Չինական վարդ կամ չինական հիպիսքուս (լատ.՝ Hibiscus rosa-sinensis), կը պատկանի տուղտազգիներու ընտանիքին, ցած ծառեր են, թուփեր, խոտաբոյսեր։ Ցեղը կ'ընդգրկէ շուրջ 150 տեսակ։

Մշտադալար թուփ է մինչեւ երեք մ. բարձրութեամբ, հարթ փայլուն մուգ կանաչ տերեւներով, ծաղիկներու տրամագիծը կը կազմէ 16 սմ[1]։ Չինական վարդի հայրենիքը հարաւային Չինաստանն է եւ հիւսիսային Հնդկաստանը։

Կենսաբանական նկարագիր Խմբագրել

 
Չինական Վարդ

Մինչեւ 4 մ. բարձրութեամբ ծառ է կամ թուփ։ Ծաղիկները մեծ են, մէկ հատիկ, վառ կարմիր, նարնջագոյն կամ դեղին, թոյլ բուրաւէտ։ Ծաղկաթերթիկները թիւով հինգ են, ձագարաձեւ՝ միաձուլուած, բազմաթիւ ոսկեգոյն առէջները կը կազմեն սնամէջ գլան, որ աւելի երկար է, քան ծաղիկի տրամագիծը՝ 10 - 16 սմ.։

Սենեկային բոյսերու բարձրութիւնը կրնայ հասնիլ 11,5 մ.-ի։ Բոյսին գեղեցիկ ծաղիկներուն կեանքի տեւողութիւնն է ընդամէնը 36 ժամ։ անոնց գրեթէ անմիջապէս կը փոխարինեն նորերը։

Պատմութիւն Խմբագրել

 

Մալիզիոյ մէջ կը համարեն, որ սերտ աճած ծաղկաթերթիկները կը խորհրդանշեն իսլամական հինգ պատուիրանները, կը համարուին ազգային ծաղիկ, որ կը խորհրդանշէ երկիրը, նկարազարդուած է մետաղադրամի[2] վրայ, հնդիկները կը հիւսեն ծաղիկը հարսանեկան պսակի մէջ։ Բոյսի տարածման մասին կը վկայեն բազմաթիւ այլ անուանումները՝ «փարաւոններու ըմպելիք», «Սուտանի վարդ», «Վենետիկի տուղտ», «Կարմիր աւելուկ»։

Կազմուածք Խմբագրել

 

Չինական վարդերը կը պարունակեն սպիտակուցներ, կիտրոնաթթու եւ խնձորաթթու, կենսանիւթ, մեծ քանակութեամբ հականեխիչ նիւթեր, բուսական ներկանիւթեր եւ հակաօքսիտաններ։ Տերեւը նոյնպէս հարուստ է օգտակար նիւթերով. կը պատրաստեն աղցաններ։

Կիրառութիւն Խմբագրել

 

Չինական վարդի ծաղկաթերթիկները կը պատրաստեն Եգիպտոսի մէջ կարկաթէ թէյը։ Ըստ «ֆենշույ» ուսուցման՝ չինական վարդը բնակարանը կը լեցնէ դրական ուժով, կը պաշտպանէ ընտանիքը անախորժութիւններէ, կ'ամրացնէ ամուսնական կապերը։ Անիկա կը խթանէ ընտանիքեւ մտաւոր գործունէութիւնը, կը տրամադրէ ստեղծագործ աշխատանքի։ Յայտնի է, որ բոյսերը կը հաղորդակցին իրարու հետ որոշակի յաճախականութիւն եւ երկարութիւն ունեցող ելեկտրական ալիքներու միջոցով։

Սերմերը կ'օգտագործեն հրուշակեղէնի վրայ ցանելու համար, կը խառնեն սուրճին եւ ապուրներուն։ Ունի լուծողական ներգործութիւն։

Բժշկութեան մէջ Խմբագրել

 

Տերեւը եւ ծաղիկները հնագոյն ժամանակներերէն կիրարկուած են աղեստամոքսային համակարգի հիւանդութիւններուն, թութքի, փորհարութեան, մաշկի սուր բորբոքումներուն բուժման համար։ Թէյի կանոնաւոր օգտագործումը կը պարգեւէ հանգիստ քուն եւ բարի երազներ։ Տաք թէյը կը հանգստացնէ նեյարդային համակարգը, կը մաքրէ Լեարդը եւ երիկամները։ Այն անփոխարինելի է գերզգայուն անձերու համար՝ զայն կարելի է խմցնել նոյնիսկ 1,5 - 2 տարեկան երեխաներուն։

Պատկերասրահներու մէջ՝ ծաղիկին տարբեր գոյները կ'օգտագործուին որպէս զարդարիչ բոյսեր։

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Гибискус, китайская роза
  2. «Malaysia. Official Symbols. Bunga Raya»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-02-28-ին։ արտագրուած է՝ 2016-09-03 

Գրականութիւն Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել