած են Տէր Շաւարշի «Մարմարա» թերթին մէջ հրատարակուած գրութիւնները։ Գիրքին յաւելուածի բաժնին մէջ, կ' արտայայտուի իր զաւակը բժիշկ Պարգեւ Պալըմեան «Յիշողութենէս հատուածներ հօրս կեանքի ոդիսականէն» գրութեան մէջ:

Հատորը կը բովանդակէ Շաւարշ Քահանայ Պալըմեանի ստորագրութեամբ 1964 -1970ի միջեւ «Մարմարա» օրաթերթի մէջ համանուն խորագրին ներքեւ լոյս տեսած 57 գրութիւններ, որոնք մեծամասնութեամբ արդիւնքն են քահանայական պաշտօնով դէպի գաւառ՝ յատկապէս դէպի հարաւային եւ արեւելեան նահանգներ կատարած իր ճամբորդութիւններուն: Անոնք տեսակ մը պատմագրութիւն են, որովհետեւ կը ներկայացնեն այսօր գրեթէ ամայացած «հայ Անատոլու»ի հարազատ մէկ նկարը։ 

«Գաւառէն Ձայներ» Խմբագրել

«Գաւառէն Ձայներ»ու մէջ մէկտեղուած են Շաւարշ Քահանայ Պալըմեանի ստորագրութեամբ «Ժամանակ»ի էջերուն վրայ Դեկտեմբեր 1962 - Ապրիլ 1963 թուականներուն լոյս տեսած իր գրութիւնները «Գաւառէն ձայներ» խորագրին տակ։

Շաւարշ քահանայի «Գաւառէն Ձայներ» հաւաքածոյին մէջ տեղ գտած յուշագրութիւնները կը սկսին Կիլիկիոյ շրջանէն՝ Ատանա եւ Սիսէն։ Ան հնագէտի մը բծախնդրութեամբ կը բնութագրէ այցելած, պեղած եւ ուսումնասիրած վայրերը։ Ապա կ՛ ուղղուի Տիգրանակերտ, ուր մեծ եռանդով կը դրուատէ տեղացի ժողովուրդին ազնիւ բնաւորութիւնը։ Հիացումով կ՚ արտայայտուի եօթնախորան Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ փառաւոր շինութեան մասին եւ կրկին հնագէտի մը նման կը վերծանէ հնամաշ արձանագրութիւնները։

[1][2][3][4][5]

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Մկրտիչ Մարկոսեան

Աղբիւրներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել