Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/01-2021

Ամանոր, Կաղանդ, տօն, կը նշուի տարբեր ժողովուրդներու կողմէ ընդունուած օրացոյցին ընթացիկ տարուան վերջին օրուան եւ յաջորդ տարուան առաջին օրուան գիշերը։

Նոր Տարին նշելու սովորութիւնը գոյութիւն ունէր Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակին Միջագետքի մէջ։

Ամանորին կը նշուի տարուան սկիզբը։ Տարին ժամանակի սահմանն է։ Ասիկա այն ժամանակաշրջանն է, որու ընթացքին Երկիր մոլորակը ընդհանուր պտոյտ մը կը կատարէ Արեւուն շուրջ։ Երկիրին կատարած շրջապտոյտը հաւասար է 934 միլիոն Քիլոմեթրի, որ կը կատարուի մեծ արագութեամբ։

Աշխարհի երկիրներուն մեծ մասը Ամանորը կը նշէ 1 Յունուարին, որ, ըստ Գրիգորեան օրացոյցին, տարուան առաջին օրն է։ Կարգ մը երկիրներ Ամանորը կը տօնեն ըստ Լուսնային օրացոյցին․․․Աւելին