Պարգեւ Թասլաքեան

Խմբավար Պարգեւ Թասլաքեան ծնած է Այնճար 26 Յունիս 1964-ին: Արաբական աշխարհի մէջ հանրածանօթ մայեսթրո խմբավար: «Ֆայհա» երգչախումբի ղեկավար: Պարգեւ Թասլաքեան մաս կազմած է Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնած ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ յայտագրի դատական կազմին:

Պարգեւ Թասլաքեան
Ծնած է 26 Յունիս 1964-ին
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն երաժշտագէտ
Աշխատավայր Խմբավար
Կայքէջ fayhachoir.org

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Պարգեւ Թասլաքեան յաճախած է Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարան:

Պարգեւ Թասլաքեան 1980-էն ի վեր ինքնաշխատութեամբ սորված է երաժշտական ձայնանիշները ու հմտացած է այս բնագաւառի բոլոր մարզերուն մէջ։

1986-ին «Արծիւեան» երգչախումբի խմբավար կը դառնայ եւ այսպիսով կը սկսի անոր առաքելութիւնը երաժշտական աշխարհէն ներս:

1992-1998 ան Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցին մէջ Յարութիւն Թոփիկեանի եւ Երուանդ Երկանեանի օժանդակւոթեամբ կը հմտանայ խմբավարի յատկութիւններով:

1997-էն Երեւանի մէջ կը հետեւի զանազան դասընթացքներու:

Պարգեւ Թասլաքեան խմբավար էր բազմաթիւ երգչախումբերու. Արծիւեան (Այնճար), Կոմիտաս (Այնճար), Ս. Փրկիչ Երգչախումբ (Պէյրութ), Գուսան (Պէյրութ), Կոմիտաս (երեւան), ՀՄԸՄ Փաղերախումբ (Այնճար), Գանատական-Լիբանանեան Փողերախումբ (Ռաշայա), Պալամանտ Համալսարանի երգչախումբ (Պէյրութ),.....

Այժմ ան Խմբավարն է Թրիփոլիի Ֆայհա եւ UNESCO-Ի երգչախումբերուն:

«Ֆայհա» երգչախումբը

Խմբագրել

2003 թուականին սկիզբ առած է Թրիփոլի քաղաքին մէջ փոքրաթիւ խումբով մը, մայեսթրո Պարգեւ Թասլաքեանի խմբավարութեամբ: Իսկ 2007-ին Ռուլա Ապու Պաքրի տնօրէն կը նշանակուի «Ֆայհա»ի կազմակերպչական գործերուն համար: Այսօր «Ֆայհա» երգչախումբի անդամներուն թիւը կը հասնի հարիւրի, որոնք եկած են Թրիփոլիէն ու Լիբանանի զանազան շրջաններէն: Նոյն ատեն, «Ֆայհա»ի պատասխանատուները աշխատանք կը տանին Լիբանանի զանազան գաղթակայաններու մէջ մարդոց սիրցնելու երգը եւ ներշնչելու անով ապրելու հաճոյքը:

2007 թուականին Վարշաւիայի (Լեհաստան) մէջ տեղի ունեցող աքաբելլա երգի մրցումին, Լիբանանի «Ֆայհա» երգչախումբը կը շահի «Լաւագոյն Երգչախումբ»ի եւ «Լաւագոյն Խմբավար»ի մրցանակները: «Ֆայհա»ի պատասխանատուները նաեւ մեծ ճիգ կը թափեն խմբավարներ պատրաստելու:

Յունուար 2019-ին լոյս տեսաւ Մարսէլ Խալիֆէի երաժշտութեամբ եւ Էտի Թորիկեանի դաշնաւորումով ձայներիզ մը, տասնըմէկ երգերէ բաղկացած, «Ֆայհա» երգչախումբի եւ երգչուհի Ումէյմա էլ Խալիլի կողմէ երգուած, ղեկավարութեամբ Պարգեւ Թասլաքեանի:

Արձանագրութիւնը եղած է հանդիսութեան ժամանակ:Մայեսթրոյի խօսքին աւարտին, ձայներիզի վրայ ներկաները ունկնդրեցին քառաձայն երգեր, կատարողութեամբ «Ֆայհա» երգչախումբին: «Ֆայհա»ի անդամներէն Թարեք Ապտըլ Ֆաթ - թահ՝ արաբերէն երգով, եւ Ռուլա Ապու Պաքր՝ հայերէն երգով՝ «Սարերի Հովին Մեռնեմ», ճոխացուցին մշակութային երեկոն: Ներկաները «Հիւղը» բնակարանէն մեկնեցան այն յոյսով, որ «Ֆայհա» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Պարգեւ Թասլաք - եանի, օր մը ելոյթ կ՛ունենայ վերջինիս ծննդավայր Մուսա Լեռ Այնճարի մէջ:

  Պարգեւ Թասլաքեան կը պատմէ, որ 2011-2014 թուականներուն, երբ Թրիփոլիի մէջ «Ճապալ Մոհսէն» եւ «Պապ էլ Թապպանէ»ի թաղերուն միջեւ կռիւ տեղի կ՛ունենար, անոնց զաւակները միասնաբար կ՛երգէին «Ֆայհա» երգչախումբին մէջ, երգը կը յաղթեր զէնքին: «Ֆայհա» երգչախումբին դերը ոչ միայն տարբեր համայնքներէ եկող անդամներուն երգը սիրցնել եղած է, այլ նաեւ՝ բոլորովին իրարու անծանօթ անդամներ քով-քովի բերելով անոնց միջեւ մտերմութիւն հաստատել:
- Մայեսթրո Պարգեւ Թասլաքեան
 


«Գուսան» երգչախումբը

Խմբագրել

Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի գեղարուեստական պատասխանատուն ու խմբավարն է Պարգեւ Թասլաքեան, իսկ երգչախումբին մաս կը կազմեն 40 անդամներ:

Քառաձայն «Աքաբելլա» երգը արաբական երաժշտութեան մէջ

Խմբագրել

Վերջին 20 տարիներուն արաբական երաժշտութեան մէջ մուտք գործեց քառաձայն «Աքաբելլա» երգը ու այս նորարարութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցան հայազգի երկու երաժշտագէտներ` Պարգեւ Թասլաքեան եւ Էտի Թորիկեան: Առաջինը` արաբական երգի տարածման, իսկ երկրորդը` անոր դաշնաւորումին:

Նորարարութեան կերտիչներէն՝ Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբի ղեկավար Պարգեւ Թասլաքեան, իր օգնականուհին՝ Ռուլա Ապու Պաքրին, երգչախումբի անդամներէն երեք երիտասարդներ, ներկայացուցած են արաբական «Աքաբելլա» երգին հիմնադրութեան պատմութիւնն եւ անոր նուաճումները:

  Արաբական երաժշտութիւնը սկիզբէն հիմնուած է մելոտիի վրայ, հիմք ունենալով բանաստեղծութիւնը, մինչդեռ քառաձայն երգերը կը գործեն հարմոնիի սկզբունքին վրայ։ Ան նշեց դժուարութիւններն ու լուծումները արաբական երաժշտութիւնը մելոտիական դրութենէն վերածելու քառաձայն երգի: Հոս է որ մեծ դեր խաղցած է Էտի Թորիկեան՝ իր ունեցած երաժշտական հմտութեան շնորհիւ:
- Մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեան
 


Մրցանակներ

Խմբագրել

Մայեսթրո Պարգեւ Թասլաքեան ստացած է նաեւ բազմաթիւ մրցանակներ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսէն, Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարութենէն, Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութենէն, Թրիփոլիի Ֆայհա Քաղաքապետութենէն, UNESCO-էն ....

Մրցոյթներ

Խմբագրել

Պարգեւ Թասլաքեան մասնակցած է նաեւ զանազան միջազգային մրցումներու Հայաստանի, Ղարաբաղի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Եգիպտոսի, Գանատայի, Ֆրանսայի, Չինաստանի, Քուէյթի, Կիպրոսի..... մէջ։

Երբ «Ֆայհա» երգչախումբը կը շրջի արաբական աշխարհ կամ Եւրոպա, անդամները հայրենասիրական հպարտութիւնը կ՛ունենան, որ փոքրիկ Լիբանանէն եկող երգչախումբ մը մրցանակներու կ՛արժանանայ աքաբելլա երգի մրցումներուն:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել