Ուղտերը (լատ.՝ Camelus[1][2]) կը պատկանին կոշտուկաւորներու ենթակարգին։ Մեծ անասուններ են։ Կը բնակին անապատներու, կիսանապատներու եւ տափաստաններու մէջ։ Ներկայիս գոյութիւն ունի ուղտերու երեք տեսակ՝

  • Երկսապատաւոր ուղտեր (Camelus bactrianus)
  • Միասապատաւոր ուղտեր՝ Արաբական ուղտերը (dromedarius)։
  • Վայրի ուղտեր (Camelus ferus) ։

Վերջինս նախապէս կը համարուէր երկսապատաւոր ուղտի վայրի նախնին, այնուհետեւ ենթատեսակը (Camelus bactrianus ferus), սակայն 2007-2010 թուականներուն կատարուած հետազօտութիւններու հիման վրայ, այս անասունները առանձնացած են իբրեւ ինքնուրոյն տեսակ։ Հարկ է նշել, որ վայրի ուղտը ներկայիս գոյութիւն ունեցող տեսակներէն միակն է, որ իսկապէս վայրի է, միասապատ եւ երկսապատ ուղտերը ծանօթ են կամ իբրեւ ընտանի կամ վայրիացած։

Հետաքրքրական փաստեր Խմբագրել

  • Ուղտերուն մարմինը կը յարմարի անապատի կեանքին: Գլխուն, վիզին եւ մէջքին երկար ու կոպիտ մազերը կը պաշտպանեն անոր կաշին արեւու այրող ճառագայթներէն:
  • Անապատները անհանգստութիւն չեն պատճառեր ուղտերուն: Անոնք կը շնչեն ռունգերը ամուր փակած, եւ աւազը ներս չի թափանցեր, իսկ երկար թարթիչները քամիներու ընթացքին աչքերը կը պաշտպանեն աւազէն:
  • Անոնք կրնան օրերով, նոյնիսկ ամիսներով ջուրի կարիք չզգալ, եթէ ուտելու բուսականութիւն կայ: Ջրհորներու կամ ջրափոսերու շուրջը արագ մեծ քանակութեամբ ջուր խմելով` ուղտերը կը լիցքաւորեն իրենք զիրենք:
  • Մարմինին երկարութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ 3,5 մ-ի։
  • Էգերը կը կշռեն 430-450 քկ, իսկ արուները՝ 450-500 քկ։
  • Անոնց կեանքին տեւողութիւնը 35-40 տարի է:
  • Ուղտերը կը ծնին առանց սապատի:
  • Ուղտերը կրնան մէկ շունչով խմել մինչեւ 145 լիթր ջուր:
  • Ուղտը կրնայ գրեթէ առանց կերի ու ջուրի օրեր շարունակ քալել կիզիչ արեւուն տակ՝ օրական յաղթահարելով 80-90 քմ ճամբայ:
  • Ուղտերը նշանաւոր են իրենց համբերութեամբ[3]:
  • Անոնք դաժանօրէն կրնան հարուածել զիրենք անհանգստացնողը:
  • Գիշերները ուղտերուն տէրերը իրենց ոտքերը ամուր կը կապեն, որպէսզի անոնք չփախչին:
  • Ուղտը կրնայ ուտել ամէն ինչ, նոյնիսկ շատ կոշտ փուշեր, եւ անոր շրթները ոչ մէկ ձեւով կը վնասուին:
  • Ուղտերը նստակեաց են, սակայն անապատի մէկ շրջանէն միւսը կրնան տեղափոխուիլ:

Անուան ստուգաբանութիւն Խմբագրել

Լատինական Camelus անուանումը ծագած է յունարէն «κάμηλος», «ժամալ»[4] (արաբերէն՝ جَمَل‎‎, ивр. ‏גמל‏‎‎‎) բառերէն։

Արաբերէն «ժամալ» (‎‎جَمَل‎‎) բառը գեղեցկութիւն կը նշանակէ:

Տարածուածութիւն Խմբագրել

Ուղտերը տարածուած են միայն անապատային գօտիին տափաստանային եւ չոր տարածքներուն մէջ: Անոնք չեն կրնար ապրիլ խոնաւ վայրերու կլիմայի կամ լեռներու մէջ։ Ընտելացուած պայմաններուն ուղտերու երկու տեսակը, Հին աշխարհի մէջ, տարածուած էր Ասիոյ եւ Ափրիկէի բազմաթիւ մասերուն մէջ։ Տրոմետարներուն կարելի է հանդիպիլ Ափրիկէի հիւսիսը, Արաբական թերակղզիին մէջ եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ։

ԺԹ. դարուն անոնք տեղափոխուած են Աւստրալիա[5], ուր արագ յարմարած են տեղական կլիմայական պայմաններուն եւ այսօրուան դրութեամբ, ըստ քանակի անոնց թիւը հասած է 50 հազարի։

Ուղտերու տեսակներ Խմբագրել

Պաքթրիան ուղտեր Խմբագրել

 
Պաքթրիան ուղտեր

Կեդրոնական Ասիոյ մէջ բնակող երկսապատանի ուղտ Պաքթրիանը (Bactrian camel Central Asia) (Camelus bactrianus) ընտելացուած է հեռաւոր նախնիներու կողմէ։

Մոնկոլիոյ եւ Արեւելեան Չինաստանի անապատներուն մէջ մինչեւ օրս կարելի է հանդիպիլ վայրի Պաքթրիան ուղտերու, ուր անոնք առաջին կարգին կը դիմագրաւեն ջուրի անբաւարարութիւնը, քանի որ անապատներու մէջ մարդը առաջին հերթին կ'օգտագործէ բաց աղբիւրները։

Աշխարհի տարածքին կայ շուրջ 19 միլիոն ուղտ, որմէ 14,5 միլիոնը կ'ապրի Ափրիկէի մէջ։ Միայն Սոմալի մէջ անոնց թիւը կը հասնի 7 միլիոնի, իսկ Սուտանի մէջ՝ 3,3 միլիոնի։

Տրոմետար ուղտեր Խմբագրել

 
Տրոմետար

Վայրի միասապատ տրոմետար ուղտերէն (Dromedary / Arabian camel) (Camelus dromedarius) մեր օրերուն չեն պահպանուած։

Աւստրալիոյ կեդրոնական շրջաններուն մէջ կարելի է հանդիպիլ վայրի ուղտերու, որոնք սահմանափակ գործօններու բացակայութեան պատճառով անկանոն կը բազմանան։ Հին աշխարհի լայնարձակ տարածութիւններու չոր եւ տաք կլիմայական պայմաններու մէջ տրոմետար ուղտերը կարեւոր դեր կը կատարեն տնտեսական աճի ապահովման մէջ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Herper Douglas։ «camel»։ Online Etymology Dictionary (անգլերէն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 27 Սեպտեմբեր 2013-ին։ արտագրուած է՝ 28 Նոյեմբեր 2012 
  2. «camel»։ The New Oxford American Dictionary (2nd հրտրկթն․)։ Oxford University Press, Inc։ 2005 
  3. Ուղտերը
  4. Oxford English Dictionary, 2nd edition, entry camel (noun)
  5. Government Northern Territory (2015-08-17)։ «Feral camel»։ nt.gov.au (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 19 Սեպտեմբեր 2022