Պարոյր Մասիկեան


Պարոյր Զաքարիայի Մասիկեան (4 Հոկտեմբեր 1914(1914-10-04), Ատանա, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 5 Սեպտեմբեր 1989(1989-09-05), Գահիրէ, Եգիպտոս), հայ արձակագիր, թատերագիր, երաժիշտ։

Պարոյր Մասիկեան
Ծնած է 4 Հոկտեմբեր 1914(1914-10-04)
Ծննդավայր Ատանա, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 5 Սեպտեմբեր 1989(1989-09-05) (74 տարեկանին)
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Ուսումնավայր Պէրպէրեան Վարժարան
Փարիզի Համալսարան
Պրիւքսէլի ազատ համալսարան
Մասնագիտութիւն արձակագիր, թատերագիր, երաժիշտ
Աշխատավայր Յուսաբեր
Ջահակիր
Սփիւռք

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Պարոյր Մասիկեանը սորված է կ. Պոլսի Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, այնուհետեւ՝ Փարիզի եւ Պրիւքսէլի համալսարաններուն մէջ։ 1936 թուականին հաստատուելով Գահիրէի մէջ՝ աշխատած է որպէս փաստաբան։ Աշխատակցած Է եգիպտահայ մամուլին («Յուսաբեր», «Արեւ», «Ջահակիր»), ինչպէս նաեւ Պէյրութի «Սփիւռք» պարբերականին:

Հրատարակած է պատմուածքներու ու կատակերգութիւններու («մեր կեանքը», 1946, «կոտրած խաչերէ, 1959, «տեղատարափ», |1962) ժողովածուները:

«խաչը», «թոռնիկս», «միլիոնը», «աղջիկտես» կատակերգութիւնները ներկայացուած են սփիւռքի բեմերուն վրայ։

Մասիկեանը գրած է նաեւ «էրզրումի կլոր պարը» կարճ թատրերգութիւնը, որ բեմադրուած է Գահիրէի մէջ, Նիւ Եորքի եւ այլ շրջաններու մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. ով ով է. Հայեր. Կենսագրական հանրագիտարան, հատոր երկրորդ, Երեւան, 2007 

(«Մեր կեանքը», 1946, «Կոտրած խաչեր», 1959, «Տեղատարափ», 1962)